
Նախաձեռնութեամբ Լիբանանի թեմի Կրօնական ժողովին, այուհետեւ ամէն ուրբաթ երեկոյեան ժամը 8:00-9:00 Նորաշէնի Սրբոց Վարդանանց եկեղեցւոյ մէջ պիտի կատարուի Ս. Գիրքի սերտողութիւն երիտասարդութեան հետ` «Միասնաբար սերտենք Աստուածաշունչը» խորագիրով: Այս նախաձեռնութեան նպատակն է ուղղել երիտասարդութիւնը ճշմարիտ ձեւով սերտելու եւ ըմբռնելու Աստուածաշունչին պատգամները եւ զանոնք գործադրելու իրենց առօրեայ կեանքին մէջ, ինչպէս նաեւ երիտասարդ – եկեղեցի կապը ամրացնել:
Այս շարքին առաջինը տեղի ունեցաւ երէկ` ուրբաթ, 14 նոյեմբերին: Սերտողութիւնը վարեց Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան: Լսարանի ընթացքին «Փաուըր փոյնթ»-ով տեղի ունեցաւ սաղմոսասացութիւն, շարականներու երգեցողութիւն եւ աղօթք: Ապա ներկաներուն փոխանցուեցաւ, թէ ինչպէ՛ս պէտք է կարդալ Աստուածաշունչը. Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան անդրադարձաւ երկու կարեւոր կէտերու. առաջինը` «պէտք է ի մտի ունենալ, որ Աստուածաշունչը պարզ գիրք մը չէ, այլ Աստուծոյ շունչով գրուած եւ Աստուծոյ զօրութեամբ կը փոխանցուի մեզի», երկրորդը` «Աստուածաշունչը պէտք է կարդալ հաւատքով, աղօթքով եւ սիրելով, որովհետեւ անիկա մեզ հոգեպէս կը զօրացնէ, մեր հոգիները կ՛ազնուացնէ եւ մեր անձերը կը խոնարհեցնէ»:
Յառաջիկային սերտողութեան նիւթերը պիտի ընդգրկեն Քրիստոսի առակները` փոխանցելով իւրաքանչիւր առակի բացատրութիւնը:
Յիշեցնենք, որ արդէն իսկ իւրաքանչիւր ամսուան առաջին ուրբաթ օրը կը կատարուի Ս. պատարագ` մասնակցութեամբ Մեծի Տանն Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան դպրեվանքի սաներուն: Հետեւաբար վերոյիշեալ Ս. գիրքի սերտողութիւնները պիտի կատարուին անոր յաջորդող 3 ուրբաթ օրերը:


