«Էն. Պի. Էյ.»-ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան ծիրին մէջ, երէկ կատարուեցան 4 ճակատումներ:
Շարունակելով իր ձախող ելոյթներու շարքը` Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ, այս անգամ պարտուեցաւ Տալաս Մավըրիքսէն` 123-70 արդիւնքով:
Անիկա այսպիսով եղաւ Սիքսըրզի կրած 8-րդ յաջորդական պարտութիւնը, 8 մրցումէ ետք:
Մեմֆիս Կրիզլիզ արձանագրեց իր 8-րդ յաղթանակը (անիկա կրած է պարտութիւն մը միայն)` կէտի մը տարբերութեամբ` 111-110 արդիւնքով յաղթելով Սաքրամենթօ Քինկզին:
Յաղթանակներ արձանագրեցին նաեւ Շիքակօ Պուլզ եւ Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ` յաջորդաբար պարտութեան մատնելով Թորոնթօ Ռեփթըրզը (100-93) եւ Պրուքլին Նեթցը (107-99):
Ստորեւ` շաբաթավերջին տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.
ՇԱԲԱԹ
Ինտիանա Փէյսըրզ – Տենվըր Նակեթց
Օրլանտօ Մեճիք – Միլուոքի Պաքս
Աթլանթա Հոքս – Մայեմի Հիթ
Պոսթըն Սելթիքս – Քլիվլենտ Քաւալիրզ
Նիւ Եորք Նիքս – Եութա Ճեզ
Հիուսթըն Ռոքեթց – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ
Նիւ Օրլինզ – Մինեսոթա Վուլվզ
Օքլահոմա Սիթի – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Ֆէոնիքս Սանզ – Շարլոթ Հորնեթց
Լոս Անճելըս Լէյքըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
ԿԻՐԱԿԻ
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Օրլանտօ Մեճիք
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Աթլանթա Հոքս
Թորոնթօ Ռեփթըրզ – Եութա Ճեզ
Շիքակօ Պուլզ – Ինտիանա Փէյսըրզ
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Տիթրոյիթ Փիսթընզ
Տալաս Մավըրիքս – Մինեսոթա Վուլվզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Պրուքլին Նեթց
Սաքրամենթօ Քինկզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Ֆէոնիքս Սանզ


