Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թորոս Տէր Յակոբեան (Փշրուած Ու Լքուած, Սակայն Մեծատաղանդ Գեղանկարիչը)

December 1, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԶԱՒԷՆ ԽՏԸՇԵԱՆ

Զաւէն Խտըշեան Թորոս Տէր Յակոբեանի գործերուն հետ
Զաւէն Խտըշեան Թորոս Տէր Յակոբեանի գործերուն հետ

Սովորականին պէս այսօր ալ առաւօտուն սուրճս կը խմեմ  կրակարանին դիմաց: Շմինէին վրայ, քիչ մը վեր ջրանկար մը կայ: Կը դիտեմ, երկար կը դիտեմ այդ նկարը. անոր հեղինակը Թորոսն է, որուն մահուան գոյժը շաբաթներ առաջ ստացայ, պատահաբար… երբ Սըրսոք թանգարանի կազմակերպած ամէնամեայ ցուցահանդէսը կ՛այցելէի: Նշմարեցի, որ անկիւն մը յատկացուած է Թորոս Տէր Յակոբեանի ստեղծագործութիւններուն` իբրեւ մեծարանք անոր ստեղծագործական վաստակին: Յուզումով ու հիացումով կը դիտեմ գերզգայուն ու արտակեդրոն խառնուածքի տէր արուեստագէտին այս գլուխ-գործոցը, ուր բնութեան նրբերանգներու ներդաշնակութիւնն ու միաձուլումը կ՛ապշեցնեն զիս իրենց բիւրեղութեամբ ու նրբագեղութեամբ: Պատկերուածը կարծէք երազային տեսարան մը ըլլար: Ու կը մտածեմ, թէ այդ ինչպէ՞ս կ՛ըլլայ, որ քսանմէկերորդ դարուն հոս` Լիբանանի մէջ արժանաւոր արուեստագէտ մը կը մահանայ ծայրայեղ դժբախտութեան մէջ, ու անոր դիակը Մար Մխայէլի անշուք գերեզմանատան մէջ հասարակաց փոսը կը նետուի…

Թորոս Տէր Յակոբեան համալիբանանեան, աւելի ճիշդը` համաարեւելեան արժէք է: Տարիներ առաջ, երբ իր աշխատատեղիին դիմաց (Էշրեֆիէ) ռումբ մը պայթեցաւ, ու Թորոս ծանրօրէն վիրաւորուած` փոխադրուեցաւ հիւանդանոց, լիբանանեան լրատուամիջոցները լայնօրէն անդրադարձան անոր ստեղծագործական վաստակին, նոյնիսկ ոմանք թիւրիմացաբար գուժեցին լիբանանեան մեծ գեղանկարիչի մը մահը: Լիբանանը կը մեծարէ զինք, իսկ մեր մօտ լռութիւն է իր մասին, ոչ ոք լուր ունի, նոյնիսկ մենք` իր մտերիմ ընկերները:

Ժամանակին, երբ Փարիզ կ՛ուսանէի, յաճախ ընկերներով կը հաւաքուէինք «Պոնափարթ» սրճարանը ու կը զրուցէինք արուեստի հարցերու մասին: Ծանր հարցեր կը քննարկէինք ու կը վիճէինք. Յարութիւն Թորոսեանը առիթը չէր փախցներ խօսելու Թորոսի մասին` իբրեւ հետաքրքրական եւ զարտուղի խառնուածքի տէր արուեստագէտի կերպար: Պէյրութ չվերադարձած` արդէն իսկ մեծ հետաքրքրութիւն յառաջացած էր մէջս Թորոսին հանդիպելու եւ անոր ծանօթանալու:

1958-ին էր: Յանկարծ օր մը Համրայի բնակարան-արուեստանոցիս դուռը զարնուեցաւ. Փոլ Կիրակոսեանն էր, անոր կ՛ընկերակցէր անծանօթ, նիհարակազմ եւ քիչ մը բարձրահասակ անձ մը: Զայն ցոյց տալով` Փոլ ըսաւ.

– Վարպետ գեղանկարիչ մըն է,- եւ աւելցուց,- «տոքթոր» ալ է:

Փոլի «տոքթոր» արտայայտութեան մէջ հեգնանք մը կար, սակայն երբ ծանօթացայ Թորոսին, պարզուեցաւ, որ անոր հայրը դեղագործ էր, եւ ինք իսկապէս բժիշկի մը չափ բան գիտէր, եւ Փոլի հեգնանքը տեղին չէր:

Քովս գալէն առաջ Փոլը Թորոսին ըսած էր. «Քեզ պիտի տանիմ արձանագործի մը քով, որուն սառնարանը միշտ լեցուն է, ուզածիդ չափ կ՛ուտես, կ՛ուտես, ու Զաւէնը բան մը չ՛ըսեր»:

Հազիւ ներս մտած էին, Փոլ դասաւորում ըրաւ. «Զաւէ՛ն, այսօր միս պիտի ուտենք, այնպէս չէ՞». Թորոսը անմիջապէս աւելցուց. «Օղի ալ պիտի ըմպե՞նք»… Երբ խօսքը օղիին վերաբերէր, Թորոս խմելու փոխարէն` ԸՄՊԵԼ կ՛ըսէր, որովհետեւ օղի խմելը իրեն համար ծէս էր` արարողութիւն:

Հետագային, երբ մտերմացայ Թորոսին հետ, մեր բարեկամութիւնը անքակտելի դարձաւ, եւ աւելի ճանչցայ զինք, պարզուեցաւ, որ Թորոսին համար օղին ամէն բանէ առաջ կու գայ:

Ամրան շոգ օր մը առաջարկեց իր տունը երթալ, Պուրճ Համուտ, Արաքս փողոց: Դուռը բանալէն առաջ ըսաւ.

– Կը մտնես միայն այն ատեն, երբ «մտի՛ր» կ՛ըսեմ:

Ձեռքի փոքր պայուսակէն հանեց հսկայ բանալի մը, դժուարութեամբ մտցուց հնամաշ դրան ծակը ու դարձուց տարօրինակ զրնգացող աղմուկով մը: Մտաւ բակ, աջ ձեռքով նշան ընելով` հասկցուց, թէ չըլլայ որ մտնեմ: Կարծէք, թէ ոգիներով բնակուած տուն մը եւ կամ աւազականոց մը կը մտնէինք:  Ան մէկ կողմէ կը շարունակէր աջ ձեռքով նշան ընել, որ չմտնեմ եւ միւս կողմէ` աջ ու ձախ կը վազէր եւ առնէտները կը հալածէր խելագարի մը նման: Զանոնք կը քշէր դէպի ծակերը եւ անմիջապէս շիշերով կը գոցէր: Ի վերջոյ, երբ Թորոսին եւ առնէտներուն պայքարը աւարտեցաւ իր փայլուն յաղթանակով, ան նշան ըրաւ, որ ժամանակն է մտնելու` աւելցընելով.

– Եղբա՛յր, այս անպիտան առնէտները հոգիս կը հանեն, ամէն անգամ պէտք է, որ վտարեմ զիրենք եւ ծակերը մտցնեմ:

Երբ ինքզինքս առնէտներէն ապահով զգացի եւ համարձակեցայ յառաջանալ, յանկարծ Թորոսը նորէն ձեռքով նշան ըրաւ ու ըսաւ.

– Զաւէ՛ն, ուշադրութիւն ըրէ սանդուխներէն ելած ատենդ, կոխէ հո՛ն, ուր ես կը կոխեմ. յաճախ կը պատահի, որ սխալ տեղ կոխելուս պատճառով վար կ՛իյնամ. հիմա կը հասկնա՞ս, թէ ինչո՛ւ կը տառապիմ մէջքի ցաւէ:

Հին, շա՜տ հին փայտեայ աստիճան մըն էր, որ երբեք չէր նորոգուած, ժանգոտած գամեր դուրս ցցուած էին փտած փայտի կտորներէն… Ամենայն հնազանդութեամբ եւ զգուշութեամբ այս աստիճանէն «ապահով» բարձրացայ երկրորդ յարկը, միեւնոյն ատեն մտահոգուելով, թէ ինչպէ՛ս պիտի իջնէի… եւ պիտի կարողանայի առնէտնաբնակ բակէն դուրս գալ ողջ եւ առողջ: Մտանք Թորոսի երկու փոքր սենեակներէ բաղկացած բնակարանը, ուր տաք էր, սարսափելի տաք: Շնչահեղձ չըլլալու համար ըսի.

– Սա պատուհանդ բա՛ց, Թորո՛ս, պիտի խեղդուիմ հիմա:

– Այս պատուհանները չեն բացուիր, մեխած եմ զանոնք. պէտք է վարժուիս…,- պատասխանեց խստութեամբ:

– Ինչո՞ւ, ի՞նչ ըսել է` չեն բացուիր…

– Չեմ կրնար բանալ:

– Բայց ինչո՞ւ, Թորո՛ս:

– Այստեղի «զայիմները» կրնան ներս սողոսկիլ:

– «Զայիմնե՞րը», ինչո՞ւ Թորոս, ի՞նչդ առնելու համար:

– Դուն չես ճանչնար այստեղի «զայիմները»:

– Ի՞նչ է, կը վախնաս, որ գեղանկարներդ  գողնան:

– Բնա՛ւ երբեք, այստեղի «զայիմները» այնքան տգէտ են, որ ձրի տաս իրենց` չեն առներ:

– Հապա ինչէ՞ն կը վախնաս:

– Զաւէ՛ն, դուն բան չես հասկնար այստեղի «զայիմներէն». դուն Փարիզ` արուեստի քաղաքը ապրած մարդ ես, վազ անցիր «զայիմներէն»: Եկուր` գործերս ցոյց տամ քեզի եւ կարծիքդ տուր:

(Միջանկեալ ըսեմ, որ Թորոս կու գար բարեկեցիկ ընտանիքէ. հայրը եղած էր դեղագործ եւ` լաւ ընտանիք կազմած, սակայն Թորոս կ՛ապրէր թշուառ վիճակի մէջ` պարզապէս իր արուեստագէտի ինքնութիւնը պահելու եւ միայն ստեղծագործութեամբ զբաղելու համար):

Թորոս սկսաւ մէկ առ մէկ, ամենայն խնամքով եւ բծախնդրութեամբ ցոյց տալ իր գործերը: Կարծես ադամանդի կտորներ կը վերցնէր ու կը դնէր առջեւս: Իւղանկարներ էին յարաբերական գեղեցկութեամբ: Նկար մը վերցուց եւ առանց ներկայացնելու մէկ կողմ շպրտեց` ըսելով.

– Ասոր վրայ ուրիշ մը պիտի նկարեմ, ձախող գործ է. աւելցած ներկերով ու լայն վրձինով աշխատած եմ, փորձ մը ըրի եւ ձախողեցայ:

Հոս առաջին անգամ ըլլալով անդրադարձայ, որ հակառակ մեծատաղանդ արուեստագէտ մը ըլլալուն` Թորոս անհաւասարակշիռ մէկն էր: Անոր ցոյց տուած նկարներուն մէջ իսկապէս կար բացառիկ գործ մը, որ տպաւորեց զիս ու ըսի.

– Թորո՛ս, ի՞նչ կ՛ըսես, այս պաստառը ոչ միայն լաւագոյնն է, այլ բացառիկ եւ հրաշալի ստեղծագործութիւն մը:

– Քանի որ այդպէս սիրեցիր, ա՛ռ, քեզի թող ըլլայ:

Ես անմիջապէս վերցուցի, ան թէեւ նուէր բառը չգործածեց, սակայն կարծեցի, թէ նուիրեց ինծի: Օր մըն ալ քովս եկաւ, Համրա (անշուշտ քալելով, որովհետեւ յաճախ «սերվիս»-ի դրամ չէր ունենար): Ան սովորականին պէս սառնարանի բարիքներէն օգտուելէ ետք ըսաւ.

– Նայէ՛, Տիգրանին ըսի, որ Զաւէնը լաւ գործ մը գնեց ինձմէ լաւ գինով, շատ ուրախացաւ:

Թէեւ անակնկալի եկայ, սակայն հաճոյքով վճարեցի:

Ի դէպ, Տիգրանը Պէյրութի նշանաւոր մուշտակավաճառներէն ու մուշտակագործներէն մէկն էր. ան պարզ մուշտակները կրնար գեղեցկագոյն հագուստներու վերածել Լիբանանի ամենահարուստ կիներուն համար: Արուեստի հաւաքորդ էր եւ բարձր ճաշակի տէր: Ինծի պէս Տիգրանն ալ վարակուած էր «թորոսախտէ»: Միշտ կը փնտռէր անոր ներկայութիւնը, եւ յաճախ երեքով ժամանակ կ՛անցընէինք:

Տեսարան Այնճարէն
Տեսարան Այնճարէն

Հակառակ անոր որ Թորոս աննախանձելի եւ թշուառ վիճակ մը ունէր, հակամէտ էր ճոխ ու հանգստաւէտ կեանքի: Օրինակի համար, եթէ ձեռքը դրամ անցնէր, ամենասուղ ճաշատեսակներն ու ըմպելիները կը գնէր ու կ՛ըմբոշխնէր` առանց մտածելու վաղուան մասին: Եւ կամ սովորութիւն ունէր սիրահարելու իր հանդիպած ազնուական ու գեղեցիկ կիներուն: Ամէն ինչի լաւագոյնն ու կիներու գեղեցկագոյնը  պէտք է որ իրեն վերապահուած ըլլային, որովհետեւ վստահ էր իր արուեստագէտի մեծութեան ու տաղանդին:

Ժամանակ մը ետք կարիքը ունեցայ երկրորդ արուեստանոցի մը, յատկապէս` քարէ քանդակներու համար: Թորոս յաճախ Էշրեֆիէ կու գար օրը անցընելու եւ երբեմն ալ ինծի օգնելու համար: Աշխատանոցէս քիչ մը հեռու կ՛ապրէր Ռիթա անունով գեղեցկուհի մը, զոր մատով ցոյց կու տային քաղաքին մէջ: Անոր երկրպագուներուն թիւը անհաշիւ էր. տարիներ առաջ Լիբանանի Գեղարուեստից ակադեմիային մէջ դասընկերուհիս եղած էր, ու ինչ մեղքս պահեմ, զիս ալ հրապուրած ու տառապեցուցած էր իր գրաւիչ գեղեցկութեամբ: Ան այժմ կը զբաղէր գեղանկարչութեամբ: Ամուսնացած էր Կուաթեմալա բնակող մեծահարուստի մը հետ: Ունէր մանչ զաւակ մը, որ հօրը հետ կ՛ապրէր Կուաթեմալա, իսկ աղջիկ մը` Աննա Պելլա, որ իրեն հետ կը մնար Լիբանան: Ռիթա խորհրդաւոր կեանք մը կ՛ապրէր: Երբ առաջին անգամ վերադարձաւ Կուաթեմալայէն, լուր բերին ինծի, թէ կ՛ուզէ անպայման տեսնել զիս: Ոչ ոք գիտցաւ, թէ ան ամուսնալուծուա՞ծ է, թէ՞ ոչ, թէեւ այս պարագային կարեւոր ալ չէր: Երբ եկաւ, մեծ հրճուանքով համաձայնեցաւ, որ իր մարմարէ քանդակը պատրաստեմ: Այս առիթով վերջ գտաւ թէ՛ տառապանքս եւ թէ՛ պղատոնական սէրս, սակայն ի դժբախտութիւն թէ ուրախութիւն Թորոսի, չեմ գիտեր, իր սիրատոչոր տառապանքն ու պղատոնական սէրը հետագային մեծ ազդեցութիւն գործեցին իր ստեղծագործական կեանքին վրայ:

Թորոս միշտ կը կրկնէր, թէ ինք վերածնած Ֆրանցիսկօ Կոյան է եւ կը սպասէր իր «տիւշեսին»` Մախային: Օր մը համբերութիւնս հատած` հարցուցի.

– Թորո՛ս, իսկապէս կը հաւատա՞ս, որ դուն վերածնած Կոյա՞ն ես:

– Կը զարմանամ քու թերահաւատութեանդ:

– Լաւ, ի՞նչ փաստ ունիս, որ դուն Կոյան ես:

– Իսկ դուն փաստ ունի՞ս, որ  Կոյան չեմ:

Թորոս խօսքի մէջ սրամիտ էր եւ պատրաստաբան, ան օձաձուկի նման լպրծուն էր, անկարելի էր զայն բռնել եւ կամ իրեն հակաճառել: Ան աւարտած էր Մխիթարեան հայրերու վարժարանը, փայլուն հայերէն կը խօսէր եւ գիտէր ճիշդ բառը տեղին գործածել: Ես շարունակեցի.

– Թորո՛ս, եթէ Կոյան ես, ապա ինչո՞ւ Կոյային պէս հանճարեղ գործեր չես արտադրեր:

Կը կարծէի, թէ այս անգամ ծուղակը ձգեցի զինք, սակայն ան ինքնավստահութեամբ պատասխանեց.

– Ինչու Կոյային պէս հանճարեղ գործեր չե՞մ արտադրեր: Պատճառը շատ պարզ է: Ան տիւշես տ՛Ալպան ունէր, իսկ ես գիշերները ամայի ու ցուրտ անկողին մը ունիմ: Եթէ ես ալ Մախային պէս հրաշալի էակ մը ունենայի անկողինիս մէջ, այն ատեն կը տեսնէիր, թէ ի՜նչ հրաշքներ կը գործէի:

Պատասխանս լռութիւն եղաւ: Դարձեալ պարտուած էի, ինչպէս միշտ:

Օր մը ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի ամառնային սալոնը կը շրջագայէինք Թորոսին հետ: Ան իւրաքանչիւր գեղանկարի կամ քանդակի դիմաց կը կենար եւ հեգնական ու սրամիտ որակում մը կու տար անոնց: Պասպուսի մէկ փայտէ քանդակին դիմաց էինք, երբ հարց տուի.

– Թորո՛ս, ասոր ի՞նչ կ՛ըսես:

– Այս փայտի կտորի՞ն:

– Այո՛, այս քանդակին:

– Նայէ, Զաւէ՛ն, Ռայաք ապրած ժամանակս մեր տան մօտ կար փայտագործ մը, որ փայտէ շերեփ, դգալ կամ սխտոր ծեծելիք կը շինէր, լաւ կ՛ըլլայ, որ այս մարդը անոր գործը շարունակէ, լաւ դրամ կը շահի:

Կողքի գեղանկարը ցոյց տալով` ըսի.

– Լա՛ւ, Թորո՛ս, լիճին վրայ լողացող այս կարապներուն ի՞նչ կ՛ըսես:

– Ասոնք կարա՞պ են, չե՞ս տեսներ, որ անոնց վիզերը նարկիլէի մարպուճի կը նմանին: Այս մարդն ալ լաւ կ՛ըլլայ, որ նարկիլէ նկարէ, գոնէ Պուրճի սրճարաններուն մէջ կը կախեն:

Պէտք է խոստովանիմ, որ Թորոսին պէս արուեստէ հասկցող քիչ կար քաղաքին մէջ, ան արուեստի պատմութիւն լաւ գիտէր, մանաւա՛նդ լրջօրէն կը սերտէր եւ կ՛ուսումնասիրէր իր սիրած գեղանկարիչներուն կեանքն ու արուեստը: Երբ այսպէս կը շարունակէինք շրջագայիլ ցուցահանդէսին մէջ, յանկարծ Ռիթան նշմարեցի, հաճելի դող մը անցաւ մարմնէս: Նորէն վերադարձած էր Կուաթեմալայէն: Փութացի դէպի Ռիթան. անակնկալն ու ուրախութիւնը երկկողմանի էր, գրկախառնուեցանք, համբուրուեցանք ու հազիւ քանի մը խօսք փոխանակած էինք, յանկարծ գաղափար մը ծագեցաւ մտքիս մէջ: Չէ՞ որ Թորոս իր «տիւշես»-ը կը փնտռէր. միտքս պարզեցի Ռիթային. սկիզբը շատ բան չհասկցաւ եւ դժկամեցաւ ընդունիլ առաջարկս, սակայն ի վերջոյ համաձայնեցաւ, ու ես զինք Թորոսին ներկայացնելով` ֆրանսերէնով ըսի.

– «Ժ՛է լը կրան փլեզիր տը թը  փրեզանթէ, մատամ լա տիւշես տը Կուաթեմալա»:

Թորոս խիստ անակնկալի եկած էր, վայրկեան մը ինքզինք կորսնցուց ու կարմրեցաւ մինչեւ ականջները ու աչքերը շեղելով Ռիթայի վրայէն` սկսաւ նայիլ դէպի առաստաղը: Թորոս ո՛չ միայն այդքան գեղեցիկ տիւշես (դքսուհի) մը չէր տեսած, այլ ընդհանրապէս կին արարածը անծանօթ մնացած էր իրեն: Մինչ Թորոս ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի առաստաղը «կը զննէր» (կարծես Սիքսթինեան մատուռին մէջ ըլլայինք), յանկարծ նկատեցի, որ Փոլ Կիրակոսեան մօտեցած է (որ նոյնպէս հրապուրուած էր Ռիթայով ու յաճախ կը դարպասէր զայն) ու Թորոսին կ՛ըսէր.

– Թորոս, Ռիթային ձեռքը համբուրէ:

Թորոս տիւշեսի մը ձեռքը ինչպէ՞ս պիտի համբուրէր. նախ պէտք էր համարձակեր անոր երեսին նայիլ:

Այնուամենայնիւ այս դէպքէն ետք Թորոս գտած կը թուէր ըլլալ իր տիւշեսը, որովհետեւ սկսած էր խանդավառութեամբ երփնագրել: Ժամանակ մը ետք, օր մը Թորոսը տարի տիւշեսին բնակարանը: Ան իր գործերը փռեց Ռիթային առջեւ` ըսելով.

– Մատամ լա տիւշես, ընտրէ ո՛ր մէկը որ կ՛ուզես որպէս նուէր:

Ռիթան նուէրը առաւ տիւշեսի մը վայել քաղաքավարութեամբ եւ բարձր գնահատանքներ շռայլեց անոր: Հիմա, երբ կը մտածեմ Թորոսին եւ Ռիթայի փոխյարաբերութիւններուն մասին, կարծես, թէ Ռիթան եւս անտարբեր չէր Թորոսին հանդէպ: Ան յաճախ կը փնտռէր Թորոսի ներկայութիւնը եւ հաճոյքով կ՛օգնէր անոր: Սակայն բուն հարցը այն էր, որ Թորոս ո՛չ միայն սիրահարած էր ոտքէն միչեւ ականջները, այլ կը հաւատար, որ այդ սէրը փոխադարձ է, եւ խանգարողը իր ընկերներն են, ու ամէնէն առաջ ես` իր մրցակիցն ու նախանձոտ ընկերը:

Թորոս ի վերջոյ ինկաւ ահաւոր ընկճուածութեան մէջ: Գիշերները անքուն կ՛անցընէր, ցերեկները առանձին կը թափառէր փողոցները կամ ժամանակ կը վատնէր Էշրեֆիէի կամ Սանայէ հանրային պարտէզները: Շրջան մը նոյնիսկ դադրեցաւ ստեղծագործելէ… Մեղաւորը միշտ մենք` իր ընկերներն էինք` ես, Տիգրան Թամիրեանը, Փոլ Կիրակոսեանը… Այդ շրջանին գրպանը միշտ լեցուն էր հանդարտեցուցիչ դեղերով, իւրաքանչիւրը` կոճակի մը չափ, զոր ինք կը պատրաստէր: Բայց անօգուտ: Երբ կը հանդիպէր ինծի, միշտ կը կրկնէր նոյն յանկերգը.

– «Զաւէ՛ն, քանդեցիր զիս»:

Թորոս օր մը քրոջս տղուն` Տիրայրին կը հանդիպի ու կ՛ըսէ.

– Զաւէնը կը ճանչնայի, սակայն այսքան նախանձոտ ըլլալը չէի գիտեր: Գեղուհիի մը ծանօթացուց զիս, որպէսզի սիրահարիմ ու քանդուիմ, որպէսզի իբրեւ արուեստագէտ` ինք փայլի քաղաքին մէջ:

– Գոնէ իսկապէս գեղեցի՞կ կին է,- կը հարցնէ Տիրայր:

– Գեղեցի՞կ, ի՜նչ կը խօսիս, եթէ Մարլեն Մոնրոն դնես քովը, Մարլէն Մոնրոն Էտիթ Փիաֆի պէս մէկը կ՛երեւի:

– Լա՛ւ, Թորո՛ս, եթէ այդպէս է, զիս ալ ծանօթացուր,- կը կատակէ Տիրայր:

– Այդ գէշութիւնը չեմ ըներ քեզի, ես Զաւէնին պէս նախանձոտ եւ ապերախտ չեմ:

Թորոս իբրեւ ընկեր, առհասարակ իբրեւ մարդ` ապերախտ չէր, առատաձեռն էր, կու տար ունեցածն ու չունեցածը, յատկապէս` իր քրոջ երեխաներուն, որոնք նոյնպէս կարիքաւոր էին: Սակայն մարդկութիւնը եւ առհասարակ կեանքը ապերախտ գտնուեցան իրեն հանդէպ ու իր դիակը, իբրեւ անպէտք առարկայ, նետուեցաւ հասարակաց փոսը: Սակայն իր արուեստին մեծութիւնն ու իր նկարագրային մաքրութիւնը վստահաբար զինք պիտի հանեն փոսէն ու դնեն արժանի պատուանդանի վրայ:

* * *

1201_pokhan-tzaghigi
Փոխան ծաղիկի

Հակառակ իր հօրը կամքին` Թորոս դեղագործ չեղաւ ու չշարունակեց հօրը գործը, որ պատրաստի էր ու կ՛ապահովէր իր կեանքն ու ապագան: Ան վճռած էր գեղանկարիչ դառնալ ու միայն գեղանկարչութեամբ ապրիլ: Երբ ան ցուցահանդէս մը կազմակերպէր, գրեթէ բոլոր գործերը կը ծախուէին, անոր ստեղծագործական որակը իր դերը կը կատարէր, ու մարդիկ կը յափշտակէին զանոնք: Կը պատահէր, որ նկարի մը համար արուեստասէրները կռուելու աստիճան վիճէին իրարու հետ, թէ ո՞վ պիտի տիրանար նկարին: Թորոս հանդարտութեամբ կը կրկնէր նոյնը.

– Տիկի՛ն, եթէ այս նկարը չնկարէի, պիտի կռուէի՞ք:

– Բայց, պարո՛ն Թորոս, փաստօրէն նկարած էք, ու ես չեմ կրնար բաժնուիլ անկէ:

– Ո՛չ ալ ես,- կը պնդէր մրցակից կինը: Թորոս ի վերջոյ մէկուն կը խոստանար աւելի լաւ գործ մը նկարել ու խաղաղութիւն կը տիրէր:

Ցուցահանդէսէն ետք, երբ Թորոսին գրպանները լեցուէին դրամով, այդ վիճակը կը նեղէր զինք: Ան նոյն գիշերն իսկ, առաւելագոյնը քանի մը օրուան ընթացքին կը ծախսէր կամ քրոջը երեխաներուն կը բաժնէր ունեցածն ու չունեցածը եւ դարձեալ կը մնար նոյն աղքատն ու թշուառը. կարծէք ան ի վերուստ անիծուած էր… Սակայն Թորոս կը սիրէր կեանքն ու ճոխութիւնը, նոյնիսկ եթէ իր վայելքը պիտի տեւէր քանի մը օր կամ քանի մը ժամ: Այս մասին կրնան վկայել իր անմիջական ընկերները, ինչպէս` Տիգրան Թամիրեանը, Զաւէն Պաագլինին, Մովսէս Հերկելեանը, Յակոբ Գանլըճեանը, Րաֆֆի Չերչեանը եւ այլն:

* * *

Թորոս Տէր Յակոբեանի
Ջրաներկերու Աշխարհը

Թորոս Տէր Յակոբեանի ջրաներկներու աշխարհը առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ ջրաներկի միւս վարպետներու ստեղծագործութիւններու կողքին:

Անոր գործերը կարելի է բաժնել երկու գլխաւոր խումբերու: Ան յաճախ կ՛ընտրէ արտաքնապէս ուշադրութիւն չգրաւող եւ աննշան թեմաներ, ինչպէս` ծռած ծառ մը առուակի մը եզրին, չորցած տատասկ մը` տարածութեան վրայ, անմարդաբնակ խրճիթ մը` պուրակի մը մէջ, միայնակ փետուր մը` ծաղկամանով, լքուած նաւակ մը` ծովափին եւ այլն: Այս բոլորը Թորոսին քով ինքնակենսագրական բնոյթ ունին եւ կարծէք, թէ կը դրսեւորուին իբրեւ հոգեբանական ինքնանկար: Զինք մօտէն ճանչցողները շատ աւելի պիտի հաղորդուին ու տպաւորուին այս երեւոյթէն:

Այս բոլորին հակառակ` զարմանալիօրէն կայ ուրիշ երեւոյթ մը, ուր քիչեր պիտի համարձակէին ներթափանցել, որովհետեւ ան արտաքնապէս հասարակ թուացող տեսարաններու ընդմէջէն կը դրսեւորէ ներքին գեղեցկութիւններ: Օրինակի համար, դիտենք ծովեզերք մը, ուր բաց աչքերով ոչինչ կը նշմարուի հետաքրքրական: Թորոս այս նոյն տեսարանը իր հզօր երեւակայութեամբ եւ ջրաներկի ազատ վրձնահարուածներով կը վերածէ կենսունակ ու երփներանգ այնպիսի ծովանկարի մը, որ մէկ կողմէ անհունութեան պատրանքը կու տայ եւ միւս կողմէ` բնութեան հմայքն ու կախարդանքը կը փոխանցէ մեզի: Արդեօք ուրկէ եւ կամ ինչպէ՞ս արուեստագէտ մը կրնայ ներշնչուիլ պարզ, շատ պարզ ու անհրապոյր ծովեզերքէ մը ու ջրաներկի միջոցով վերածել զայն ապշեցուցիչ գեղեցկութեան մը: Բացառիկ տաղանդներու միայն վերապահուած է նման կարողութիւն:

Թորոս նման պարագաներու չի բաւարարուիր միայն մէկ ստեղծագործութեամբ: Ան շատ յաճախ նոյն տեսարանը կը պատկերէ երկու (երբեմն շատ աւելի) անգամներ: Օրինակի համար, Պելվիւյէն դիտուած Պէյրութի ծովափը, Պեքաայի դաշտը  եւ կամ լեռնային տեսարանները ան պատկերած է բազմաթիւ անգամներ, օրուան տարբեր ժամերուն, տարբեր տպաւորութիւններու տակ, ճի՛շդ Փոլ Սեզանի նման, ինչպէս ինք կը սիրէր կրկնել:

1982-ին Սըրսոք թանգարանի Աշնանային սալոնին Թորոս ներկայացուցած է նմանօրինակ փոքր ջրանկար մը: Այս առիթով արուեստի քննադատ Ժոզեֆ Թարրապ «Լ՛Օրիան-Լը Ժուր»-ի մէջ մեծ հիացումով գրած է. «Թորոս Տէր Յակոբեանին ջրանկարը կ՛իշխէ միւս բոլոր ջրանկարներու վրայ»:

Այս մէկը բաւական է ըսելու համար, որ Տէր Յակոբեանի ջրանկարներու աշխարհը առանձնայատուկ տեղ մը կը գրաւէ Լիբանանի ջրաներկի աշխարհին մէջ:

 

Նախորդը

Թուրք Մտաւորականը Կը Հաստատէ` Թուրքիան Ճշմարտութեան Համար Պատերազմը Կորսնցուցած Է

Յաջորդը

Մարիօ Նալպանտեան. «ՀՅԴ-ն Կը Պահէ Իր Կոչումը` Ըլլալով Յեղափոխական, Ազգային Ու Ընկերային Արդարութիւն Հետապնդող Կուսակցութիւն»

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.