Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԱԿԱՆ ՊՐԻՍՄԱԿ. ՀՊԱՐՏՈՒԹԵԱՆ ԱՂԲԻՒՐԸ (25 ՅՈՒԼԻՍ, 1897)

July 25, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատմականօրէն Խանասորայ արշաւանքին մասին արձանագրուած դիպաշարերն ու յուշագրութիւնները խորապէս կ՛առանձնանան իրենց իւրայատկութեամբ, որովհետեւ անոնց մէջ կը յայտնուին տուեալ ժամանակի յեղափոխական տրամաբանութիւնն ու գաղափարական ենթահողը:

Այն հրաշափառ գաղտնիքը, որուն ընդմէջէն տասնամեակներ շարունակ պիտի ներշնչէր ու ոգեւորէր իրերայաջորդ սերունդներ, կը կայանար այն իրողութեան մէջ, որ ֆետայական շարժման առաջին իսկ հանգրուանին, ազդանշանը կը տրուէր կազմակերպական կուռ եւ խոստմնալից աշխատանքներու ձեռքբերումին` վրիժառական թէ պատժական քայլերու որդեգրումով:

Ճիշդ է, որ դէպի ազատութեան բագինին ճախրող յեղափոխականներուն համար այդքան ալ դիւրին ընկալելի մտայղացք մը չէր անիկա` որպէս պատժական արարք, աւելի քան երկու հարիւր յիսուն ազատամարտիկներու մասնակցութեամբ, այդուհանդերձ, արշաւանքին դարբինը հանդիսացող աննման հայդուկապետ, դաշնակցական եզակի տիպար ու բոլոր ժամանակներու ռազմագէտ Նիկոլ Դումանի համար հիմնականը արշաւանքի կազմակերպումն ու գործադրութիւնն էր` ազգային արժանապատուութեան վերականգնումին նպաստելու գիտակից մղումով եւ առհասարակ ռազմական գործողութիւններու նոր մակարդակի նուաճումով:

Փաստօրէն, Վան-Վասպուրականի ինքնապաշտպանական կռիւներէ ետք, երբ դաշնակցական Պետոյի, արմենական Աւետիսեանի եւ հնչակեան Մարտիկի ֆետայական խումբերը կը քաշուէին դէպի սահմանամերձ շրջաններ, անոնք դաւադրաբար կ՛ենթարկուէին հրոսակային յարձակումներու` քիւրտ Մազրիկ ցեղախումբին կողմէ, արժանանալով նահատակութեան փառապսակին:

Օրին, տակաւին իր առաջին քայլերուն մէջ գտնուող յեղափոխական շարժումը կը ստանար ծանր հարուած` յուսալքումի մատնելով ժողովուրդը համակ:

Սակայն, ուժգին այդ հարուածին դիմաց աննկուն կամքի տէր Նիկոլ Դումանի սուր միտքն ու պայծառ տրամաբանութիւնը բնականաբար կանգ պիտի չառնէր, եւ ի գին ամէն զոհողութիւններու ու արգելքներու պիտի կարենար դաշնակցական Ռայոնական ժողովի որոշումով իսկ լծուիլ այնպիսի հակահարուածի մը պատրաստութեան, որուն արձագանգները դեռ կը շարունակեն ոգեզինել դաշնակցական սերունդներ ամբողջ:

Իրօք, հակառակ ներքին տարակարծութիւններու եւ տարբեր մօտեցումներու, արշաւանքի բնոյթին տեսակէտէ, դաշնակցական լաւագոյն յեղափոխականներ կը լծուէին կազմակերպական աշխատանքի` յանուն դաշնակցական կամքի արտայայտութեան եւ որոշումի գործադրութեան:

Հայոց պատմութեան փառահեղ էջերուն վրայ արձանագրուած 25 յուլիս 1897 թուականը սոսկ յիշատակելի տարեթիւ մը չէ, իսկ դաշնակցական գրականութեան համար Խանասորայ արշաւանքին բնոյթն ու տարողութիւնը աւելին է, քան ֆետայական կռիւի մը բնութագրումը, պարզ այն հասկացողութեամբ, որ անոր փոխանցած թելադրականութիւնն ու իմաստը կը վերաբերի ցեղային առանձնայատկութիւններու եւ ազգային ըմբռնումներու բոցավառումին:

Արդարեւ`

Ազգային դիտանկիւնէ այս արշաւանքին խորագոյն պատգամը կը խտանայ այն ճշմարտութեան մէջ, թէ ազգային մէկութեան գաղափարականին համար ընծայուած եզակի աքթ մըն է անիկա, որով պէտք է հպարտանայ ազգը իր բաղադրիչ մասերով:

Յեղափոխական տրամաբանութեան տեսակէտէ` թշնամիին, այս պարագային Մազրիկ ցեղախումբին, հակահարուած տալու հրամայականին ընդառաջ, զինուորական նուաճում մըն էր արշաւանքը, ուր մարտավարական թէ ռազմագիտական հայեցակարգեր կը ստանային իրենց կենսատու աւիշը:

Իսկ ՀՅ Դաշնակցութեան համար նման  յաջողութեան մը ընդգծումը մեծապէս պիտի նպաստէր անոր աշխարհահայեացքին առաւել ամրագրումին,  զոհողութիւններու եւ ուժական պայքարի սաստկացումին:

Մէկ խօսքով, ազգային արժանապատուութեան վերականգնումին եւ մարտական գործունէութիւններու առաւել ճառագայթումին մէջ Խանասորայ արշաւանքը ունեցաւ իւրայատուկ նշանակութիւն, այլապէս դաստիարակչական իր բովանդակութեամբ եւ կազմակերպական հզօրանքի ազդուութեամբ:

Ինչ կը վերաբերի արշաւանքի դաշտին վրայ իրագործուած սխրանքին եւ ազատամարտիկներու  ցուցաբերած հայավայել կեցուածքին, կռիւի ատեն չդպչելու երեխային, կնոջ ու ծերունի տարրին, ապա, անիկա վեհանձնութեան թէ արութեան ամէնէն նուիրական ցուցանիշն է, որով յատկանշուեցաւ դաշնակցական ֆետային յեղափոխական շարժման ամբողջ տեւողութեան:

Յայտնապէս, կռիւի ատեն տիրապետող էին դաշնակցական իրաւութեան բնորոշ կարգապահութիւնն ու երկաթեայ կամքի անվերապահ գործադրութիւնը, որոնց արձագանգեց թշնամին անգամ` ի տես քաջարի տղոց սխրանքներուն:

Արդ, ի՞նչն է որ, մեզ հաւաքաբար ամէն առիթի կը մղէ վկայակոչելու այս արշաւանքին սնուցիչ տարրերը, անոր թողած ժառանգին հարազատութիւնն ու անժամանցելի արժէքը:

Փաստօրէն, հայ ժողովուրդը արշաւանքին յաջորդող տարիներուն իր լինելութեան գոյապայքարին ընթացքին իր մէջ գտաւ այն ուժն ու կորովը, մարտունակութիւնն ու հպարտութիւնը` անսալու Նիկոլ դումանեան պատգամին, հակահարուած տալու թշնամիի բոլոր սադրանքներուն եւ նենգութիւններուն, վճռակամօրէն դիմակայելու հայաջինջ ամէն նկրտում, եւ «ակն ընդ ականի» յեղափոխական տրամաբանութեամբ` կերտելու նորօրեայ յաղթանակները:

Փակագիծ մը:

Ինչպիսի՛ բացատրութիւն տալ այն հոգեկան կապուածութեան եւ ոգեւորութեան, որուն ականատես եղաւ համայն հայութիւնը տասնամեակներ ետք, այս անգամ Արցախեան գոյամարտերու ընթացքին, երբ մերօրեայ ազատամարտիկը իր մարտունակ եւ վեհանձն կեցուածքով յանձն առաւ պատժել եւ հակահարուածներ հասցնել թուրք-ազերի հորդաներուն,  ազատագրելու համար դարաւոր հայրենիքը:

Խոստովանանք մը:

Ցաւ ի սիրտ, հակառակ պատմական այս արարքին գերազանցապէս ուսանելի բնոյթին, տակաւին վերանկախ հայրենիքի երկնակամարին վրայ կը յամենան անոր յիշատակումն ու արժանահաւատօրէն ընկալումը:

Գալով դաշնակցական պատանիին ու երիտասարդին, այսօր աւելի քան երբեք հարկ է որ ցուցաբերեն գիտակցական վերաբերում, ինչպէս մօտիկ անցեալին, նաեւ այս օրերուն, գէթ տարեկան հանդիսութեամբ եւ տօնակատարութեամբ վկայակոչելու Խանասորայ արշաւանքին մեծութիւնը,  ստեղծագործ ոգիի անշահախնդրութիւնը, արութեան եւ հպարտութեան եզակի կարեւորութիւնը,   արհեստագիտական մերօրեայ կարելիութիւններու օգտագործումով եւ նորահաս սերունդներու սեփականութիւնը դարձնելու հրամայական պահանջով:

Հաստատօրէն, իրերայաջորդ սերունդներ հոգեկան ու գիտակցական նուաճումներու կ՛արժանանան, կը զօրանան ու կը դառնան ինքնավստահ, երբ ճանաչողական իրենց մակարդակով ցոյց կու տան խոնարհութեան եւ ջանասիրութեան օրինակներ:

114 տարիներու հեռաւորութեամբ, Խանասորայ արշաւանքին հմայքն ու տիպականութիւնը  դեռ կը ճառագայթեն անընդմիջաբար:

Հիմնականը` անոր ծանօթացումն է ժառանգաբար:

ՀԱՄԲԻԿ ՊԻԼԱԼԵԱՆ

Նախորդը

ՌՈՒՍԱԿԱՆ (ՄԵՏՎԵՏԵՒԻ) ՎՏԱՆԳԸ. ԱՐՑԱԽԻ ՀԱՐՑՈՒՄ ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԸ ԿԱՐՈՂ Է ԱՊԱՒԻՆԵԼ ՏԷՐ ՊԵՏՐՈՍԵԱՆԻ ԱՋԱԿՑՈՒԹԵԱՆԸ

Յաջորդը

«ՍՈՒՐԻՈՅ ՄԷՋ ԲԱՐԵԿԱՐԳՈՒՄՆԵՐ ԸՆԵԼՈՒ ԽՈՍՏՈՒՄ ՏՐՈՒԱԾ Է, ԵՒ ՊԷՏՔ Է ԺԱՄԱՆԱԿ ՏԱԼ ԱՆՈՆՑ ԻՐԱԿԱՆԱՑՄԱՆ» «ԱԶԴԱԿ»ԻՆ ԸՍԱՒ ԼԵՒՈՆ ԵՏԱԼԵԱՆ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.