Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանի Թեմի Քահանայից Համագումար` Ժունիէի Ս. Յարութիւն Եկեղեցւոյ Մէջ

November 8, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1107_H-1Հովանաւորութեամբ Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեանի երէկ` ուրբաթ, 7 նոյեմբեր 2014-ի առաւօտեան ժամը 10:00-էն սկսեալ, Ժունիէի Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ Լիբանանի թեմի քահանայից համագումարը` մասնակցութեամբ Լիբանանի զանազան շրջաններու ծխատէր քահանայ հայրերուն: Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ մէջ Տէրունական աղօթքէն ու շարականներու երգեցողութեան ժամերգութենէն ետք քահանայ հայրերը բարձրացան եկեղեցւոյ «Կարօ Գոնիալեան» սրահ` մասնակցելու համագումարին: Թեմի Կրօնական ժողովի ատենապետ, Սարգիս քհնյ. Սարգիսեան բացման իր խօսքով ողջունեց ներկաները  եւ անդրադառնալով օրուան քննարկման յայտնեց, որ քահանան միշտ պէտք է վերանորոգէ ինքզինք հոգեւոր գիտութիւններով` պատրաստ ըլլալու համար միշտ նորութիւններ փոխանցելու ժողովուրդին: Համագումարին նպատակներուն անդրադառնալով` Կրօնական ժողովի ատենապետը ըսաւ. «Այս համագումարին նպատակն է առիթ ստեղծել միասնաբար վերանորոգուելու եւ նոր թափով ուղղուելու, դիմելու, երթալու դէպի ժողովուրդը»: Ապա կատարուեցաւ Ս. Գիրքի սերտողութիւն` Մեսրոպ քհնյ. Քերքեզեանի կողմէ. ան խօսեցաւ բարի եւ քաջ հովիւին մասին` մէջբերումներ կատարելով Յովհաննէս 10, 1-12-րդ գլուխներէն: Քահանայ հայրը շեշտը դրաւ քաջ հովիւի նկարագիրին վրայ, միշտ Քրիստոսը իբրեւ օրինակ ունենալով մեր կեանքին  մէջ: Ապա ժողովականները կարծիքներ փոխանակեցին  ու քննարկեցին օրակարգեր, հարցեր ու մտահոգութիւններ, որոնք կ՛առնչուին քահանաներու ծառայութեան:

Փակման խօսքը կատարեց Լիբանանի հայոց թեմի առաջնորդ Շահէ եպս. Փանոսեան, որ խորապէս գնահատեց Կրօնական ժողովի այս աշխատանքը, ապա իր հայրական թելադրանքներով իւրաքանչիւր քահանայէ պահանջեց ըլլալ իսկական ծառայող, անձնդիր եւ անձնուէր: Ծառայել ժողովուրդին` օրինակելի ձեւով ու անսակարկ նուիրումով եւ զոհողութեամբ: Շահէ եպս. Փանոսեան նաեւ թելադրեց, որ իւրաքանչիւր հայ ընտանիքի անդամ լիովին ըլլայ իր առաքելութեան մէջ:

Համագումարի աւարտին ժողովականները հրաւիրուեցան ճաշի հիւրասիրութեան պատրաստուած` Ս. Յարութիւն եկեղեցւոյ թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի կազմերուն կողմէ, որոնք սիրայօժար կերպով կատարեցին իրենց պարտականութիւնը եւ մասնակից դարձան «Սիրոյ սեղան»-ի այս հացկերոյթին` սրբազան հօր եւ քահանաներուն կողքին: Այս առիթով սրբազան հայրը իր սրտի խօսքը ուղղելով խիստ բարձր գնահատեց ժրաջան գործունէութիւնը թաղականութեան եւ տիկնանց յանձնախումբի անդամներուն, որոնք «անսակարկ նուիրումով կը կատարեն իրենց պարտականութիւնը` իրենց ազգօգուտ ներդրումը բերելով  ի սպաս հայ եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին»:

Համագումարը փակուեցաւ աղօթքով:

 

Նախորդը

Ուրբաթօրեայ Երիտասարդական Զրոյցին Առանցքը Կազմեց Աստուծոյ Ստեղծագործութիւնը

Յաջորդը

Օպամա ՏԱՀԵՇ-ի Դէմ Պայքարին Մէջ Խամենէիէն Օժանդակութիւն Կը Խնդրէ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.