Վարչապետ Թամմամ Սալամ այսօր պաշտօնական այցելութեամբ մը կ՛ուղղուի Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ բարձրաստիճան պատասխանատուներու հետ եւ պիտի քննարկէ Լիբանանի ու շրջանային իրադարձութիւնները:
Ապու Տապի եւ Տուպայ կատարելիք իր այցելութեան ընթացքին Սալամի պիտի ընկերակցի նախարարական, վարչական եւ լրագրողներու պաշտօնական պատուիրակութիւն մը:
Միւս կողմէ, երէկ վարչապետարանին մէջ Սալամ ընդունեց Մաքասետ իսլամական բարեսիրական միութեան կազմակերպած անկախութեան մրցումին մասնակից երեխաներուն պատուիրակութիւնը, որուն ներկայութեան շեշտեց, որ այս տարի Լիբանանի անկախութեան տօնը կսկիծ կը պատճառէ` նկատի ունենալով առեւանգուած բանակայիններուն անլոյծ թղթածրարը, ինչպէս նաեւ նախագահական թափուր մնացած աթոռը:
Նշենք, որ շաբաթավերջին կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին վարչապետ Սալամ դրուատեց Պեքաայի մէջ որդեգրուած ապահովական միջոցառումները, որոնց իբրեւ արդիւնք կարելի եղած էր բացայայտել ահաբեկչական բջիջներ, ինչպէս նաեւ գրաւել մեծ թիւով զէնք եւ զինամթերք:
Անդրադառնալով կառավարութեան աշխատանքին` Սալամ դժգոհութիւն յայտնեց նախարարաց խորհուրդի արդիւնաբերութեան արձանագրած նահանջին առումով, այդ իրականութիւնը վերագրելով երկրին մէջ տիրող քաղաքական սուր լարուածութեան, յատկապէս նախագահական ընտրութեան առումով:


