ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսի գրեթէ բոլոր թեկնածուները, որոնք աջակցած են հայ-ամերիկեան հարցերուն, յաղթանակ տարած են նոյեմբեր 4-ին կայացած ընտրութիւններուն: Արդիւնքը նոյնքան դրական եղաւ առաջադրուած միւս թեկնածուներուն համար` նահանգային եւ տեղական մրցապայքարներուն մէջ: Հետեւաբար Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը յայտարարեց, որ իր աջակցութիւնը վայելող թեկնածուներուն աւելի քան 95 տոկոսը յաջողութեան հասած է:
Թէեւ ե՛ւ հանրապետականները, ե՛ւ դեմոկրատները աւանդաբար կ՛աջակցին հայ-ամերիկեան հարցերուն, սակայն որոշ մութ ամպեր կուտակուած են հայկական լոպիական ջանքերուն վրայ Ուաշինկթընի նոր Քոնկրեսին մէջ տեղ գտած մեծ փոփոխութիւններուն պատճառով, որ կը գործէ 2015 թուականի յունուարէն` Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի վճռական տարուան ընթացքին:
Քանի մը գլխաւոր հայամէտ դեմոկրատ ծերակուտականներ կը կորսնցնեն իրենց ղեկավար պաշտօնները` նոր հանրապետական մեծամասնութեան պատճառով: Օրինակ` ծերակուտական Ռապըրթ Մենենտեզը, որ հայկական հարցերով A+ կը գնահատուի Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ, այլեւս պիտի չնախագահէ արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին: Զայն կը փոխարինէ հանրապետական Ռապըրթ Քորկըրը (D+), մէկը այն հինգ հանրապետական ծերակուտականներէն, որոնք անցեալ ապրիլին դէմ քուէարկեցին Հայոց ցեղասպանութեան բանաձեւին, արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովին մէջ: Բացի այդ, ծերակոյտի մեծամասնութեան առաջնորդ Հերրի Ռիտը (A) կը դառնայ փոքրամասնութեան առաջնորդ: Զայն կը փոխարինէ ծերակուտական Միչ ՄըքՔանըլը (C+), որ աջակցութիւն ստացած է Հայ դատի յանձնախումբին կողմէ վերընտրուելու համար: Ծերակուտական ՄըքՔանըլը դրական քուէարկած է որոշ հայկական հարցերու վերաբերեալ:
Պատկերը աւելի պայծառ չէ Ներկայացուցիչներու տան մէջ` հայ-ամերիկեան հարցերու վերաբերեալ անոր բարձրագոյն ղեկավարութեան դիրքորոշման առումով: Հանրապետական նախագահ Ճան Պէյնըր, որ կտրուկ աճ ստացած է իր կուսակցութեան մեծամասնութեան համար, Անգարա կատարած իր վերջին այցի ժամանակ յայտարարած էր, որ Ներկայացուցիչներու տունը չի զբաղիր Հայոց ցեղասպանութեան հարցով: Զարմանալի չէ, որ Հայ դատի յանձնախումբը անոր C գնահատական տուած էր: Յոյսի շող մըն է Ներկայացուցիչներու տան մեծամասնութեան ղեկավար Քեւըն ՄըքՔարթին (B-), որ ստացած է Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը վերընտրուելու համար եւ սերտ կապեր կը պահպանէ իր հայ ընտրողներուն հետ: Բարեբախտաբար` քոնկրեսական Էտ Ռոյսը (A+), որ նոյնպէս կը վայելէ Հայ դատի յանձնախումբին աջակցութիւնը, դեռ կը նախագահէ արտաքին յարաբերութիւններու կարեւոր յանձնաժողովին:
Զարմանալի չէ, որ թրքական լրատուամիջոցները կը յոխորտան Քոնկրեսի ընտրութիւններու արդիւնքներուն համար: «Հանրապետականները Հայկական հարցին մէջ կը նախընտրեն Թուրքիան», այսպիսին էր թրքական «Սապահ» թերթի խորագիրներէն մէկը: Լրագրող Ռաճիփ Սոյլուն գրած է. «Ծերակոյտին մէջ տեղի ունեցած որոշ փոփոխութիւններ կ՛օգնեն Թուրքիոյ անախորժ փորձառութեան Քոնկրեսին հետ»: Ծերակուտական Մենենտեզի «հեռացումը» արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովէն «Ծերակոյտին մէջ կ՛օգնէ Թուրքիոյ անյարմար եւ թոյլ դիրքին»: Լրագրողը կը շարունակէ` Ներկայացուցիչներու տան մէջ հանրապետականներու մեծամասնութեան վերահսկողութիւնը անուանելով «եւս մէկ լաւ լուր Թուրքիոյ համար, քանի որ Ներկայացուցիչներու տան նախագահ Ճան Պէյնըր արդէն խոստացած է Հայկական հարցը չբերել օրակարգ»: «Քոնկրեսը չի զբաղիր այս հարցով: Մենք պատմութիւն չենք գրեր, մենք պատմաբաններ չենք», ըսած է ան Անգարա կատարած իր այցելութեան ժամանակ, 2014-ի ապրիլին:
«Սապահ» թերթի մէկ այլ յօդուածին մէջ Իլնուր Չեւիք մեծամտօրէն գրած է. «Թուրքիոյ ճակատագիրը այնքան ալ վատ չէ, ի դէմս հաւանական խնդիրներու` Օսմանեան ժամանակաշրջանին հայերու հետ կապուած 1915-ի իրադարձութիւններու 100-ամեակին առթիւ»: Չեւիք հանրապետականները կը ներկայացնէ որպէս ոչ այնքան «կռուարար» Հայկական հարցին վերաբերեալ, որքան` դեմոկրատները, «որոնք ամէն ջանք կ՛ընեն Միացեալ Նահանգներու հայկական լոպին գոհացնելու համար, հետեւաբար աւելի ընկալելի պիտի ըլլար հայերու վերաբերեալ կարծր ձեւակերպումները, յատկապէս` 2015 թուականին, երբ Ա. Համաշխարհային պատերազմի ընթացքին տեղի ունեցած իրադարձութիւններու 100-ամեակն է, երբ օսմանեան տիրապետութեան տակ գտնուող հայերը սպաննուեցան, եւ այս վիճայարոյց հարցը հայերը կ՛անուանեն ցեղասպանութիւն»:
Մէկ այլ թրքական պարբերական` «Ուըրլտ Պուլըթըն»-ը, իր յօդուածը հրճուանքով վերնագրած է. «Հանրապետականներու յաղթանակը Միացեալ Նահանգներու Քոնկրեսին Մէջ Նպաստաւոր Է Թուրքիոյ Համար»: Յօդուածին մէջ կը նշուի, որ` «դեմոկրատի գլխաւորութեամբ ծերակոյտի արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովը մղձաւանջ պիտի ըլլար թուրքեւամերիկեան յարաբերութիւններուն համար, քանի որ անիկա հանդէս կու գար օրինագիծերով` Հայոց ցեղասպանութեան պահանջներով արեւելեան Թուրքիոյ մէջ տեղի ունեցած 1915 թուականի իրադարձութիւններուն վերաբերեալ»: Ուաշինկթընի Մերձաւոր Արեւելքի քաղաքականութեան հիմնարկի թրքական հետազօտական ծրագիրներու տնօրէն Սոներ Չաքափթայ հաստատեց նոր ծերակոյտին թրքամէտ կողմնորոշումը, քանի որ` «հանրապետականներն են, որոնք կանխած են Թուրքիոյ դէմ ցեղասպանութեան պահանջներով օրինագիծերը»: Մէկ այլ թուրք վերլուծաբան` Քատիր Ուսթուն, նկատած է, որ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ Քոնկրեսի բանաձեւի ընդունման հնարաւորութիւնը «երբեք այսքան քիչ չէ եղած, քանի որ Քոնկրեսը հանրապետականներու վերահսկողութեան տակ է»:
Այժմ Քոնկրեսի հանրապետական ղեկավարներու հետ սերտ կապեր ունեցող ամերիկահայերու պարտքն է` համոզել զանոնք պահպանելու հայկական նախաձեռնութիւնները, միաժամանակ բացայայտելով Թուրքիոյ աջակցութիւնը «Իսլամական պետութեան» ահաբեկիչներուն, որոնք կը սպառնան Միացեալ Նահանգներու ազգային շահերուն, Միջին Արեւելքի մէջ:
ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր
Թարգմանեց`
ՌՈՒԶԱՆՆԱ ԱՒԱԳԵԱՆ
Արեւմտահայերէնի վերածեց`
«Եռագոյն» կայքը


