ArmSport.am կայքը կը հաղորդէ, որ Հայաստան Տինամօ մարզական-հասարակական կազմակերպութեան մարզադահլիճին մէջ տեղի ունեցած Հայաստանի թեքուանտոյի ախոյեանութեան իրենց մասնակցութիւնը բերին 41 մարզիկներ` Երեւանէն, Արցախէն, Արագածոտնէն, Կոտայքէն եւ Արմաւիրէն:
Ըստ դասակարգերու, ախոյեան հանդիսացան հետեւեալ մարզիկները. Սերկէյ Աւանեսով (54 քկ), Հայկազ Սամուէլեան (58 քկ), Յակոբ Ղազարեան (63 քկ), Վահագն Աղէկեան (65 քկ), Գոռ Շահպազեան (74 քկ), Սարգիս Աւանեսով (80 քկ), Լէոնիտ Յարութիւնեան (87 քկ) եւ Արսէն Գրիգորեան (87 քկ եւ վեր):


