Չինաստանի Քինտաօ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող կրան փրի վարկանիշերու ժիւտոյի մրցաշարքին մասնակցող, ազգային հաւաքականի անդամ Յովհաննէս Դաւթեան մրցաշարքին առաջին օրը յաջորդական երեք յաղթանակ արձանագրելէ ետք հասաւ աւարտական հանգրուան: Սակայն ան պարտութիւն մը կրելէ ետք ֆրանսացի Վենսան Լիմարէն, տիրացաւ արծաթ մետալին:
ArmSport.am օգտագործելով Հայաստանի Ժիւտոյի ֆետերասիոնին կայքին հրապարակած լուրը, աւելցուց, որ ան այսպիսով 180 կէտ ապահովելով միջազգային դասաւորման մէջ, զգալիօրէն պիտի բարելաւէ իր դիրքը, նախքան իր արձանագրած այս յաղթանակը, ան 471 կէտով կը գրաւէր 34-րդ դիրքը:
Նշենք, որ Գրիգոր Իվանեան եւ Ժաննա Սթանքեւիչ մրցաշարքը չկրցան շարունակել:


