
Կազմակերպութեամբ «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ին, նախորդ շաբաթավերջին տեղի ունեցաւ Աքուաթլոնի մրցաշարքը վերոնշեալ ակումբին մէջ` Քասլիք:
Հակառակ օդերեւութաբանական աննպաստ պայմաններուն, շուրջ 136 երկսեռ մարզիկներ իրենց մասնակցութիւնը բերին այս մրցաշարքին (լողարշաւ եւ վազք):
Տեղի ունեցան տարբեր տարիքի եւ դասակարգերու մրցումներ:
Այս մրցաշարքի բացումին ներկայ գտնուեցան «Ա. Թէ. Սէ. Էլ.»-ի պատասխանատուներ, Լիբանանի դահուկարշաւի ֆետերասիոնի նախագահ Շարպել Սալամէ, Լիբանանի Թրիաթլոնի ֆետերասիոնի գանձապահ Պետիկ Լոճիկեան եւ մարզասէրներ:
Տղոց 15-18 տարեկան դասակարգին մէջ Մոհամետ Պաղտատի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտին ապահովեց առաջնութիւն մը` արձանագրելով 13′ 56″ արդիւնք մը:
Բացի ատկէ, ան կրտսերներու ընդհանուր դասաւորման մէջ եւս հանդիսացաւ առաջին (արձանագրելով նոյն արդիւնքը):
Այս մրցաշարքին աւարտին, նախքան մրցանակաբաշխութիւնը, կազմակերպիչներուն կողմէ յատուկ շնորհակալութիւն յայտնուեցաւ բոլոր անոնց, որոնք անոր յաջողութեան մէջ իրենց բաժինը ունեցան:


