Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. Դասախօսութիւն` «Շաքարախտաւորին Առողջապահական Հարցերը» Նիւթով

November 13, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

DSC04428Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 12 նոյեմբեր 2014-ին, առաւօտեան ժամը 10:00-ին տեղի ունեցաւ «Շաքարախտաւորին առողջապահական հարցերը» նիւթով դասախօսութիւն մը, զոր ներկայացուցին Պէյրութի ամերիկեան համալսարանէն Թամար Աւետիսեան- Մկրտիչեան եւ Սիլվա Տագէսեան-Սայլեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը ներկայացուց ատենապետ Սոնա Եափուճեան: Ան ներկայացնելէ ետք դասախօսները նշեց, թէ Լիբանանի բնակչութեան 10 առ հարիւրը կը տառապի շաքարախտէ: Շաքարախտաւորներու պարագային կարեւոր է շաքարի քանակը հակակշռել, որովհետեւ չհակակշռուած շաքարախտը յաճախ բարդութիւններու դուռ կը բանայ:

Սիլվա Տագէսեան-Սայլեան դասախօսութեան սկսաւ յիշելով, թէ 14 նոյեմբերին Շաքարախտաւորներու միջազգային օրն է: Ան շարունակելով ներկայացուց հետեւեալ թուային պատկերները` աշխարհի մէջ 11 հոգիէն մէկը կը տառապի շաքարախտէ, իսկ 4 հոգիէն մէկը չի գիտեր, թէ ինք շաքարախտաւոր է:

Ամերիկայի մէջ շաքարախտը 7-րդ տեղը կը գրաւէ իբրեւ մահ պատճառող ախտ:

Իսկ լիբանանեան պատկերը, որ ընդգրկուած է միջինարեւելեան առողջապահական պայմաններուն մէջ, կը ներկայանայ հետեւեալ վիճակով: 8-24 առ հարիւրը կը տառապի շաքարախտէ:

Լիբանանի մէջ թիւը բարձր է այն անձերուն, որոնք լաւապէս ու հետեւողականօրէն չեն հսկեր իրենց շաքարի արեան քանակին:

Սահմանելով շաքարախտը` դասախօսը բացատրեց, թէ շաքարախտը քրոնիկ հիւանդութիւն մըն է, յատկանշուած արեան մէջ շաքարի բարձր քանակով, ուր ենթաստամոքսային գեղձը բաւարար ինսուլին չ՛արտադրեր, կամ արիւնը ոչ բաւարար տարողութեամբ կը հակազդէ ինսուլինին:

Դասախօսը նշեց նաեւ այն բարդութիւնները, որոնք հետեւանք են շաքարախտի` սրտանօթային հիւանդութիւններ, երիկամներու խանգարում, տեսողութեան խանգարում եւ ջղային, մորթային համակարգի խանգարում, հիւանդութիւններ:

Սիլվա Տագէսեան-Սայլեան յաջորդաբար նշեց զանազան ախտանշաններ, որոնք են ծարաւի, անօթութեան, յոգնութեան զգացումներ, ինչպէս նաեւ գլխացաւի, գլխապտոյտի:

Երկրորդ բաժինով դասախօսութիւնը շարունակեց Թամար Աւետիսեան-Մկրտիչեան: Ան բացատրեց շաքարախտը կառավարելու հիմնական չորս ուղղութիւնները` սնունդը, շաքարի քանակը, դեղամիջոցները եւ մարզանքը, որոնց պէտք է հետեւիլ:

Դասախօսը բացատրեց, թէ այս չորս ուղղութիւնները պէտք է կարգաւորուին: Սնունդի պարագային կանաչեղէնը պէտք է ըլլայ մեծ բաժինը ճաշին, ինչպէս նաեւ պէտք է ունենալ ածխաջրածիններ եւ սպիտակուցներ  սննդականոնին մէջ, բայց նուազ քանակութեամբ:

Մարզանքը պէտք է ըլլայ օրինաւոր եւ շարունակական, պահելու մարմինի ընդհանուր առողջութիւնն ու աշխուժութիւնը` իբրեւ հիմնական ազդակ նուազագոյնի սահմաններու մէջ պահելով շաքարախտի բարդութիւնները:

Աւարտին, դասախօսները տարբեր բացատրութիւններով եւ լուսաբանութիւններով պատասխանեցին ներկաներուն հարցումներուն:

 

 

Նախորդը

Սրտիս Ու Մտքիս Մէջ Դրոշմուած Արցախեան Պատկերներ (Ա.). «Մեզի Համար Տուն Կը Շինեն»

Յաջորդը

«Ազդակ»-ի Ֆոնտին

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.