Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԿԵԱՆՔՈՎ ԵՌՈՒՆ ԵՐԻՏԱՍԱՐԴԸ. ՄՈՒՐԱՏ ՀԱՊՈՅԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ

July 23, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Իսկ աննշան եթէ մնայ
Երկրի մէկ խորշն հողակոյտն իմ
Եւ յիշատակս ալ թառամի
Ահ այն ատեն ես կը մեռնիմ…»:

ՊԵՏՐՈՍ ԴՈՒՐԵԱՆ

Վաղամեռիկ ու բազմատաղանդ բանաստեղծ Պետրոս Դուրեան կեանքին հանդէպ ունեցած անհուն սիրոյ իբրեւ արտայայտութիւն` պայքարեցաւ մինչեւ վերջին շունչը, ըլլայ մարմնական դիմադրութիւն, ըլլայ իր գրիչին ճամբով: Դուրեանի ապրելու մարմաջը շիջեցաւ ու իրականացնելիք երազները մնացին թերաւարտ իր կանխահաս մահով, բայց մնաց իր յուշը` գործերը: Պահ մը մտածենք բանաստեղծութեան մէջ տեղ գտած փիլիսոփայութեան մասին` «յիշատակս ալ թառամի»: Ի՞նչ բան մարդը  ողջ ու կենդանի կը պահէ. իր յիշատա՛կը, այսինքն` գործը: Պետրոս Դուրեան հայ գրականութեան մէջ իր ունեցած ներդրումով անթառամ մնաց:

Քառասուն օրեր անցան, սակայն կարծես երէկ էր, երբ անժամանակ գուժ մը տարածուեցաւ Պուրճ Համուտի մէջ: Ճակատագրի անարգ խաղի մը զոհ գնաց երիտասարդ ու կեանքով լեցուն հայորդի մը` Մուրատ Հապոյեան:

Ան ծնած էր 1986-ին, Պէյրութ, Միսաք եւ Յասմիկ Հապոյեան ընտանեկան բոյնին մէջ: Ան ունէր երեք քոյր: Աւարտած էր Նոր Սիսի Ազգային Աքսոր Գասարճեան վարժարանը, ապա յաճախած էր Ազգային Լեւոն եւ Սոֆիա Յակոբեան քոլեճը եւ նետուած` կեանքի ասպարէզ: Իր ունեցած հեզահամբոյր հոգիին ու համեստ նկարագրին շնորհիւ` ան շահած է իր ընկերներուն սէրն ու յարգանքը ու փնտռուած ներկայութիւն եղած է իր շրջանակին մէջ, որուն իբրեւ արդիւնք` անուանուած է «Մուրատիկ»: Կեանքին հանդէպ ունեցած իր սէրը կ՛արտացոլար իր վարուելակերպին եւ նկարագրային գիծերուն ընդմէջէն` քաջութիւն, արկածախնդրութիւն, տեսիլք-երազներ:

Դժբախտաբար կեանքով եռուն այս երիտասարդին կեանքին թելը ընդհատուեցաւ ամիս մը առաջ, երբ ան Միջերկրական ծովուն ամառնային բարիքը վայելելու ու լողալու միտումով ընկերոջ հետ կը գտնուէր Ժիպէյլի ծովափը: Ծովուն մէջ տեղի ունեցած անբնական ալիքները եւ անոնց յաջորդած ծովապտոյտը կլանեցին զինք` տանելով հեռու ափեր: Մարդկային ճիգերն ու բժշկական ջանքերը ի դերեւ մնացին` խլելով զայն իր ծնողքէն, ընտանիքէն, շրջանակէն, որոնք ցարդ անմխիթար կը մնան:

Մուրատ Հապոյեանի յուղարկաւորութեան օրը ներկայ գտնուող սգակիրներու հոծ ու արտասուաթոր բազմութեան մը ներկայութեան, արարողութեան նախագահող հայր սուրբը իր արտասանած դամբանականին մէջ նշեց, թէ հանգուցեալ Մուրատը իր բարի ու ծառայասիրական ոգիով օրինակ է բոլորիս համար` շարունակելու իր ուղին:

Այսօր, երբ կը վերյիշենք զինք, արդէն ան կենդանի է, ինչպէս կ՛ըսէ բանաստեղծը:

Սիրելի Մուրատ, թող մահուանդ քառասունքին առիթով այս տողերը անուշաբոյր ու անթառամ վարդեր եւ մշտական աղօթք դառնան թարմ հողակոյտիդ վրայ:

Հողը թեթեւ գայ վրադ:

Կ. ԱՂԱԶԱՐԵԱՆ

Նախորդը

ՊՕՂՈՍ ՅՈՎՀԱՆՆԷՍԵԱՆԻ ՅԻՇԱՏԱԿԻՆ

Յաջորդը

ԳԷՈՐԳ ԳԱՐԱՊՈՅԱՃԵԱՆԻ ՄԱՀՈՒԱՆ ՔԱՌԱՍՈՒՆՔԻՆ ԱՌԻԹՈՎ. ԲԱՐԻ ՈՒ ԾԱՌԱՅԱՍԷՐ ՄԱՐԴԸ ԵՒ ՀԱՄԵՍՏ ՈՒ ԱԶԳԱՍԷՐ ՀԱՅԸ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.