Անցեալին, Եւրոպայի ամէնէն կարեւոր մրցումներուն Ճիմի ճամփ անունով ֆութպոլի համակիր մը անպայման մարզադաշտ կը ներխուժէր:
«Էլ Մունտօ Տեփորթիւօ» կը յայտնէ, որ այժմ ան շատ սուղ գին կը վճարէ իր այդ անկարգապահութիւններուն համար: Ան ներկայիս սնանկացած հռչակուած է, որովհետեւ անոր պարտքը 280 հազար եւրօ կը կազմէ:
«Ես այլեւս դրամ չունիմ, որովհետեւ դատարանը որոշած է իւրաքանչիւր ամիս իմ աշխատավարձիս 50 առ հարիւրը բռնագանձել», ըսած է ան` սպանական մամուլին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին:
Ան մարզադաշտ սկսած է ներխուժել 2004-էն ի վեր: Ան այդ քայլերուն դիմած է Եւրոպայի ախոյեանութեան աւարտականին` «Չեմփիընզ լիկ»-ի եւ «Քլասիքօ»-ի մրցումներուն, իսկ գագաթնակէտը եղաւ 2010-ի Մոնտիալի աւարտականին անոր դաշտ մուտք գործելը:
Այսուհետեւ անոր արգիլուած է Սպանիոյ եւ Գերմանիոյ տարածքին ֆութպոլի մրցումներու ներկայ գտնուիլ:
101greatgoals.com կայքը կը յայտնէ, որ պէտք է անոր համար դրամահաւաք մը կազմակերպել ամէն գնով:


