Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Սրբազան Համերգ` Ս. Յակոբ Մծբնացի Հայրապետին Տօնին Առիթով

December 8, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1207_hagopԼիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի հովանաւորութեամբ եւ Էշրեֆիէի Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդին կազմակերպութեամբ, Ս. Յակոբ Մծբնացի հայրապետին տօնին առիթով «Աւետաբեր» միջդպրաց դասերու երգչախումբը ներկայացուց սրբազան համերգ մը` խմբավարութեամբ Երուանդ Քէշիշեանի, շաբաթ, 6 դեկտեմբեր 2014-ի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ «Տիրան Պապիկեան» սրահին մէջ:

Տէրունական աղօթքի քառաձայն երգեցողութեամբ սկսաւ համերգը: Բարի գալուստի խօսքով հանդէս եկաւ Լիզա Կառվանեան: Ան նշեց, որ մշակութային ձեռնարկները միջոցներ են մեր հոգիին մէջ անթեղուած կրակը բոցավառելու եւ մեր երթը շարունակելու հաւատքով ու հայ ազգի արժանիքներով: Ան անդրադարձաւ, թէ ինչպէ՛ս յետեղեռնեան սերունդը յաղթահարելով ամէն դժուարութիւն կառուցեց Ս. Յակոբ եկեղեցին, որ միջնաբերդը եղաւ սերունդներ թրծելու սուրբ հաւատքով եւ հայրենասիրական ոգիով:

Սրբազան համերգը ընդգրկեց հոգեւոր երգեր, շարականներ, ինչպէս նաեւ ժողովրդային- հայրենասիրական երգերու ընտրանի մը:

Յաջորդաբար երգուեցան «Ուրախ լեր»,  «Հրաշափառ Աստուած», «Քրիստոս պատարագեալ», «Հայրապետական մաղթերգ», «Սուրբ-սուրբ» եւ «Տէր, կեցո՛ դու զհայս» շարականները:

Յաջորդաբար Մարալ Ադամեան եւ Երուանդ Քէշիշեան մեներգեցին «Սրբասացութիւն հայրապետաց» եւ «Յաղթող եւ սուրբ հայրապետ» շարականները:

Երգեցողութեան ընթացքին յաջորդաբար ելոյթ ունեցան Վիգէն սրկ. Քիւրքլեան` ներկայացնելով  Ս. Յակոբ հայրապետին կեանքը, Գաբրիէլ սրկ. Եղիայեան` ներկայացնելով Ս. Յակոբ հայրապետին արժէքը մերօրեայ կեանքին մէջ, եւ ապա` Մեսրոպ  քհնյ. Քէրքէզեան` ներկայացնելով «Ս. Յակոբ հայրապետը` հայացած սուրբ» նիւթը:

Զապէլ Աւագեանի մենակատարութեամբ հնչեց «Օրօր»-ը, իսկ Արա Կարէեանի մենակատարութեամբ «Բամբ որոտան» երգը: Գեղեցիկ էր կոմիտասեան ժողովրդական երգերու կատարումը: Երգչախումբը ներկայացուց նաեւ «Ով հայոց աշխարհ», «Զարթիր լաօ» եւ «Երեւան Էրեբունի» հայրենասիրական երգերը:

Աւարտին` օրհնութեան խօսք ուղղեց  Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ ջերմօրէն գնահատեց երիտասարդ խմբավարը, երգչախումբին անդամները, իրենց գեղեցիկ ու հոգեպարար երգեցողութեան համար: Ան ըսաւ, որ Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ անուանակոչութեան տարեդարձին առիթով պարտաւոր ենք մեր սրբութիւնը գտնելու եկեղեցւոյ մէջ, մեր ժողովուրդը պէտք է ամրանայ հաւատքով եւ սրբութեամբ: Հոգեւոր արժէքներուն նկատմամբ պէտք չէ անտարբեր մնանք, այլ պէտք է վերապրինք կեանքը մեր քրիստոնեայ նախահայրերուն, որոնք կառուցած են այն, ինչ որ մենք ժառանգ ստացած ենք ներկայիս: Իր խօսքի աւարտին ան բարձրօրէն գնահատեց Մեսրոպ քհնյ. Քէրքէզեանը հայ եկեղեցւոյ նկատմամբ իր հաւատարմութեան ու ծառայութեան համար` մաղթելով, որ ան շարունակէ իր առաքելութիւնը Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ ծաղկեցման ու պայծառացման մէջ: Համերգին փակումը կատարուեցաւ «Կիլիկիա» երգով:

 

Նախորդը

Հոգեհանգստեան Պաշտօն` «Հաուըրտ Գարակէօզեան» Հաստատութեան Հիմնադիրներուն Յիշատակին

Յաջորդը

«Կամաւորներու Օր» Կազմակերպութեամբ ԼՕԽ-ի Շրջանային Վարչութեան Քարոզչական Յանձնախունբին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.