Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հայկական Դպրոցը Կը Մնայ Աւելի Ճիշդ Եւ Ապահով Ընտրանքը

November 8, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Ընդհանրապէս պարբերաբար «Հորիզոն»-ը կը մասնակցի լիբանանեան առումով թմրամոլութեան դէմ արշաւի սեմինարներու: Փոխադարձ գործակցութիւնը լաւ է այն իմաստով, որ գոնէ կրնաս գիտնալ, որ դուն իբրեւ համայնք ո՛ւր կը գտնուիս: Մարտահրաւէրները, որոնք փաստօրէն այսօր գոյութիւն ունին, պէտք է գիտնաս, որ թէ՛ համալիբանանեան բնոյթ ունին, թէ՛ համայնքային-տեղայնական են:

Վերջին տարիներուն ուսումնասիրութիւնները եւ զեկուցումները այնպէս մըն էին, որ քրիստոնեայ երիտասարդութեան ուղղուած եւ զայն թիրախ ընտրած թմրամոլութեան եւ թմրեցուցիչի տարածման մեծ հոսանք մը կար: Վերջին երկու սեմինարներուն ականատես եղանք նաեւ, որ ոչ միայն քրիստոնեայ, այլ նաեւ մահմետական երիտասարդութիւնն ալ վարակուած է այս մոլութենէն:

Զեկուցումները մտահոգիչ եւ ցնցիչ ըլլալով հանդերձ լուծումները առաւելաբար կը կեդրոնանան նախազգուշական արշաւի վրայ: Մասնաւորապէս Պէյրութի, Թրիփոլիի, Սայտայի, Զահլէի եւ Նապաթիէի շրջաններուն մէջ գտնուող դպրոցները լուրջ մարտահրաւէրներու առջեւ կը գտնուին: Տասնչորս եւ վեր տարիքը ունեցող մեծ թիւով աշակերտներ մոլութիւններու մէջ են:

Բաղդատականները ցոյց կու տան, որ միջազգային մակարդակով մտահոգութիւնները գրեթէ եւրոպական, արաբական եւ ամերիկեան երկիրներուն մէջ նոյն իրավիճակը կը պարզեն: Անշուշտ Լիբանանի պարագային թիւերը յարաբերական են: Հոգեբոյժները, հոգեբանները եւ կազդուրման կեդրոնները կու գան հաստատելու, թէ մնայուն եւ վերջնական լուծումներ չունին:

«Հորիզոն» թմրամոլութեան դէմ նախազգուշական գրասենեակը 2010-էն ի վեր հետեւողական ձեւով հայկական գրեթէ բոլոր դպրոցներուն մէջ կազմակերպած է ծնողք-ուսուցիչ-աշակերտ նախազգուշական արշաւներ:

Այսօր փաստօրէն մեր հայկական վարժարանները զերծ են թմրամոլութեան երեւոյթէն: Ժամանակին, երբ քաղաքացիական պատերազմ կար, ընդհանրապէս ապահովական նկատառումներով հայ ծնողքը հայ դպրոցին մէջ աւելի ապահով կը զգար: 1992-էն ետք խաղաղութեան մթնոլորտին մէջ կամաց-կամաց դէպի օտար վարժարաններ հոսքը շատցաւ: Հայ ծնողքը ապահովութեան մէջ իր զաւակը օտար դպրոց յանձնեց, սակայն մոռցաւ, որ այսօր ապահովութեան տեղ թմրամոլութեան մտահոգութիւնը կայ: Օտար վարժարաններուն մէջ այս մտահոգութիւնը կայ, եւ բացայայտօրէն պետութիւն, բարեսիրական միութիւններ եւ տնօրէններ ահազանգի մատնուած են:

«Հորիզոն»-ի ութ տարուան փորձառութենէն մեկնած կրնանք բարձրաձայն յայտարարել, որ հայկական վարժարանները զերծ կը մնան այս երեւոյթներէն: Շնորհիւ տնօրէններուն, ուսուցիչներուն, ծնողներուն եւ պատկան մարմիններուն հսկողութեան հայկական վարժարանները տակաւին կը նկատուին ապահով եւ մաքուր միջավայր:

Այսպէս, այսօր բոլոր ժամանակներէն աւելի հայ դպրոցի ընտրանքը տակաւին կը մնայ աւելի ճիշդը, աւելի ապահովը եւ անշուշտ աւելի հայկականը:

 

 

Նախորդը

Բուրգերուն Գաղտնիքները

Յաջորդը

Ռուբէն Պարսումեանի Մահուան Տարելից Յակոբ Պարսումեանի Անհետացման 28-Ամեակ. Սրտի Խօսք` Յակոբ Եւ Ռուբէն Պարսումեաններու Մասին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.