Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իրաքահայ Տեղահանուած Հայ Ընտանիքներ Կը Պատմեն Իրենց Տառապանքներուն Մասին

November 12, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Իրաքի Քրտական Ինքնավար Մարզին Մէջ
4000
Հայ Կը Բնակի

Աւզրուքի հայկական եկեղեցին
Աւզրուքի հայկական եկեղեցին

Ապտելխալեք Սուլթան «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռի կայքին վրայ զետեղուած իր յօդուածին մէջ կը գրէ, որ Տոհուք նահանգի հայաբնակ Աւզրուք գիւղի հոգեւոր հովիւ Մասիս Շահինեան «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռին յայտնած է, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալներու իրաքեան քաղաքներուն դէմ շղթայազերծած յարձակումները պատճառ դարձած են աւելի քան 150 հայ ընտանիքներու տեղահանման:

«Այդ ընտանիքները տեղահանուեցան դէպի Տոհուք, Զախօ նահանգ եւ Հաւրեզքի ու Աւզրուքի նման հայկական գիւղեր», ըսած է ան:

Շահինեան յայտնած է.«Տեղահանուած հայերուն մեծամասնութիւնը ներկայիս ուրիշներու նկատմամբ վստահութեան կորուստէ կը տառապի, որովհետեւ անոնք, որոնք զիրենք կողոպտեցին ու վտարեցին, իրենց դրացիներն էին, որոնց հետ երկար տարիներ ապրած էին: Այդ պատճառով անոնց մեծամասնութիւնը չ՛ուզեր իր բնակավայրը վերադառնալ, մանաւանդ որ իրենց ամբողջ ունեցուածքը կորսնցուցին, ապա վտարուեցան եւ իրենց կալուածները գրաւուեցան, եւ եթէ քրտական մարզի կառավարութեան ջանքերը չըլլային, անոնց ապագան շատ վատ պիտի ըլլար»:

Տոհուքի մէջ հայկական եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ Շահինեան աւելցուցած է, որ Տոհուքի արեւմուտքը գտնուող Հաւրեսզի բնակիչները տեղահանուածները հիւրընկալած են եւ տեղահանուած ընտանիքներէն ոմանք ուղղուած են Զախօ գաւառ եւ Աւզրուք գիւղ, իսկ այլ ընտանիքներ` Էրպիլ:

Քրտական մարզի խորհրդարանի մէջ երեսփոխան Երուանդ Ամինեան յայտնած է, որ տեղահանուած հայերուն կացութիւնը վերջին շրջանին բարելաւուած է, սակայն գոյութիւն ունին կարգ մը ընտանիքներ, որոնք տակաւին օժանդակութեան կը կարօտին: Ան աւելցուցած է, որ գոյութիւն ունին տեղահանուած կարգ մը ընտանիքներ, որոնք կ՛ուզեն Իրաքէն գաղթել, որովհետեւ ամէն ինչ կորսնցուցած են, հակառակ անոր, որ քրտական մարզին մէջ անոնց կացութիւնը կայուն է:

Իր ընտանիքին հետ տեղահանուած հայ կին մը` Ալիս Նիսան, «Ազատ Իրաք» ձայնասփիւռին յայտնած է, որ իրենք Իրաքէն պիտի չհեռանան, որովհետեւ «հակառակ մեզի պատահածին` մեր հողերէն, հարազատներէն ու արմատներէն չենք կրնար բաժնուիլ: Զինեալները առեւանգեցին ընտանիքիս կարգ մը անդամները, ուստի մեր ծնած այս հողին վրայ ապրելու իրաւունքը կը պահանջենք»:

Մուրատ Մարթինեան հայկական Հաւրեզք գիւղին գիւղապետն էր, եւ երբ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները Սինճարի եւ Զումարի դէմ յարձակում գործեցին, 35 կամաւորներէ բաղկացած մարտական խումբ մը յառաջացուց գիւղի բնակչութիւնը պաշտպանելու համար:

Գիւղապետը յայտնած է, որ իրենք փեշմերկաներուն հետ համակարգուած ձեւով իրենց գիւղը պաշտպանելու համար հսկողութիւն կը կատարեն, եւ թէ` պատրաստ են կռուելու եւ զոհուելու, եթէ յարձակումի ենթարկուին:

Ձայնասփիւռի կայանի կայքը կը նշէ, որ վերջին տարիներուն բազմաթիւ հայեր Իրաքի մէջ ընդհանրապէս քրիստոնեաները թիրախ դարձուցած յարձակումներէն ետք գաղթած են քրտական մարզ, ուր ներկայիս կը գտնուին շուրջ 4 հազար հայեր, որոնց մեծամասնութիւնը կը բնակի Տոհուք նահանգին մէջ:

 

Նախորդը

Պոլսոյ Այտըն Համալսարանը Ձեռնարկներ Կը Պատրաստէ Ջրելու Համար Հայկական «Պնդումները»

Յաջորդը

Հալէպէն Անդին… Վերջին Կիրակին

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.