
Արժանթինի ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ հրապարակուած պաշտօնական հաղորդագրութեան մը մէջ նշուեցաւ, որ երկրի ֆութպոլի ազգային խումբի մարզիչ Սերճիօ Պաթիսթա (48 տարեկան) ներկայացուց իր հրաժարականը:
Ասիկա հետեւանք է «Քոփա Ամերիքա» ֆութպոլի մրցաշարքին անոր ձախողութեան` նկատի ունենալով, որ հիւրընկալ երկիրը` Արժանթին, կը յուսար բարձրացնել բաժակը` 18 տարուան սպասումէ մը ետք:
Ֆետերասիոնին պատասխանատուներէն Էրնեսթօ Շերքուիս Պիալօ ըսաւ, որ այս պատճառով յառաջիկայ 10 օգոստոսին Պուքրէշի մէջ տեղի ունենալիք Ռումանիա – Արժանթին ֆութպոլի բարեկամական մրցումը ջնջուած է:


