Սպանիոյ ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի 1-32-րդ հանգրուանի դարձի մրցումներուն ծիրին մէջ, թէեւ Աթլեթիքօ Մատրիտ 2-2 արդիւնքով հաւասարութիւն մը արձանագրեց իր հիւրին` Լոսփիթալիթի հետ (Գ. դասակարգ), սակայն ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը` նկատի ունենալով, որ երթին արձանագրած էր 3-0 արդիւնքով յաղթանակ մը:
Աթլեթիքոյի յաջորդ մրցակիցը պիտի ըլլայ տիտղոսակիր Ռէալ Մատրիտ:
Իր կարգին, Պարսելոնա ապահովեց 1-16-րդ հանգրուանի իր տոմսը` Հուեսքայի դէմ երթուդարձի իր մրցումին 12-1 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով:
Մրցաշարքէն դուրս մնացողներուն կարգին եղան Տեփորթիւօ Քորունա, Ռէալ Վայատոլիտ եւ ուրիշներ:


