Լիբանանի աթլեթիզմի ֆետերասիոնին մէկ պատուիրակութիւնը` գլխաւորութեամբ ֆետերասիոնի նախագահ Ռոլան Սաատէի, ինչպէս նաեւ մասնակցութեամբ փոխնախագահ Էլի Սաատէի եւ ընդհանուր քարտուղար Նաամթալլա Պաժժանիի, այցելեց Ֆուատ Շեհապի անուան մարզահամալիր (Ժունիէ) եւ յատուկ հանդիպում մը ունեցաւ համալիրի տնօրէն Էսփեր Զուէյնի հետ:
Անոնք մօտէն հետեւեցան համալիրին մէջ տարուող աշխատանքներուն` նկատի ունենալով, որ հոն աթլեթիզմի ախոյեանութիւններ եւ մրցաշարքեր կազմակերպելու համար յատուկ կազմածներ կը տեղադրուին եւ դասաւորումներ կը կատարուին, որպէսզի մարզիկները շատ աւելի լաւ արդիւնքներ կարենան ձեռք ձգել:


