Ճափոնի Նարիթա քաղաքին մէջ 21 նոյեմբերին սկսած է սամպոյի աշխարհի ախոյեանութիւնը` 80 պետութիւններէ 300 մարզիկներու մասնակցութեամբ:
Մրցումներու առաջին օրը տեղի ունեցած են կիներու եւ տղոց մրցումները` մարզական ու մարտական սամպոյի մետալներու 3-ական հաւաքածոյ:
Հայաստանի մարզիկներէն գերազանց խաղարկութեամբ հանդէս եկած է արցախցի Մաւրիկ Նասիբեանը, որ յաղթելով բոլոր գօտեմարտերուն, նուաճած է ոսկի մետալ ու մարտական սամպոյի 74 քիլոկրամ ծանրութեան դասակարգէն հռչակուած է աշխարհի ախոյեան:


