Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱՆԶՈՒԳԱԿԱՆ ՄՏԱՏԻՊԱՐԸ (ՀՄԸՄ-ԱԿԱՆ ԳԷՈՐԳ ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ԱՆԹԱՌԱՄ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ)

July 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Ամէնքս էսպէս հիւր ենք կեանքում
Մեր ծննդեան փուճ օրից,
Հերթով գալիս, անց ենք կենում
Էս անցաւոր աշխարհից:
Անց ենք կենում… միայն անմահ
Գո՛րծն է խօսում լաւ ու վատ.
Ա՛խ, երանի ով մա՛րդ կը գայ
Ու մարդ կ՛երթայ անարատ:
ՅՈՎՀԱՆՆԷՍ ԹՈՒՄԱՆԵԱՆ

Ի՞նչ բառերով բնորոշել եղբայր Գէորգին ազգօգուտ ներդրումը, հաւատարմութեա՞մբ` իր սիրած «ԲԱՐՁՐԱՑԻՐ, ԲԱՐՁՐԱՑՈՒՐ» գաղափարին, իր ընտանիքին հանդէպ սիրո՞վ, թէ՞ համեստ ու բարեպաշտ ընտանիքի մը պարկեշտ այս զաւակին նկատմամբ շրջապատին մէջ թէ այլուր դրսեւորուած սիրով:

Գէորգ Գարապոյաճեան ծնած է Լաթաքիա, 1940-ին, 6-րդ զաւակը` Մովսէս եւ Մարի ամոլին: Աշակերտած է Հայ աւետարանական կեդրոնական բարձրագոյն վարժարանին, զոր աւարտած էր 1958-ին:

Հայկազեան համալսարանէն պսակաւոր արուեստից տիտղոսով վկայուած էր 1963-ին, իսկ Մերձաւոր Արեւելքի աստուածաբանական ճեմարանէն պսակաւոր աստուածաբանութեան տիտղոսով` 1967-ին:

Իբրեւ ուսուցիչ` տասը տարի ծառայած էր զանազան վարժարաններու մէջ եւ 1989-էն մինչեւ իր մահկանացուն կնքելը պաշտօնավարեց ՔԱՀԼ-ի Լիբանանի հայ անկարներու կեդրոններու իբրեւ տնօրէն:

Ամուսնացած է Աստղիկ Քիւրքճեանի հետ, 1968-ին, եւ բախտաւորուած են երկու զաւակներով` Լիւսիլ եւ Հրայր:

Գ. Գարապոյաճեան վերջին հրաժեշտով մեզմէ կը բաժնուի անվերադարձ` մեզի ձգելով իր հաւատքի ճանապարհով սիրած հայրենիքին եւ իր պատկանած կազմակերպութեան համար զոհաբերելու առաքելութիւնը:

Մահուան խորհուրդին ու անխուսափելիութեան շեշտակի նայողներուն համար անակնկալ չէր անոր անժամանակ կորուստը: Ան կ՛արհամարհէր գալիք արհաւիրքը ու կը շարունակէր իր առօրեան, կարծէք` ոչինչ պատահած ըլլար:

Ինչպէս իր ժամանակներուն մէջ գրեթէ ամէն մեծութեան, եղբ. Գէորգին համայնքային եւ ՀՄԸՄ-ական առօրեան անմասն չմնացին շրջապատէն հասնող իր գաղափարական փիլիսոփայութիւնը չհանդուրժողներուն նենգ հարուածներէն: Իր անխորտակելի կամքին յենած եւ բարութեան վստահած` ինքնախաբէութիւնը ապրեցաւ, թէ պիտի տոկար հարուածներուն, պիտի տոկար փոթորիկին ու հողմերուն:

Գ. Գարապոյաճեան կը հաւատար իր մայր հայրենիքի անկախութեան, եւ իր ներաշխարհին մէջ դրոշմուած մնաց այդ ուրախ իրագործումը: Իր աննկուն հաւատքով հայասիրութիւնը սերմանեց իր շրջապատին մէջ:

Երկու զաւակներու հայրը կը բաւարարուէր իր առօրեայով առողջ դաստիարակութիւն ջամբելով իր զաւակներուն: Տարիներ ամբողջ պահպանուած ընտանեկան այս մթնոլորտը, յանկարծ յուսալքութեան կը վերածուի, երբ իր հիւանդութիւնը կը սկսի զինք հիւծել, եւ որ անդարման կը շարունակուի մինչեւ իր մահը:

ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի մեծ ընտանիքը առանց մոռնալու պիտի յիշէ եղբ. Գէորգին ծառայութիւնները ու անոր վաստակաւոր ներդրումը, մանաւանդ` աթլեթի մարզին, որպէս երկար տարիներու ատենապետ. նաեւ միութիւնը պիտի չմոռնայ եղբօր երկարամեայ ծառայութիւնները իր շատ սիրելի ՀՄԸՄ-ի Պուրճ Համուտ մասնաճիւղին:

Ան ներկայ կը գտնուէր, ի պաշտօնէ եւ հրաւէրներով, ՀՄԸՄ-ի ներկայացուցչական բազմաթիւ ժողովներուն, ուր կ՛արտայայտէր շինիչ գաղափարներ` ի նպաստ իր պատկանած սիրելի ՀՄԸՄ-ին:

Բազմազան եղած են Գէորգ Գարապոյաճեանի ծառայութիւնները, զորս ան մատուցեց բոլորին անխտիր: Յիշելու համար զինք, անունին դիմաց պէտք է կանգ առնենք, խորունկ թափանցելով` վերյիշենք իր կեանքի անցած ճանապարհը եւ բանաստեղծին նման հարց տանք…

Կեանքէն ինծի ի՞նչ մնաց,
Ի՛նչ որ տուի ուրիշին,
Տարօրինա՛կ, ա՛յն միայն…

Մէկիկ-մէկիկ մեզմէ բաժնուող սերունդը իր գործը աւարտած` կ՛երթայ այս աշխարհէն, բայց կը ձգէ բաց մը, որ հետագային ոչ մէկ սերունդ ի վիճակի պիտի ըլլայ լրացնելու: Անհետացող սերունդը իրեն հետ կը տանի նաեւ պատմական մեր յիշողութիւնը, որ փաստագրական տուեալներէ աւելի մեծ նշանակութիւն ունի մեզի համար:

Նկարագրելով անոր յատկութիւններն ու շեշտուած հայրենասիրութիւնը` պէտք է նկատի առնել եղբօր անբասիր շաղուածքը, բարի ու հայրենասէր ոգին, հարցերը իրենց յատուկ եղանակային բարեմասնութեամբ դիտելու կերտուածքը, գաղտնապահութիւնը եւ եսասիրութենէ ու ինքնագովութենէ հեռու մնալու ՀՄԸՄ-ականի կերպարին մարմնաւորումը:

Գէորգ Գարապոյաճեանը 2008-ին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան կողմէ պարգեւատրուեցաւ «Ծառայութեան» շքանշանով:

Քիչերու վիճակուած է առաքինութեամբ ապրիլ ու մեռնիլ առաքինութեամբ: Գէորգ Գարապոյաճեան կը բաժնուի մեզմէ ու կը մեկնի այս աշխարհէն` տալով իր կարելին, սակայն ան մեր յիշողութեան յանձնեց ազգային իտէալի մտածումը, զոր հետագային պիտի կարողանանք իրագործել:

ՔԱՀԼ-ի մէջ իր ներդրումներուն կողքին, կը յիշենք 1989-ին «Տեղեկատու» ամսաթերթի հրապարակումը 1200 տպաքանակով:

Հանրածանօթ դարձած էր իր եռահատոր «Բնութեան գործերը» գիրքերով, լուսանկարչական ոսպնեակէն դիտուած, Գարապօ ստորագրութեամբ: Լուսանկարներու ցուցահանդէսներուն դրական արդիւնքներուն մասնակից կը դարձնէր հայ ծերունիները:

Շատ մը այլ հետաքրքրութիւններու կողքին, ան սիրած էր լուսանկարչութիւնը եւ վերջին տասը տարիներուն զարգացուցած էր այդ նախասիրութիւնը` ներկայ ոճով լուսանկարահանումներ կատարելով:

Այս աշխատանքներու կողքին միշտ պիտի յիշենք իր հեղինակութեամբ իրագործուած թռչնագիր «Գիրք ժողովողի»ն: Կայ նաեւ «Հիմնադրամի» ձեռնարկը, որ կը միտէր նիւթական գոյատեւումը ՔԱՀԼ-ին, որուն համար ան հարազատօրէն աշխատեցաւ պարտն ու պատշաճը կատարելով:

Գէորգ Գարապոյաճեան քիչ աշխատանք չտարաւ ծերունիի մը որդեգրման եւ «365 օրերէն օր մը հայ ծերանոցին» ծրագիրին յաջողութեան ի խնդիր:

Այս բոլորը իրականացուցած ու նպատակին հասցուցած` ան միշտ եղած էր պարտաճանաչ ու երախտապարտ իւրաքանչիւր նուիրատուին, իւրաքանչիւր աջակիցին եւ իւրաքանչիւր նեցուկ կանգնողին` յայտնելով իր խորին շնորհակալութիւնները:

«Օտարներու կողմէ մշակուած եւ հայերուն նուիրուած գեղեցիկ պարտէզի մը նման է ծերանոցը», կ՛ըսէր ան:

Այս տխուր առիթով ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը եւ իր բոլոր մասնաճիւղերուն քոյրերն ու եղբայրները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն անոր կնոջ, զաւակներուն, հարազատներուն եւ բարեկամներուն:

Վարձքդ կատար, սիրելի՛ եղբայր, հիւրընկալ այս հողը թեթեւ գայ յոգնատանջ ուսերուդ:

Խունկ ու մոմ` անթառամ յիշատակիդ:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Նախորդը

ԳԷՈՐԳ ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԲԱՐԻ ՈՒ ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՀԱՄԵՍՏ ՈՒ ԱԶԳԱՍԷՐ ՀԱՅԸ

Յաջորդը

ՎՐԷԺ ՖՈՒՃՈՒՐԵԱՆԻ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.