Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաղամեռիկ Ընկերոջս` Յովհաննէս-Յովան Թաշճեանի Անթառամ Յիշատակին

November 29, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

1121hovantashjian1ԵՍԱՅԻ ՀԱՒԱԹԵԱՆ

Վերջերս մեր երիտասարդ ընկերներու իրերյաջորդ եւ անակնկալ մահերը մեզի առիթ չտուին նոյնիսկ պահ մը սթափելու եւ սգալու մեր ընկերներուն կորուստը:

Առիթ չունեցանք բաւարար ուժ ամբարելու, որպէսզի կարենանք բնականոն կերպով մեր կեանքի ընթացքը շարունակել:

Եւ ահաւասիկ նոր գոյժ` Միացեալ Նահանգներէն: Կորսնցուցինք ընկեր Յովհաննէս Թաշճեանը…

Նոր կորուստ բոլորին համար` թէ՛ մեր գիւղին, թէ՛ Լոս Անճելըսի հայութեան եւ  թէ՛ մանաւանդ հայ ժողովուրդին եւ Հայաստանին:

Քանի մը օրէ ի վեր կը փորձեմ գտնել այն հիմնական  յատկանիշները, որոնք լաւագոյնս կրնան բնորոշել երիտասարդ  եւ մօտիկ ընկերս` Յովհաննէս (Յովան) Թաշճեանը, որ անցեալ շաբաթ անակնկալօրէն մահացաւ Միացեալ Նահանգներու մէջ, յետ կարճատեւ  հիւանդութեան:Կը փորձեմ ամփոփել իր նկարագրային ցայտուն գիծերը քանի մը բառերով.

Պաշտամունք` Հայ գրականութեան հանդէպ եւ  ամբողջական Նուիրում  հայ ժողովուրդի երազներու իրականացման համար:

Այս երկու կէտերուն մէջ միայն կրնամ պատկերացնել ընկերոջս կեանքը, սիրտ մը, որ բաբախեց  յանուն հայութեան:

Հիմա փորձեմ վերադառնալ 1989-1990 տարիներուն եւ անդրադառնալ Յովհաննէսի կեանքի այնճարաբնակ ժամանակաշրջանին, երբ մտերիմներ դարձանք եւ առիթ ունեցանք միասին աշխատելու:

Այնճար եկաւ երիտասարդական թարմ շունչով` իրեն հետ բերելով իր պաշտամունքը հայ գրականութեան եւ յատկապէս հայ բանաստեղծութեան հանդէպ: Մուտք գործեց կրթական ծիրին մէջ` որպէս  Ազգ. «Գ. Կիւլպէնկեան» երկրորդական վարժարանի ուսուցիչ, միաժամանակ աշխուժ կերպով մասնակցելով Այնճարի մշակութային կեանքին` Համազգայինի «Պ. Սեւակ» մասնաճիւղի յարկին տակ:

Ստեղծուեցաւ ջերմ ընկերական մթնոլորտ մը, որ լեցուեցաւ հայ բանաստեղծութեամբ, ասմունքով, թատերական ներկայացումներով եւ մշակութային վերելքով:

Օդին մէջ կար հայ բանաստեղծներուն  շունչը,աշակերտներուն մօտ օր ըստ օրէ աճող հետաքրքրութիւն` հայ գրականութեան հանդէպ: Վարակիչ դարձաւ այս մթնոլորտը գիւղին մէջ, որուն ստեղծման մէջ ունեցաւ իր ներդրումը: Ուրախ եւ արդիւնաբեր օրեր էին` հակառակ երկրի ծանր պայմաններուն: Գաղութի մշակութային կեանքը եռուն էր Այնճարի մէջ,մինչ Պէյրութի մէջ ծանր մարտեր կը մղուէին…

Երիտասարդ ուսուցիչը աշակերտութեան սկսաւ ներկայացնել հայրենի բանաստեղծներ` Վահագն Դաւթեանը, Համօ Սահեանը, Ռազմիկ Դաւոյեանը եւ ուրիշներ: Աշակերտները սկսան ասմունքով հանդէս գալու մեր տօնակատարութիւններու ընթացքին նոր քերթուածներով, եւ ծնունդ առաւ ասմունքի նոր ոճ մը` տպաւորիչ կատարումներով,  որ հետագային վարակիչ դարձաւ:

Փաստօրէն Յովհաննէսը յաջողեցաւ աշակերտութեան սիրցնել տալ հայ գրականութիւնը եւ յաջողեցաւ իր առաքելութեան մէջ:

Մշակութային ձեռնարկները կայացան  շաբաթական դրութեամբ, եւ գիւղացիները շատ պարտաճանաչ կերպով միշտ ներկայ եղան մշակութային հանդիպումներուն` լիցքաւորուած վերադառնալով իրենց տուները:

Յովհաննէսը իր երիտասարդական թարմ շունչով կրցաւ վարակել նոր սերունդը: Մուշեղ Իշխանի «Մեռնիլը որքան դժուար է» թատերախաղին ներկայացումը եղաւ բոլորովին իւրայատուկ:

Այս բոլորին կողքին, մնաց հաւատաւոր դաշնակցական բառին ամենալայն իմաստով:

Հեռուէն միայն ծանօթ եմ իր ազգային գործունէութեան, որ ծաւալեց Միացեալ Նահանգներու մէջ, ուր վերցուց պատասխանատու պաշտօններ եւ մնաց պատնէշի վրայ մինչեւ իր մահը:

Ընտանիք կազմեց Լուսին Գանտահարեանին հետ եւ բախտաւորուեցան աղջիկ զաւակով մը` Արենի:

Դժբախտաբար Յովհաննէսին կեանքը  ընդհատուեցաւ անժամանակ: Տակաւին աշխատանքի լայն դաշտեր կային իր առջեւ եւ երիտասարդական եռանդով պիտի շարունակէր իր ազգանուէր գործունէութիւնը: Կորուստ է Յովհաննէսին մահը:

Ինչ որ ամենակարեւորն է, սակայն, Յովհաննէսը մնաց Հայաստանով ապրող հայորդի եւ իր սիրտն ու հոգին մնացին հայրենի լեռներուն վրայ,Ճիշդ իր պապերու հոգիներուն պէս, որոնք կը ճախրեն Մուսա Լերան վրայ:

Հայաստանով ապրեցաւ, Հայաստանը եղաւ իր միտքն ու հոգին: Ծառայեց  դաշնակցականի հաւատքով եւ յոյսով:

Ասուպի պէս շիջեցաւ մեր ընկերը: Համբերութիւն` իր ընտանեկան պարագաներուն:

Կորով` իր ընկերներուն` շարունակելու ազգին ծառայելու սուրբ գործը:

 

Այնճար, 2014          

Նախորդը

Տոքթ. Ժիրայր Թէվէքէլեանի Յիշատակին

Յաջորդը

Յովան Թաշճեանի Անմոռաց Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.