Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Զուարթնոց» Կեդրոն. Ուտեստեղէնի Եւ Ձեռային Աշխատանքներու Տօնավաճառ

December 19, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1718_zvartՀովանաւորութեամբ Մկրտիչ Յ. Պուլտուքեանի եւ կազմակերպութեամբ հայ համայնքի ընկերային ծառայողներու միութեան եւ մտքով թերաճ հայ մանուկներու «Զուարթնոց» կեդրոնին, երէկ` հինգշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին, տեղի ունեցաւ աւանդական դարձած ուտեստեղէնի եւ ձեռային աշխատանքներու տօնավաճառը ` «Զուարթնոց» կեդրոնին մէջ, Պուրճ Համուտ:

Տօնավաճառին բացումը կատարուեցաւ Լիբանանի եւ Հայաստանի քայլերգներով:  Հաստատութեան տնօրէն Արաքսի Տապաղեան փոխանցեց իր սրտի խօսքը: Ան բարի գալուստ մաղթելով ներկաներուն, իր երախտագիտութիւնը  յայտնեց սաներու ծնողներուն եւ անոնց վստահութեան` ըսելով. «Ձեր զաւակները օրհնութիւն են ձեր տուներուն»: Ապա ան խօսքը ուղղեց հոգեւոր հայրերուն. «Դուք այս հրեշտակներուն հայրերն էք:  Դուք կը պատուէք զանոնք ձեր ներկայութեամբ եւ քաջալերանքով»: Ան նշեց, որ այս տօնավաճառը կը տարբերի այլ տօնավաճառներէ, նպատակ ունենալով` տալ, ուրախացնել, ուրախանալ եւ օրհնուիլ, իսկ այնտեղ զետեղուած ձեռային աշխատանքները «Զուարթնոց» կեդրոնի աշակերտներուն գործերն էին, զորս արտադրած են անցնող ամրան ընթացքին:

Ան իր խօսքին աւարտին յատուկ շնորհակալութիւն յայտնեց Մկրտիչ Պուլտուքեանին, որ Լիբանանի Կեդրոնական դրամատան նախկին փոխկառավարիչը եղած է. ան սիրայօժար ստանձնած էր ձեռնարկին հովանաւորութիւնը:

Հետեւաբար գեղարուեստական յայտագիր մը ներկայացուեցաւ` կեդրոնի սաներուն կողմէ պատրաստուած: Աշակերտները իրենց խմբային երգերով ու պարերով կրցան Ս. Ծնունդի ոգին բաշխել ներկայ հանդիսատեսին:

Լիբանանի Հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, առաջին անգամ գտնուելով կեդրոնին մէջ, արտասանեց իր սրտի խօսքը` բարձր գնահատելով «Զուարթնոց» կեդրոնի ծառայողները, որոնք ոչ մէկ ճիգ խնայած են յաջողցնելու համար այս աշխատանքը: Ան նաեւ ընդգծեց ըսելով, որ «այս տօնավաճառ չէ, այլ տօնախմբութիւն»: Ապա պահպանիչով փակեց իր խօսքը:

Նշենք, որ տօնավաճառը շարունակուեցաւ մինչեւ կէսօրէ ետք ժամը 5:00:

Նախորդը

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Գործունէութիւնը Առողջապահական Մարզին Մէջ» Նիւթով

Յաջորդը

Պուրճ Համուտի Քաղաքապետութեան Հրաւէրով. 3500 Աշակերտներ Վայելեցին «Ֆանթասթիք Ուըրլտ»-ի Ներկայացումները

RelatedPosts

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Ընդունեց Քուէյթի Թեմի Ազգային Վարչութիւնը

November 23, 2026
Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»
Գաղութային

Զրոյց-Բանախօսութիւն. «Միսաք Մանուշեան. Դիմադրողի Մը Ուղին՝ Որբանոցէն Մինչեւ Պանթէոն»

November 21, 2026
Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի  Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի
Գաղութային

Արամ Ա. Կաթողիկոս Այցելեց Լիբանանի Հանրապետութեան Նախագահ Զօր. Ժոզեֆ Աունի

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.