Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վկայութիւն Մը . Պետիկ Հերկելեանի Բանաստեղծական Արբեցումը

November 27, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԷՏԿԱՐ ԴԱՒԻԹԵԱՆ

1127_Bedig-Herguelian2Փայլուն նայուածք, վիպապաշտ ներշնչում, թարմաշունչ բառ, խայթող հեգնանք, մայրիներու երկրի եւ Արարատ լերան միաձուլուած փառաբանանքը. ահաւասիկ` Պետիկ Հերկելեանի մշակութային անմեռ ժառանգութիւնը: Հայերէնով արտայայտուող գրող մը, մարգարէաշունչ, երեսուներեք տարեկանին արմատախիլ եղած հասուն տարիք, երբ տակաւին շատ կարելիութիւններ կան մարդուս դիմաց…

Վեց գիրքեր, բանաստեղծութեան եւ արձակի միջեւ,   Նարեկացիի լեզուին ալիքներուն վրայ արձակուած «Մախմուր նաւակներ»: Դիւրաբեկ սրտով եւ վատառողջ, սուրճի մեծ սպառող, հսկայական յիշողութեամբ, Այնճարէն եկող այս նուրբ բանաստեղծը (որ ապրած է նաեւ Պէյրութ) կը վախնար կարծես իր իսկ աճապարանքէն, որովհետեւ ունէր Պետրոս Դուրեանի նախազգացումը, որ մահացած էր շատ երիտասարդ տարիքին…

Մութ ներիմացում ճակատագիրի, եւ պատահական չէ, որ կը ծնիս մարգարէ…

Ծնած է 1954-ին, Այնճարի գեղեցիկ լեռներու եւ առատահոս աղբիւրներու միջավայրի մը մէջ, ուր Պետիկ Հերկելեան անմիջական իր մխիթարանքը կը գտնէր բնութեան քնքշութեան մէջ:

Կէօթէի, Պալզաքի, Թոլսթոյի, Վակների եւ Մահլերի սիրահար, բայց նաեւ` Կոմիտասի եւ Խաչատուրեանի ունկնդիր: Հնութիւններու հաւաքորդ, կեանքին եւ անոր անակնկալներուն հանդէպ միշտ հետաքրքրութեամբ լեցուն` Պետիկ Հերկելեան շատ շուտ հասկցաւ, որ ինք մաս կը կազմէ Պառնասի ընտանիքին:

Հայ գրականութեան փայլուն ուսումնասիրութենէ ետք, Վարուժանի, Մեծարենցի եւ Շուշանեանի հիացող երիտասարդ բանաստեղծը վերջնականօրէն կը նետուի բառերու աշխարհին մէջ:

Տասնեօթը տարեկանին ինքզինք արդէն լիարժէքօրէն կ՛արտայայտէ «Պատուհանէն դուրս» երախայրիքով, ուր տաղանդաւոր պատանի մը կ՛արձակէ իր առաջին ճիչը: Բարեկամութեան, ջերմութեան, սիրոյ առաջին թրթիռներուն եւ ընկերութեան դէմ իր ընդվզումով բանաստեղծը կ՛արտայայտէ ինքզինք: Սիամանթոյի բառերուն շեշտերով եւ ազատագրուած յանգի մը չկաշկանդուող խաղով Պետիկ Հերկելեան իր ձայնը կը բիւրեղացնէ, ինչ որ կատարելապէս ճանաչելի է այսօր…

Քսանինը տարեկանին կը հրատարակէ «Բառը», ուր կ՛արտայայտուի ուժեղ հայրենասիրութիւն մը: Հայրենասիրութիւն մը, ուր իրարու կը խառնուին (սիրող էակին զուգահեռ) Պեքաայի կանաչ դաշտերն ու Գրիգոր Լուսաւորիչի երկրին բարձրաւանդակները…

Անոր կը յաջորդէ «Եւ երկիր պագանեմ» երրորդ հատորը, ուր կրկին կը դրսեւորուին Լիբանանի եւ Հայաստանի հանդէպ նոյն մեծ սէրը` պաշտուած հողի մը նկատմամբ ծունկ չոքելու գեղեցիկ ժեսթով մը:

Առանց հրաժարելու պառնասեան եւ խորհրդանշական գեղեցիկ բանաստեղծութենէն, Պետիկ Հերկելեան կը դառնայ դէպի վէպը: Իր հեգնախառն արձակը թէեւ երբեմն թախծոտ շեշտերով կը պայթի «Եուհու»-ին մէջ, սակայն մեզի կը ներկայանայ պատում մը, ուր երեւակայութիւնը ձաղկող է, այրող եւ կծու:

Այլաբանական պատում մը, որ կը պատմէ երկիր իջեւանած այլամոլորակայինի մը ճիգերը` պահպանելու մեր երկրի անդորրութիւնն ու անսասանութիւնը: Այլաբանութիւն մը, որ ի զօրու է ամէն մէկ երկրի համար, որուն սահմանները ողբերգականօրէն բաց են բոլոր տեսակի փոթորիկներու դիմաց…

Անհեթեթին եւ հեգնանքին միջեւ, ողբերգակ շեշտով մը, վիպասանը կ՛առաջարկէ իր գաղափարները` փրկելու համար երկիրը քաոսէն, ինչպէս նաեւ` ընկերային եւ քաղաքական խոտորումներէն:

Նախորդը

Ասի Պետիկ Հերկելեանի Թէյն Է

Յաջորդը

Ծննդեան Վաթսուն Ամեակ Պետիկ Հերկելեանի

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.