Լիբանանի ֆութպոլի բաժակի մրցաշարքի զտումի Ա. հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, ՀՄԸՄ-ի ֆութպոլի ներկայացուցչական խումբը իր մրցումը պիտի կատարէ հիւսիսի մէջ, երբ վաղը, յետմիջօրէի ժամը 13:30-ին, Սալամ Զղարթայի դաշտին վրայ իր դէմ ունենայ հիւսիսային խումբերէն Իժթիմահին:
Պէտք չկայ նշելու, որ բաժակի մրցումները տեղի կ՛ունենան չէզոք դաշտերու վրայ եւ պարտուող խումբը մրցաշարքին հրաժեշտ կու տայ, որովհետեւ այդ մրցումներուն ընթացքին կիրարկուողը նաք-աութի դրութիւնն է:
Հետեւաբար, յաղթանակը կը նկատուի շատ կարեւոր` մրցաշարքը շարունակել կարենալու համար:
Ուրեմն, ՀՄԸՄ-ի մարզիկներէն կ՛ակնկալուի ամէն գնով յաղթանակ արձանագրել, հոգ չէ թէ խումբին համակիրները ներկայ չեն (մրցումին դռնփակ ըլլալուն պատճառով):


