Պաշտօնական հաղորդագրութեամբ մը Լիբանանի պասքեթպոլի ֆետերասիոնը յայտարարեց, որ յառաջիկայ յունուար 2015-ին կը սկսին Լիբանանի պասքեթպոլի 2001-2002-ի ծնունդ տարիքային ախոյեանութեան մրցումները` երկսեռ դասակարգերուն յատուկ:
Ֆետերասիոնը մասնակցող բոլոր ակումբներէն պահանջեց, որ առաւելագոյնը մինչեւ 2 յունուար 2015 մասնակցող բոլոր մարզիկներուն ցանկը փոխանցեն ֆետերասիոնի մամլոյ քարտուղարութեան:


