Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. Երբ Դաշնակահար Մը Կը Փափաքի «Մոռցուիլ»

November 7, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

985pianoՏԷԻԱՆ ԼԱԶԻՑ ՊԱՀԱՆՋԱԾ Է ԻՐ ՄԱՍԻՆ ԳՐՈՒԱԾ ՔՆՆԱԴԱՏԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ՋՆՋԵԼ ԿՈՒԿԸԼԻ ԷՋԵՐԷՆ: ԵՐԱԺԻՇՏԸ ԱՅՍ ՔԱՅԼԻՆ ԴԻՄԱԾ Է` ՕԳՏԱԳՈՐԾԵԼՈՎ ԵՒՐՈՊԱԿԱՆ ՄԻՈՒԹԵԱՆ «ՄՈՌՑՈՒԵԼՈՒ ԻՐԱՒՈՒՆՔԻ» ՕՐԷՆՔԸ: ՍԱԿԱՅՆ, «ՏԸ ՈՒԱՇԻՆԿԹԸՆ ՓՈՍԹ» ԹԵՐԹԸ, ՈՐՈՒՆ ՄԷՋ ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ՅՕԴՈՒԱԾԸ, ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ՀԱՃԵԼԻ ՉԷ ՆԿԱՏԱԾ ԵՐԵՒՈՅԹԸ, ՀԵՏԵՒԱԲԱՐ ՀԱԿԱԶԴԱԾ Է` ՀՐԱՏԱՐԱԿԵԼՈՎ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ, ՈՐ ԿԸ ՊԱՐՈՒՆԱԿԷ ԵՐԱԺԻՇՏԻՆ ՅՂԱԾ Ե-ՆԱՄԱԿՆԵՐԸ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՐՏԱՍՈՎՈՐ ՊԱՅՔԱՐԸ ԵՒ ԿԸ ՆՇԷ ԻՒՐԱՔԱՆՉԻՒՐ ԿՈՂՄԻՆ ՀԻՄՆԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԸ:

Դաշնակահար Տէիան Լազից դժգոհ էր: Սակայն ան հաւանաբար չէր ակնկալած, որ ամբողջ յօդուած մը լոյս պիտի տեսնէր ի պատասխան 2010-ի իր մէկ ելոյթը նկարագրող քննադատական յօդուած մը ջնջելու դիմումին` համաձայն Եւրոպական Միութեան «Մոռցուելու իրաւունք»-ի օրէնքին:

Սակայն նաեւ «Ուաշինկթըն Փոսթ» չէր ակնկալած ծագումով խրուաթ երաժիշտէն ստանալ նման դիմում մը. առաջինը, որ երբեւիցէ ստացած էր:

Քննադատական յօդուածին հեղինակն էր Էնն Միճեթ: «Ուաշինկթըն Փոսթ» Լազիցի մասին անոր խօսքերը կը նկարագրէ իբրեւ «գաղջ» եւ «համեմուած» մէջբերումներով` երաժիշտին իրագործումներուն մասին:

«Վիրահատական չէր, ապտակ մը չէր, սակայն անկասկած քննադատութիւն էր», կը գրէ թերթը:

Սակայն Լազիցի համար դժբախտութիւն է, որ յօդուածը կը յայտնուի իբրեւ Կուկըլի տրամադրած առաջին կապը, երբ մէկը երաժիշտին անունը կը փնտռէ համացանցի վրայ: Հետեւաբար Լազից Եւրոպական Միութեան օրէնքը օգտագործած է պահանջելու համար, որ անիկա մշտապէս ջնջուի համացանցէն:

«Նման յօդուած մը համացանցէն վերցնելու փափաքը ոչ մէկ կապ ունի գրաքննութեան հետ կամ` տեղեկութեան հասողութեան դէմ պատուարներ բարձրացնելու», կը գրէ Լազից` «Ուաշինկթըն Փոսթ»- ի յղած իր ե-նամակին մէջ:

Լազից կը վիճի, թէ իրաւունք պէտք է ունենայ իր սեփական հանրային դիմագիծին «ճշմարտութիւնը» պահելու իր հակակշիռին տակ:

«Անկեղծօրէն հարցը օրէնքէն կամ բարոյագիտութենէն անդին է: Նաեւ յանդգնօրէն բնազանցական է, պայքար մըն է իրականութեան գաղափարին եւ անոր որոշիչներուն համար», կը գրէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»` հակազդելով Լազիցի պահանջին:

Կը թուի, թէ Լազից, եւ որոշ չափով` Եւրոպական Միութիւնը, կը հաւատայ, որ անհատը իրաւունք ունի որոշելու, թէ ի՛նչ բան ճիշդ է իր մասին, ինչպէս ցոյց կու տան համացանցի վրայ տեղեկութիւն փնտռող գործիքներ, որոնք կը փոխանցեն Լազիցի դժգոհութիւնները», կ՛աւելցնէ թերթը:

Յօդուածին համաձայն, Լազիցի պահանջը ցոյց կու տայ, թէ ինչպէս կարելի է սխալ մեկնաբանել օրէնքը եւ զայն սխալ ձեւով օգտագործել ապագային:

Ներկայ պայմաններուն մէջ յօդուածներ կարելի է վերցնել Կուկըլի Եւրոպական գործիքէն, սակայն կարելէ չէ անոնցմէ ձերբազատիլ ամբողջ համացանցին մէջ:

«Պէտք է կարենանք ապրիլ աշխարհի մը մէջ, ուր ամէն ոք, եւ ոչ միայն` արուեստագէտներ կամ կատարողներ, այլ նաեւ քաղաքագէտներ եւ հանրային գործիչներ կարենան արձանագրութիւններ խմբագրել իրենց կարծիքին եւ ճաշակին համաձայն», կ՛եզրակացնէ «Ուաշինկթըն Փոսթ»:

«Եւ այս բոլորը` աւելի վեհ եւ առարկայական ճշմարտութեան մը հասնելու համար»:

Նախորդը

50 Տարի Առաջ

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Հիթլերէն Թաքուն Պահուած Լէոնարտոն

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.