Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ինչե՞ր Կարելի Է Ակնկալել Դաշնակցական Պատանիէն

November 8, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

50-badanegan-mioutioun1Յ. ՍԱՀԱԿԵԱՆ

Բոլորին աչքերը ուղղուած են այսօր պատանիին, որ վաղը պիտի կազմէ առաջնորդող տարրը: Ինչե՜ր չեն թաքնուած պատանիին ներաշխարհին մէջ. ի՜նչ երազներ, ի՜նչ ծրագիրներ: Այդ վառվռուն աչքերը, որոնք ապագան կը ցոլացնեն, եւ որոնք իրենց կրակը առած են անցեալէն, որքա՛ն գործ կը խոստանան:

Պատանին` վաղուան երիտասարդը, առաջնորդը, կերտողը:

Պատանին` ազգին կորիզը, վաղուան ազգը ամբողջ:

– Պատանինե՛ր, գիտէ՞ք այս բոլորը:

Զգո՜ւշ, պատանին ունի իր տենչերը, երազները, ծրագիրները: Ան պէտք ունի անաչառ եւ ամբասիր առաջնորդի: Ան պէտք ունի ուղեցոյցի: Եւ պատանիի ներաշխարհով հետաքրքրուողները չեն պակսած: Զայն առաջնորդողը երբեք չէ ձանձրացած:

Հարց տուէք պատանիներուն. ի՞նչ կը մտածէք ըլլալ:

– Ես երկրաչափ պիտի ըլլամ` կերտելու համար գեղեցիկ շէնքեր, բանալու համար ճամբաներ: Կ՛ուզեմ ամէն ինչ գեղեցիկ կերտել:

– Ես զինուոր պիտի ըլլամ` հայրենիքս ազատելու, զայն պաշտպանելու` թշնամիէն:

– Ես երաժիշտ պիտի ըլլամ` երգեր յօրինելու եւ մանաւանդ ազգիս երգերը սփռելու համար աշխարհի չորս ծագերուն:

– Պիտի ըլլամ, պիտի ըլլամ…

Իւրաքանչիւրը ունի իր երազը, որոնց ամբողջութիւնը ազգի մը երազն է: Բոլորն ալ բարի երազներ` շինիչ մտադրութեամբ: Բոլորն ալ ունին իրենց  իտէալները, ուրեմն բոլորն ալ ապրելու իրաւունք ունին:

Իսկ հայ պատանին, բոլոր ազգերու պատանիներէն տենչ մը աւելի ունի` հայրենի՛քը: Հայ պատանիին աւիւն տուող ազգն ալ ունի իր երազը, որ բոլորին իտէալներուն խտացումն է` ազատութի՛ւնը եւ, մանաւանդ, բարիի՛ն ձգտումը:

Բոլոր ազգերէն աւելի` մենք սիրած ենք ազատութիւնը եւ անոր համար զոհած ենք ամէն ինչ:

Արդ, առաջին հերթին, դաշնակցական պատանիէն, որ է տիպար հայ պատանին, կ՛ակնկալենք ըլլալ եռանդուն ջատագով ազատութեան եւ կարենալ այդ ազատութիւնը ապրիլ իր լիութեամբ: Կ՛ակնկալենք, որ ան կարենայ ապրիլ օրէնքով ղեկավարուած ազատութիւն մը, որպէսզի անիշխանութեան չենթարկուի: Որովհետեւ հաւատացած ենք, որ հոն, ուր ազատութիւնը չափազանցուած է եւ` սխալ ըմբռնուած, հոն միշտ անիշխանութիւնը տիրապետող է եղած: Անիշխանութեան մէջ ոչ մէկ բարի, գեղեցիկ երազ կ՛իրականանայ:

* * *

Հին ազգերու պատմութեան մէջ ամէնէն փառաւորը հռոմէական պատմութիւնն է: Հռոմ աշխարհին տիրեց ոչ միայն ուժին շնորհիւ, այլեւ` կարգապահութեան: Կեանքի մէջ յաջողելու գլխաւորագոյն պայմանն է կարգապահութիւնը: Փաստ` նոյն Հռոմը կործանեցաւ անկարգութեան պատճառով:

Հնազանդութիւն մը, գիտակցութենէն մղուած, կարգապահութեան լծակն է: Սասնոյ մեծանուն քաջը` Գէորգ Չաւուշ հնազանդեցաւ` չխախտելու համար ֆետայական կարգապահութիւնը, անոր գոյութիւնը: Քաջասիրտ Սպաղանաց ծերունի Մակարը հնազանդեցաւ, որպէսզի նուիրական գործը մնայ նուիրական եւ շարունակուի:

Արդ, դաշնակցական պատանիէն կը սպասենք ըլլալ կարգապահ, որովհետեւ կարգապահութեամբ երաշխաւորեալ անհատները ու հաւաքականութիւնները միայն կարող են իրենց յանձնուած գործերը ի կատար ածել յաջողութեամբ: Կը սպասենք, որ դաշնակցական պատանին ըլլայ հնազանդ` որպէս բծախնդիր կարգապահ:

Չմոռնա՛ս, դաշնակցակա՛ն պատանի, այն կազմակերպութեան, որուն կը պատկանիս, եւ որ օր մը պիտի գաս խտացնելու անոր շարքերը, իրեն հաւատամք է ընդունած հայութիւնը: Ուրեմն իւրաքանչիւր ազգային սեփականութիւն սրբութեան մը պէս պէտք է ընդունիս, որովհետեւ կ՛ապրին այն ազգերը, որոնց երիտասարդ սերունդները գիտակից են, եւ զգացումով` ազգային: Երբ մեր պապերէն ժառանգած մեր աւանդութիւնները պահէք անխաթար, երբ առօրեայ ձեր կեանքին մէջ ըլլաք ամէն բանէ առաջ հայ եւ մեր ազգային պատմութիւնը ճանչնաք որպէս աւետարան, ա՛յն ատեն մեր հաւատքը մեզ կրնայ առաջնորդել դէպի ազատ հայրենիք:

Կարենալ հայ ապրելու համար հարկ է նուիրում, հարկ է Արարատի հաւատք, հայու աննկուն հաւատք:

Եւ վերջապէս, հայ պատանիէն կ՛ակնկալենք հայրենասիրութիւն: Մեր բոլոր յիշած եւ չյիշած բարի ակնկալութիւններու բիւրեղացումը հայրենասիրութեամբ կարելի է պարուրել:

* * *

Օ՛ն ուրեմն, դաշնակցակա՛ն պատանի, ազգիդ պատմութիւնը վահան առած եւ գիտակցութիւնդ` սուր, ծառայէ գաղափարին, որ քեզի կը բացատրուի իւրաքանչիւր ժողովիդ: Ծառայէ գաղափարին, երբեք` մարդոց: Ծառացի՛ր չարին դէմ, եղի՛ր գեղեցիկին եւ բարիին պաշտպան: Հայութեամբդ հպարտացի՛ր եւ հայօրէ՛ն քալէ առաջ: Քուկդ է ապագան, եւ երբ բոլորին աչքերը քեզի են ուղղուած, բնաւ չդողա՛ս ու չսայթաքի՛ս:

Դաշնակցականի ոգիով եւ հայու հաւատքով` յառա՛ջ:

 

Նախորդը

Ինչպէ՞ս Պէտք Է Դաստիարակել ՀՅԴ Պատանին

Յաջորդը

Խտացնե՛նք Պատանեկան Շարքերը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.