Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մահացաւ Հայոց Ցեղասպանութենէն Վերապրած Ամէնէն Տարեց Ամերիկահայը

December 3, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1203Helen-PaloyanՄորին Օ՛տանըլ «Շիքակօ Սան Թայմզ» օրաթերթին մէջ կը գրէ, որ 108-ամեայ Հելեն Փալոյեան, որ «Թայթենիք»-ի ընկղմելէն 6 տարի առաջ ծնած էր, աշխարհի վրայ 20-րդ դարու առաջին ցեղասպանութեան սակաւաթիւ ականատեսներէն էր:

Իր 100-րդ տարեդարձին առթիւ «Շիքակօ Սան-Թայմզ»-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին Հ. Փալոյեան յիշեց, թէ ինչպէ՛ս երբ թուրք զինուորներ հայկական Խարբերդ նահանգի մէջ իր գիւղի բոլոր բնակիչներուն ստիպեցին տեղահանուիլ: Ան ըսաւ, որ փողոցներու մէջ կերակուր մուրացած է, բոյսերու արմատներ փնտռած եւ «հաւերու նման» խոտ կերած է: Երբեմն ազնիւ թուրքերէ հացի կտորներ կը ստանար:

«Ուրախ եղիր,- կը սիրէր ըսել,- յուսա՛, աղօթէ՛ եւ սիրէ՛»: Ան մահացաւ 24 հոկտեմբերին, Կլենվիուի մէկ բժշկական կեդրոնին մէջ: Անոր ընտանիքին կատարած պրպտումներուն համաձայն, ան ծնած է 1906-ին, ինչ որ կը նշանակէ, թէ 108 տարեկան էր: «Շիքակօ Սան-Թայմզ»-ի կատարած պրպտումներուն համաձայն, փաստաթուղթերու մէջ անոր ծննդեան թուականները 1898-ի եւ 1910-ի միջեւ կը տարուբերին:

Ան իր երկարակեցութիւնը կը վերագրէր ուրախ բաներու մասին մտածելուն եւ աղօթքին, ինչպէս նաեւ` չծխելուն կամ ոգելից ըմպելի չխմելուն: Մէկ տարի առաջ ան տակաւին կ՛երթար հայկական Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցին, ուր եթէ հայր Արէն Ճեպեճեանի քարոզը չհասկնար, անոր կ՛ըսէր. «Չհասկցայ` ինչ ըսել կ՛ուզես»:

Մինչեւ 104 տարեկան ըլլալը` Հ. Փալոյեան իրեն հոգ տանողին կերակուրը ինք կ՛եփէր:

1920-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներ մուտք գործելու առիթները բարելաւելու նպատակով մեկնած է Քուպա, ուր Զատիկ Փալոյեանին հետ կեղծ ամուսնութիւն գոյացուցած է: Ապա սիրահարած են: Ամուսնութիւնը տեւած է 55 տարի` մինչեւ Զատիկին մահը:

Հ. Փալոյեան, չէ ճանչցած իր ծնողները, որոնք մահացած են, երբ տակաւին ինք փոքր էր: Ըստ ընտանիքի պատմաբան Չարլզ Հարտիի, ան մնացած է ազգականներու հոգատարութեան տակ` մինչեւ իր գիւղի տեղահանութիւնը: Իր եղբայրներէն երկուքը թրքական բանակին զինուորագրուած են, իսկ երրորդ մը Ամերիկա փախուստ տուած է: Ատկէ ետք անոնցմէ որեւէ լուր չէ ստացած: Կը յիշէ, որ թուրք զինուորները զինք եւ այլ մանուկներ տարած են եկեղեցի, ուր լեցուած էին հայերը: Կիները կը վախնային, որ զինուորները եկեղեցին պիտի հրկիզեն, ուստի ան կ՛որոշէ փախուստ տալ եւ պատուհանէն նետուած է` առանց կօշիկի, առանց գուլպայի:

Չարլզ Հարտի կը պատմէ, թէ Հ. Փալոյեանի զարմիկներէն Ճէյքըպ Հարտի, որ Թենեսիի մէջ կ՛ապրէր, երազին մէջ տեսած է Հելենին մայրը` Մարիամը, որ իրեն կ՛այցելէր իրենց պապենական պարտէզին մէջ: Մարիամ իրեն ցոյց տուած է պարտէզին մէջ վերջին վարդը եւ խնդրած է զայն առնելով` հետը տանիլ: Յաջորդ օր Ճէյքըպ Հարտի Հելենին անունը տեսած է հայկական թերթի մը մէջ լոյս տեսած որբերու անուններու ցանկի մը մէջ: Չարլզ Հարտի կ՛ըսէ. «Վարդը Հելենն էր»: Ճէյքըպ Հարտի զինք Յունաստանի Կորինթոս քաղաքին մէջ գտնուող որբանոցէ մը կ՛առնէ եւ կ՛օգնէ, որ Ամերիկա գաղթէ:

Ան ունէր դուստր մը եւ որդի մը, ինչպէս նաեւ` 5 թոռներ եւ չորս ծոռներ:

 

Նախորդը

Հայրենի Կեանք

Յաջորդը

Ազնաւուրի «Հարցազրոյցը». Թուրքական «Քոլաժը»` 2015-ին Ընդառաջ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.