Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նշմար. Մարդոց Միւս «Ես»ը

November 13, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ՄԻՔԱՅԷԼԵԱՆ

HM_sy-sectarianism-bannerՊատերազմները, աղէտները, տագնապները իրենց պատճառները ունենալու կողքին, ունին նաեւ իրենց հետեւանքները, որոնք, ըստ տեղի եւ ժամանակի, տարբեր կ՛ըլլան թէ՛ իրենց տեսակով, թէ՛ ալ որակով:

Մարդը, որ զգացումներու կծիկ մըն է, իւրաքանչիւր պարագայի տարբեր ազդեցութեանց դիմաց տարբեր հակազդեցութիւն կ՛ունենայ:

Օրինակի համար, Ճօ Սարամենկոյի «Պլայնտնես» (կուրութիւն) վէպին մէջ, երբ քաղաքի մը մէջ կուրութեան համաճարակ  կը սկսի, մարդիկ իրենց վիճակուած այդ դժբախտութեան մէջ, փոխանակ իրարու ցաւ կիսելով` իրարու օգնելու, ահաւոր կերպով եսասէր կը դառնան, կը չարանան եւ կը սկսին իրարու վնաս հասցնել:

Միւս կողմէ, Ալպեռ Քամիւիի «Տը փլակ» (ժանտախտը) վէպին մէջ, ուր քաղաքի մը մէջ երբ ծայր կ՛առնէ ժանտախտի համաճարակը, մարդիկ իրենց սեփական եսը մոռնալով`, իրարու օգնութեան կը փութան, երբեմն նոյնիսկ իրենց կեանքը վտանգելով:

Թէեւ այս երկու պատմութիւններն ալ վիպական երեւակայական ըլլալէ չեն դադրիր, սակայն անոնց ըսել ուզածը մէկ է` մարդիկ կրնան մէկ ծայրայեղութենէ միւս ծայրայեղութեան հասնիլ, երբ պատուհաս մը հոգեփոխէ զիրենք:

Այսօր, սուրիական այս պատերազմին, այնպիսի տարաբնոյթ իրավիճակներու ականատես եղանք, չարաշահութեան, կողոպուտի, առեւանգումներու, սպանութեանց այնպիսի օրինակներ պարզուեցան, որոնց մասին չէինք իսկ երեւակայեր: Այս բոլորին զուգահեռ, եղան նաեւ իրերօգնութեան եւ զոհաբերութեան շատ դրական երեւոյթներ: Ո՞վ կրնայ մարդուն ներաշխարհը թափանցել եւ գիտնալ այս երկբեւեռ փոփոխութեանց գաղտնիքը:

Պատերազմը կարծես մարդոց դիմակները վար կ՛առնէ եւ զիրենք մերկացնելով` իրենց մէջ պահուած երկրորդ եսը դուրս կը հանէ: Մարդիկ հակամէտ են փոխուելու` յանուն դրամի, դիրքի, կամ այլ շահադիտական նպատակներու, եւ պատերազմը ամենայարմար առիթն է: Սակայն կան նաեւ մարդիկ, որոնց առաքինութիւնն ու ամրակուռ նկարագիրը ոչինչով կ՛աղարտի, կամ կը դիմափոխուի:

Բոլոր անոնք, որոնք չկրցան դիմանալ պատերազմին ստեղծած ծանր ու վտանգալից կացութեան եւ հնարաւորութիւն ունէին երկրէն հեռանալու, ժամանակաւորապէս, կամ ընդմիշտ, իրենց նոր շրջապատին ու կենսաձեւին յարմարելու եւ իրենց ետեւ ձգուած ամբողջ կեանքի մը ցաւը կրելու կողքին, երբեմն «արժանացան» Սուրիա մնացած որոշ մարդոց արհամարհանքին ու վիրաւորանքներուն: Այդ մարդիկը զիրենք դասալիքի տեղ դնելով` հերոսի դափնեպսակին կ՛ուզեն արժանի ըլլալ, քանի դիմացեր ու մնացեր են: Այս մարդիկը ինչո՞ւ կը չարանան, ինչո՞ւ իրենց մաղձը կը թափեն գացողներուն վրայ: Նախա՞նձն է դրդապատճառը: Ասոնք կը նմանին պատժուած այն աշակերտին, որ քէն կ՛ընէ իր դասընկերներուն հետ, քանի որ անոնք չեն պատժուած իրեն նման: Բարեբախտաբար քիչ է ասոնց թիւը, սակայն մէկ կաթիլ մելանն իսկ բաւարար է ամբողջ սպիտակ էջ մը արատաւորելու:

Գացողն ալ իր պատճառները ունի, մնացողն ալ. ինչո՞ւ ըմբռնումով չնայիլ այս հարցերուն: Մարդոց դառնացած տրամադրութեան վրայ նոր դառնութիւն չաւելցնենք:

 

 

Նախորդը

Արամ Ա. Կաթողիկոս Եզրափակեց Իրան Այցելութիւնը

Յաջորդը

Այս Տարուան Հեռուստամարաթոնին Հիմնական Նպատակը Վարդենիս-Մարտակերտ Ճամբու Կառուցումն Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.