Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՎՐԷԺ ՖՈՒՃՈՒՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

July 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Դաժան ճակատագրի քմայքին ստեղծած սուգի եւ վշտի օրեր ապրեցանք քառասուն օրեր առաջ, երբ իմացանք յանկարծական մահը առողջ այս երիտասարդին` Վրէժ Ֆուճուրեանին:

Խոցուած սրտով ընտանիքի մը երկրորդ արու զաւակն էր Վրէժ: Իր երէց եղբայրը` Սարգիսը նահատակուած էր երիտասարդ տարիքին լիբանանեան եղբայրասպան պատերազմի առաջին տարիներուն, հայկական մեր թաղերը պաշտպանողի պարտականութեան վրայ: Ճգնաժամ մը ստեղծուած էր հայկական մեր կեանքին մէջ մեր երիտասարդ սերունդին նահատակութիւնը, որուն առաջիններէն եղած էր Սարգիս Ֆուճուրեան:

Այդ օրերուն Վրէժ նոր դուրս ելած պատանեկան տարիքէն` ուսումը կը շարունակէր, ապա, կարճ ժամանակ մը ետք նետուեցաւ գործի ասպարէզ: Գնաց արաբական երկիր մը, Ժետտա քաղաքը, ուր կիրարկեց իր ստացած վկայականին աշխատանքը: Եղաւ ընկերութեան մը հաշուապահը, մնաց հաւատարիմ իր պաշտօնին վրայ, ինքզինք արդիւնաւորեց նիւթական տեսակէտով:

Վրէժ յաջողեցաւ կեանքը շահելու ասպարէզին մէջ, մայրն ու քոյրը ուրախացան, մխիթարուեցան իր յաջողութեամբ: 4 տարեկանին հօրմէն որբացած Վրէժ ինքզինք կը կերտէր` յոյս ներշնչելով ընտանիքին, մասամբ մոռցնել տալու Սագոյին ստեղծած սուգը, որ անշուշտ անմոռանալի էր:

Վրէժ Ֆուճուրեան կանուխէն, պատանի տարիքէն մտած էր ՀՅ Դաշնակցութեան շարքերը` միշտ հաւատարիմ գաղափարին այս կուսակցութեան: Ան նաեւ եղաւ հաւատարիմ մարզիկը ՀՄԸՄ-ի: Մասնակցեցաւ պասքեթպոլի խումբին, բազմատեսակ մարզաձեւերու, առանց մոռնալու վազքի մրցումները` միշտ առաջին մրցանակի արժանանալով:

Առողջ երիտասարդ, հետեւորդը` «Առողջ միտք առողջ մարմնի մէջ» իմաստուն սկզբունքին, շարունակեց իր կեանքը հաւատարիմ գործին եւ հայկական աւանդութեանց: Ամուսնացաւ Մարօ Արմէնեանին հետ, որ եղաւ ընտանիքի տիպար մայր մը, ունեցան երեք զաւակ, որոնց տուաւ պատշաճ դաստիարակութիւն եւ հայեցի կրթութիւն:

Տօնական թէ արձակուրդի օրերուն Վրէժ կը վերադառնար Լիբանան` իր ծննդավայրը, յաճախ կ՛երթար Այնճար, որովհետեւ զաւակն էր ճեպելմուսացի Աբրահամ Ֆուճուրեանին: Այնճարի մէջ ունէին տուն ու տնամերձ պարտէզ:

Որբութեամբ հասակ առած ու ինքզինք կերտած Վրէժ պատրաստ էր վայելելու արգասիքը 32 տարիներ Ժետտայի մէջ շահած-պահածին: Իր զաւակները եւս դրաւ որոշ մակարդակի մը վրայ, դպրոցական եւ համալսարանական ընթացքով: Այս արդէն առաքինութեան եւ կեանքի դժուար պայմանները նուաճած ըլլալու կամքէն կու գար: Այս նախանձախնդրութիւնը Վրէժ ստացած էր մօրմէն` տիկին Մարիէն եւ ազգին նուիրեալ քրոջմէ` Քնարէն: Մայր եւ քոյր` հայութեամբ թրծուած, հայ արժէքներու պահապան եւ ջատագով. այլ կերպ չէր կրնար ըլլալ նաեւ Վրէժին կեանքին ուղեգիծը:

Բայց… բայց կեանքը այլ անակնկալ մը պատրաստած էր այս ազգանուէր ընտանիքին համար, դառն, անժամանակ, որ խլեց կեանքը Վրէժին` որբացնելով երեք զաւակները, տակաւին` ուսանողներ: Ճակատագիրը ունի իր տնօրինումները, մեզմէ անկախ որոշումները, յաճախ անհաճոյ, ցաւագին եւ նոյնիսկ անարդար: Կորսնցուցինք հայութեամբ շնչող երիտասարդ մը, որուն մահուան ոչ ոք հաւատաց, որովհետեւ կեանքին ընթացքին բնաւ  չհիւանդացած այս տղան չար կատակ մը կ՛ընէր անգիտակցաբար: Ափսոս իր տաժանագին աշխատանքին, յաջողութեան հասնելու նուիրումին, որոնց բարիքները դեռ նոր պիտի վայելէր: Շինել, կերտել, պատրաստել, արժանապատիւ կեանք մը շարունակելու տենդով տարուած, կը կիսուէր երիտասարդ կեանքը Վրէժին:

Ո՞վ կրնայ բողոքել ճակատագրին, ո՞ւր կարելի է գտնել զայն… Մեր մաղթանքն է, որ իմաստութեամբ եւ հոգեկան զօրութեամբ սփոփուին իր մայրն ու քոյրը, կողակիցը եւ զաւակները: Այդ արի կեցուածքով միայն կարելի է  տոկալ կեանքի դաժան պայմաններուն:

Թող հողը թեթեւ գայ Վրէժին մարմնին: Ան մեկնեցաւ այս աշխարհէն իր պարտականութիւնը լրիւ կատարած հայորդիի մը տիպարային օրինակով:

Յիշատակդ անթառամ, սիրելի Վրէժ:

ՇԱՀԱՆԴՈՒԽՏ

Նախորդը

ՎՐԷԺ ՖՈՒՃՈՒՐԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

Յաջորդը

ԵՐԱԶՆԵՐՈՒ ԿՈՐԾԱՆՄԱՆ ՊԱՏՄՈՒԹԻՒՆ ՄԸ (ՎՐԷԺ ՖՈՒՃՈՒՐԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.