Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի . «Ոչ Թռիչքային» Մարտավարութիւն

November 24, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Hairenik_tritchk1994-ին, Արցախի ազատագրումէն ետք, նոյեմբեր 14-ին պատահած դէպքը ամէնէն աւելի ծանրն էր, շատ աւելի վտանգաւոր եւ մտահոգիչ, քան` ամիսներ առաջ` անցեալ յունիսի աւարտին, Քարվաճառի շրջան թափանցած եւ Արցախի իրաւապահներուն կողմէ ձերբակալուած ազերի հետախոյզներու դէպքն ու անոր յաջորդող Արցախի եւ Ազրպէյճանի զօրքերուն շփման գիծի հիւսիսարեւելեան` Մարտակերտ տարածաշրջանի ուղղութեամբ, Պաքուի ձեռնարկած հետախուզական ներթափանցման լայնածաւալ գործողութիւնները, որոնք աւարտեցան հայկական կողմին մահացու պատասխանով:

Դեռ թարմ էին այս պատահածները, ու ահաւասիկ աւելցաւ ռազմափորձերու մասնակցող հայրենի ուժերուն պատկանող ուղղաթիռին ցաւալի պատահարը:

Այս յարձակումով Ալիեւ անգամ մը եւս կը փորձէր վերյիշեցնել, թէ Արցախի ամբողջ տարածաշրջանը եւ գրեթէ երեք տարիէ ի վեր գործելու պատրաստ Ստեփանակերտի օդակայանը կը նկատուի անբաղձալի «ոչ թռիչքային» գօտի:

Դէպքը պատահեցաւ Թուրքիոյ զինուած ուժերու յատուկ նշանակութեան զօրքերու հրամանատար, զօրավար Զեքայի Աքսակալընի Ազրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան բարձրաստիճան պաշտօնեաներու հետ տեսակցութենէն եւ հայ-ազրպէյճանական զինուած ուժերու շփման գիծ այցելութենէն հազիւ շաբաթ մը ետք:

Դեռ աւելի՛ն. Պաքու, որ թէ՛ ռազմական (հակաօդային արդի կազմուածներ եւ Միկ 29 տիպի արդի հալածիչներ) եւ թէ՛ քաղաքացիական օդանաւորդութեան (արդի Պոյինկ 787 «Տրիմլայն» տիպի օդանաւեր, որոնք յառաջիկայ շաբաթներուն պիտի գործածուին անցեալ սեպտեմբերէն ի վեր գործող Պաքու – Նիւ Եորք գիծին համար) բնագաւառէն ներս շարունակ կ՛օժտուի արդի կազմածներով, քաղաքացիական օդանաւորդութեան միջազգային կազմակերպութեան տեղեակ պահած է, թէ Արցախի շրջանէն որեւէ թռչող օդանաւ վար պիտի առնուի…

Անշուշտ դէպքին յաջորդող օրն իսկ, Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան, ուղղաթիռով ժամանեց Ստեփանակերտի օդակայան` անուղղակիօրէն պատասխանելով Ալիեւին, թէ այդ օդային «անձեռնմխելի գօտի»-ն, պարզապէս Պաքուի կողմէ երեւակայուած մտայղացում մըն է:

Այսպէս է Ալիեւի ղեկավարութեան որդեգրած մարտավարութիւնն ու ծաւալողապաշտ քաղաքականութիւնը: Սակայն տեղին է նաեւ դիտել այս յարձակողական քաղաքականութիւնը` Ալիեւի այլ մութ հաշիւները նկատի ունենալով:

Այս արարքով Ալիեւ առաջին հերթին կը միտի իր երկրի տեղացիին եւ յատկապէս ընդդիմադիր ճակատին փոխանցել պատգամ մը: Արդարեւ, աւելի քան տարիէ մը ի վեր, բազմիցս ցոյցեր կը կազմակերպուէին, յատկապէս` անհասկնալի եւ մութ պայմաններու տակ մահացած բանակայիններու ընտանեկան պարագաներուն եւ մօտիկ բարեկամներուն կողմէ` քննադատելով եւ հաշիւի կանչելով Ալիեւի ղեկավարութիւնը: Ըստ լաւատեղեակ աղբիւրներու, 2003-էն ի վեր վեց հարիւրէ աւելի ազերի բանակայիններ մահացած եւ գրեթէ նոյնչափ ալ` վիրաւորուած են:

Այս «Ոչ  թռիչքային» մարտավարութեամբ եւ արարքով, Ալիեւ նաեւ կը փորձէ այլ բարդ կացութիւն մը կանխել: Արդարեւ, հետզհետէ բարձրացած է այն ազերիներու թիւը, որոնք մեկնած են Սուրիա` կռուելու եւ մաս կազմելու զանազան ծայրայեղական կազմակերպութիւններու: Այս արտագաղթող մարտիկներուն մեծամասնութիւնը միացած է սիւննի ծայրայեղականներու, կայ նաեւ փոքրամասնութիւն մը` կազմուած շիի յարանուանութենէն, որ միացած է Ասատի ուժերուն: Վերոյիշեալ երկու կողմերուն ի նպաստ գործող այս կռուողները ապագային վերադառնալով` կրնան կացութիւն մը ստեղծել Ազրպէյճանի մէջ` զանազան շրջաններէ ներս անջատողական հոսանքներ ստեղծելով, անշուշտ նաեւ` Արցախի հիմնահարցին մէջ դեր ունենալով:

 

17 նոյեմբեր 2014

Նախորդը

Տեսակէտ. Մենք` Մեր Ներկան Ու «Ծանօթ» Ապագան

Յաջորդը

Հիւանդանոցներու Տագնապ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.