Նախորդ շաբաթավերջին Սոչիի մէջ (Ռուսիա) աւարտեցաւ ճատրակի աշխարհի ախոյեանութեան մրցումը, որուն ընթացքին իրարու դէմ ճակատեցան գործող ախոյեան Մակնիւս Քարլսըն եւ տիտղոսին թեկնածու Վիշվանաթան Անանտ:
Անոնք իրարու դէմ կատարեցին 12 մրցում:
Նորվեկիացի Քարլսըն աւարտին (12-րդ հանգրուան) յաղթանակ մը արձանագրելով ընդհանուր հաշիւը վերածեց 6,5 – 4,5 եւ ախոյեանութեան տիտղոսը պահեց իր մօտ:


