Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վաչէին Ընտրանքը

November 29, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԴՈԿՏ. ՀՐԱՅՐ ՃԷՊԷՃԵԱՆ

Mideast-Jordan-Syria-_Horo-1Վաչէ Համասեանը կու գայ Հալէպէն: Անոր հանդիպեցայ Աթէնք Յունաստան, հոկտեմբերի 2014-ին: Եկած էր Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ երիտասարդաց հանդիպում-պաշտամունքին` ինք ալ մասնակից դառնալու յունահայ իր տարեկիցներուն եւ հաղորդակցելու անոնց հետ:

Վաչէն «դուրս» եկած է Հալէպէն: Եւ ի՞նչ ձեւով հասած է Աթէնք, ուր իր բախտը պիտի փորձէ` թակելով եւրոպական այլ դեսպանատուներու դռները`ապաստանեալի իրաւունք ձեռք ձգելու համար: Ո՛չ հարազատ եւ ո՛չ ալ ընտանեկան պարագաներ ունէր Յունաստանի մէջ: Իր պահեստի քիչ մը դրամը դրած էր կեցութիւնը ապահովելու համար Աթէնքի մէջ, որպէսզի կարենայ ելք մը գտնել Հալէպի ու իր երկրին դժուար կացութենէն:

Նայեցայ Վաչէին ու անոր երիտասարդ հայու աչքերուն մէջ սկսայ տեսնել ապրելու իր տենչը, որ շատ հարազատ զցացում էր: Երիտասարդ էր  եւ կ՛ուզէր իր կեանքը «ապրիլ», ինչպէս` իր տարիքի ոեւէ մէկ երիտասարդ: Հանդարտ էր եւ զգալի էր իր մէջ արժանապատուութեան գիտակցութիւնը: Չկար «խեղճի» զգացումը, որ պիտի շարժէր «գութը» մեր եւ իրեն հանդիպողներուն: Յստակ էր իրեն համար, թէ իր կեանքի սեմին ու իր երկրի դժուար պայմաններուն մէջ «ընտրանք» ընելու պարտաւորութեան դէմ յանդիման էր, այս պարագային` երկիր մը ապաստան գտնելու եւ իր կեանքը շարունակելու:

Եւ Վաչէին նայելով, կրցայ նաեւ տեսնել «իմ» ապրելու տենչս` լիբանանեան պատերազմի այդ բոլոր արհաւիրքին օրերուն: Բայց չէ՞ որ ես ալ ժամանակին Վաչէին նման ապրած էի պատերազմին ու անոր պատճառած վախին, անորոշութեան տագնապը, բայց նաեւ` մահուան ճիրաններէն դուրս գալու ամէնօրեայ տատանումները: Այս բոլորը ինծի համար «երէկ» էին, արդէն անցաւ մօտաւորապէս երեսուն տարի, որ ես ալ անցայ Վաչէին ներաշխարհի փոթորկալից վիճակներէն:

Ես ալ ուզեցի դուրս գալ Լիբանանէն եւ ապրիլ կեանքը, ինչպէս` իմ տարիքիս շատ մը երիտասարդներ, որոնք ապրեցան հոս-հոն աւելի «նպաստաւոր» պայմաններու մէջ: Բայց ես ապրեցայ անորոշութիւնը անյստակութիւնը, վախը, յուզումը, անարգանքը,  աւելի՛ն պատերազմի պատճառով հարազատներու եւ բարեկամներու նահատակութիւնը.: Արձակազէնի փամփուշտը, որմէ միայն քիչ մը վրիպելով մեր կեանքերը խնայելու առանձնաշնորհումները «կը վայելէինք»: Ռումբերու տեղատարափը ու անոր պատճառած հոգեկան ընկճուածութիւնը, եւ քանիցս մեղմ ու բարձրաձայն պոռթկումները`

«ա՛լ չեմ ուզեր Պէյրութ մնալ…»:

Բայց մնացի: Հաւանաբար այդպէս պէտք էր ըլլար: Չյաջողեցայ դուրս գալ Պէյրութէն, եւ կամ առիթը ու «բախտը» չներկայացան ինծի:

Ու պատերազմի այդ երկար տարիները մէկ-մէկ պիտի գլորէին, եւ մենք մեր կեանքերը պիտի պատշաճեցնէինք` կերտելով պատերազմական ապրելակերպի «մշակոյթ» եւ «կենցաղ», որ եղաւ նաեւ դաստիարակութիւն եւ  իր նկարագրային դրոշմը ունեցաւ մեր կեանքերուն վրայ, նաեւ` մինչեւ հիմա: Արդարեւ, շատ անգամ կը փորձուիս հաշուեյարդար ընելու, թէ «պէ՞տք էր մնայինք Լիբանան թէ՞ պէտք էր դուրս գայինք »: Եւ հաշուեյարդարը դուն քու անձիդ հետ է միայն, քանի որ ոեւէ մէկը պարտական չէ մեր ապրած կեանքին, այսպէս ըսած`«զրկուած օրերու» հաշիւը փակելու…

Եւ հիմա Աթէնքի մէջ կը նայիմ Վաչէին: Ան «դուրս եկած է Հալէպէն»: Չյաջողեցաւ իր ընտրանիքին մէջ, հաւանաբար իր պոռթկումը` «ա՛լ չեմ ուզեր Հալէպ մնալ» կրցած էր տնօրինել իր կեանքը,  եւ  մղել զինք գտնելու ելք մը` դուրս գալու արհաւիրքէն:

Երեւի Յունաստան այս օրերուն դիւրին դարձած է «մուտք» գործել, եւ գաղթականներ Սուրիայէն եւ Իրաքէն`Թուրքիոյ վրայով եւ ծովու ճամբով կը հասնին հոս, ներառեալ հայեր: Եւ պատմութիւնն ու արկածախնդրութիւնը, բազմաթիւ քայլերը հասնելու Յունաստան`լաւ ցուցանիշեր են մարդուն ստեղծագործական հնարքներու ծնունդին, մանաւանդ` տագնապալի վիճակներու մէջ, հոն կայ նաեւ ճամբորդատար նաւը յունական ջուրերոււն մէջ ընկղմիլ-չընկղմելու մտայղացուած փորձերը, ապա ջուրերէն դուրս գալով`ապաստանեալի իրաւունք ստանալու միջոցառումները:

Եթէ Յունաստանի մէջ կը ստանան որոշ ժամանակ մը մնալու յատուկ կարգավիճակ, բայց  նաեւ կը սկսին փնտռել եւրոպական դեսպանատուներ` ապաստանեալի դիմումնագիրներ ներկայացնելու համար:

Տեղւոյն տէր հօր եւ վերապատուելիին ամէնօրեայ մտահոգութիւններուն առանցքը կը կազմէ Յունաստանի սուրիահայ գաղթականներու եւ ապաստանեալներու այս կացութիւնը: Եթէ մէկ կողմէ յոգնած եւ սպառած են, բայց նաեւ շատ առիթներով «անկարող» ըլլալու կացութիւնը աւելիով կը չարչրկէ զիրենք:Եւ ասոր վրայ պէտք է նաեւ աւելցնել յունական եւ տեղական տնտեսական տագնապը, ինչ որ աւելիով կը դժուարացնէ  բոլոր կարիքաւորներուն օգնութեան ձեռք երկարելու պարագան:

Եւ շարունակեցի նայիլ Վաչէին… Կը զգայի Վաչէին հետ, եւ իր «զգացումները» հարազատ էին ինծի: Երկուքս ալ ապրած ենք (ու տակաւին) պատերազմական կեանքի փորձառութիւնը: Թէեւ սուրիական պատերազմին ու տագնապին խորքը տարբեր է լիբանանեան մեր փորձառութենէն  (պատերազմող կողմերու եւ տարողութեան ու գաղափարապաշտական-ծայրայեղականութեան իրականութենէն մեկնելով), սակայն այս տուեալները աւելի մտահոգիչ երեւոյթներ ստեղծած են Սուրիոյ պարագային, բայց պատերազմի «ցաւը», որ երկուքիս սրտերուն վրայ ճնշած է, նոյնն է:

Բաժնուեցայ Վաչէէն` լռելեան կիսելով մեր այս «ցաւը», անկէ ետք Վաչէն չտեսայ, միայն գիտցայ, թէ Վաչէին ընտրանքը եղած է Շուէտ ապաստանեալի իրաւունք խնդրել: Եւ կը փորձէ այդ մէկը իրագործել:

Բայց Վաչէին եւ իմ «լռելեան ցաւիս» մէջ կայ մէկ հասարակ յայտարար` իր (ոչ) հաւասարէ իրավիճակով…

Լիբանանեան պատերազմի ժամանակ մենք ունէինք հայրենիք, բայց` ոչ անկախացած կարգավիճակով: Այսօրուանը պետականութիւն է, անկախացած, որ կը ներշնչէ «ապահովութիւն»: Եւ «ապահովութիւնը» եթէ մէկ կողմէ անցագիրի շնորհումն է`բոլոր հայերուն, բայց նաեւ ինքնութեան եւ յենելու կռուան: Սեփական հողի`քուկդ ըլլալու հասկացողութիւն եւ գիտակցութիւնն է, եւ հայուն համար «անտէր» չզգալու ապահովութիւն ներշնչող իրականութիւն:

Վաչէին, բայց նաեւ` հայուն ընտրանքը…

«Ապահովը տուն է»…
Բայց ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս է «ապահովը»…
Հապա՞ «տունը»…

 

 

 

Նախորդը

«Ամերիկեան Գարունը»

Յաջորդը

Տոքթ. Ժիրայր Թէվէքէլեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.