Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Հաղորդագրութիւն

November 3, 2014
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՄԸՄ-ը` իբրեւ մարմնակրթական  միութիւն, իր հիմնադրութենէն ի վեր կը հաւատայ, որ մարզանքը մարմինը առողջ պահելու կողքին կ՛ազնուացնէ հոգին եւ առողջ կը պահէ միտքը: 96-ամեայ այս միութիւնը իր մարզիկներուն եւ համակիրներուն ա՛յս ոգին եւ ա՛յս դաստիարակութիւնն է, որ կը ջամբէ` անշեղ պահելու համար հաստատ այս սկզբունքները:

ՀՄԸՄ-ը  եւ անոր  համակիրները իրենց կարգապահութեամբ միշտ ալ նախանձը շարժած են ուրիշներու, որոնք իբրեւ օրինակ կը բերեն ՀՄԸՄ-ի համակիրները եւ անոնց մարզական ոգին:

Մեկնելով վերեւ կատարուած հաստատումներէն` ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը խստօրէն կը դատապարտէ երէկ` կիրակի, Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի դաշտին վրայ պատահած անհաճոյ  եւ ոչ մարզավայել կեցուածքը  ՀՄԸՄ-ի համակիրներուն, որոնք պահ մը անտեսեցին մարզական ոգին, մոռցան կամ մոռացութեան տուին իրենց քաջալերած խումբին շատ մը սկզբունքները: Դատապարտելի է յատկապէս անոնց կեցուածքը լիբանանեան բանակին դէմ: ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը անընդունելի կը նկատէ նման արարքներ հայրենիքի պաշտպանութեան ամուր կռուանը նկատուող բանակին դէմ, որ այս օրերուն մանաւանդ ոգի ի բռին կը մարտնչի ապահով պահելու համար Լիբանան հայրենիքը:

Միեւնոյն ատեն սակայն Շրջանային վարչութիւնը խիստ չափազանցուած կը նկատէ բանակին հակադարձութիւնը` կրակելով պատանիներու եւ երիտասարդներու վրայ, որքան ալ դատապարտելի ըլլար անոնց արարքը, եւ այս հարցը կը յանձնէ պատկան մարմիններու ուշադրութեան, որպէսզի հետաքննութիւն բանան եւ պարտքն ու պատշաճը տնօրինեն:

Շրջանային վարչութիւնը անգամ մը եւս կու գայ իր համակիրներուն յիշեցնելու, որ իրենք սովորական համակիրներ չեն. իրենք համակիրներն են միութեան մը, որ շուտով կը նշէ իր հարիւր ամեակը, եւ իրաւունքը չունին անոր դիմագիծը աղաւաղելու ոչ մարզավայել  արարքներով: Շրջանային վարչութիւնը կոչ կ՛ուղղէ իր բոլոր համակիրներուն շարունակելու խուռներամ եւ կարգապահ շարքերով  դաշտերը դիմել, քաջալերել իրենց սիրած խումբերը ՀՄԸՄ-ի նշանաբանը` «Բարձրացի՛ր, բարձրացո՛ւր»-ը գործի վերածելով:

ՀՄԸՄ-ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ
ՎԱՐՉՈՒԹԻՒ

 

Նախորդը

Ծանրաբարձութիւն. Աշխարհի Ախոյեանութիւն. Հայաստանի Հաւաքականին Կազմերը Յստակացան

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Մարմնամարզութիւն.  Գրիշա Սարգսեան  Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց
Մարզական

Մարմնամարզութիւն. Գրիշա Սարգսեան Երկու Ոսկի Մետալ Եւս Նուաճեց

November 24, 2026
Բռնցքամարտ.  Քէյեան Եւ Սիմոնեան  Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին
Մարզական

Բռնցքամարտ. Քէյեան Եւ Սիմոնեան Պրոնզէ Մետալներ Նուաճեցին

November 24, 2026
Ճատրակ.  Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց.  Լեւոն Արոնեան` 14-րդ
Մարզական

Ճատրակ. Հայկ Մարտիրոսեան 9-րդ Դիրքը Գրաւեց. Լեւոն Արոնեան` 14-րդ

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.