Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաքսի Բարսեղեանի Յիշատակին

December 20, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՆԻ ԹՈՐԻԿԵԱՆ – ՊԱՊԻԿԵԱՆ

1220_Araxie-ParseghianԱրաքսի Բարսեղեան իր օրինակելի միութենական կեանքով օրինակ դարձաւ շա՜տ շատերու, մանաւանդ` անոնց, որոնք առիթը ունեցան իրեն հետ գործակցելու: Ան կանուխ հասակէն արդէն Օգնութեան խաչի հաւատաւոր անդամ էր եւ գործունէութիւն վարած էր Սուրիոյ մէջ` որպէս վարչական եւ խմբապետ, գործունէութեան ձեւ մը, որ որդեգրած էր Սուրիահայ օգնութեան խաչը, որուն կը հաւատար Արաքսին: Լիբանան հաստատուելէն անմիջապէս ետք ան անդամակցեցաւ Լիբանանահայ օգնութեան խաչին, Լիբանանի Հատեթի շրջանի մէջ Լօլա Սասունիի հետ հիմը դրին ԼՕԽ-ի մասնաճիւղին եւ մանկապարտէզին, որպէսզի հայ երեխաները արաբական մանկապարտէզ չյաճախեն: Ապա ան վարեց յանձնախմբային եւ մասնաճիւղի վարչական գործունէութիւն եւ անդամ դարձաւ Շրջանային վարչութեան: Ան իր կազմակերպչական հմտութեամբ, կազմակերպութեան հանդէպ ունեցած մեծ հաւատքով, իր աշխատասիրութեամբ եւ գործնականութեամբ, իր վարկն ու ոճը պարտադրեց իր ընկերուհիներուն եւ ԼՕԽ-ի անդամներուն ընդհանրապէս: Կարգ մը մասնաճիւղերու մէջ իր ներկայացուցչական հանգամանքով կարգ ու կանոն, առողջ մտածելակերպ մտցուց եւ դարձաւ բոլորին կողմէ սիրուած ընկերուհին: Լիբանանեան դէպքերուն ընթացքին մեծապէս մտահոգ էր ԼՕԽ-ի շարքերէն հետզհետէ պակսող ուժերուն եւ ժողովներէն բացակայութեան երեւոյթին, փորձեց կազմակերպել գործունէութեան խմբապետական ոճը` չխնայելով իր առողջութիւնն ու ժամանակը:

Իր հմտութիւնը չէր կայանար միայն կազմակերպչական մարզին մէջ, ան ծանօթ էր հայկական ասեղնագործութեան եւ իր հմտութիւնը կը ցոլար մանաւանդ հայկական Այնթապի ասեղնագործութեան մէջ: Իր բանած ձեռագործները արուեստի գլուխ գործոցներ էին, եւ ան սիրով կը փափաքէր այդ հմտութիւնը փոխանցել նոր սերունդին: Այդ իմաստով մեծ եղաւ իր ներդրումը ԼՕԽ-ի աշխատանոցի եւ ձեռարուեստի կեդրոններուն մէջ, ուր կազմակերպուած դասընթացքներուն Այնթապի ասեղին մասնագէտ ուսուցչուհին եղաւ: Իր ընկերուհիները, իր կազմակերպութիւնը սիրող ու պաշտող անդամն էր ընկերուհի Արաքսին: Իր գեղեցիկ ասեղնագործութիւնները զարդարեցին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնին պատերը, յաճախ իր գեղեցիկ գործերը կը նուիրէր ԼՕԽ այցելող օտարական հիւրերուն` տալով բանուած ասեղին մանրամասնութիւններն ու ծնունդ առած վայրին պատմութիւնը:

Ան իր ընտանիքը վարեց որպէս հայ մայր, զաւակները դաստիարակեց ազգային շունչով, ապրեցաւ ու ապրեցուց հայկականութեամբ եւ հայոց լեզուի հանդէպ ունեցած հետաքրքրութիւնը բաւարարելու համար հասուն տարիքին մասնակցեցաւ Լիբանանի Համազգայինի Հայագիտական հիմնարկին դասընթացքներուն: Կեանքի հանդէպ իր քաջ կեցուածքով դէմ դրաւ բոլոր դժուարութիւններուն եւ մինչեւ վերջին շունչը խորհրդատու դարձաւ ու մխիթարեց իր շուրջինները:

1998 դեկտեմբերին հաստատուելով Լաւալ, անմիջապէս իր անդամակցութիւնը փոխանցեց ՀՕՄ-ի «Շուշի» մասնաճիւղին: Ան իր մասնակցութիւնը բերաւ ՀՕՄ-ի կազմակերպած ասեղնագործի ցուցահանդէսին եւ այդ առիթով նուէր մը յանձնեց նաեւ ընդհանուր կառավարիչին, որուն առիթով ան ստացաւ յուշանուէր: Վերջերս անոր դուստրը` Թալինը կը յիշէր, թէ ինչպէ՛ս առիթով մը, երբ լսեր էր, որ Ղարաբաղի փոքրիկները կօշիկի պէտք ունին, իր դողդոջուն ձեռքերով հիւսած թանկագին ձեռագործը դրած էր աճուրդի եւ գումարը տրամադրած` այդ փոքրիկներուն:

Այսպիսի անձնազոհ ու անձնուէր մէկն էր ան:

Արաքս Բարսեղեան մեզմէ առյաւէտ կը բաժնուի, մեծ տրտմութեան մատնելով բոլորս եւ պարապութիւն մը ստեղծելով իր հարազատներու կեանքերուն մէջ, սակայն վստահ ենք, որ Աստուած իրեն պիտի տայ յաւիտենական հանգիստ ու զինք լուսաւորէ ընդ միշտ:

Թող Ամենակալ Տէրը բոլոր հարազատներուն վիշտն ու ցաւը մեղմացնէ:

Ան հայ մօր եւ կնոջ տիպար կերպար էր:

 

 

Նախորդը

Լուսադէմի. Հայոց Ընտիր Տղաները Կրկնակի Սրբացած Յանձնուեցան Հայրենի Հողին (Հայ Օդաչուներու Յիշատակին)

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.