Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Բնութիւն Եւ Մարդ. «Ովկիանոսի Տիտանը»

November 3, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՋՐԱՄՈՅՆ ՎԻԹԽԱՐԻ ԱՂՋԻԿ ՄԸ ԻՐ ՈՒՍԵՐՈՒՆ ԿԸ ԿՐԷ ՈՎԿԻԱՆՈՍԻՆ ԾԱՆՐՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԸ ՔԸԼՈՍԸԼ» ԿԸ ՆԿԱՐԱԳՐԷ ԱՆՈՐ ՎԻՃԱԿՈՒԱԾ ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ ՊԱՀՊԱՆՈՒՄԻ ԱՌԱՔԵԼՈՒԹԻՒՆԸ:

 

985ocean2

985ocean

985ocean3Հոկտեմբերի սկիզբը Նիւ Փրովիտընսի (Պահամաս) ծովափին բացերը խարսխուած արձանը կը կոչուի «Ովկիանոսի տիտանը»: Անիկա ստորջրեայ նորագոյն արձանն է արուեստագէտ Ճէյսըն տը Քէյրըս Թէյլըրի, որ ծանօթ է աշխարհի տարածքին ովկիանոսներուն յատակը զետեղած իր քանդակներով: Թէյլըրի թանձրաձոյլ շաղախէ շինուած կերպարները կը պարունակեն չէզոք նիւթ մը, որ կը քաջալերէ բուստերու (քորըլ) եւ ծովային այլ մարմիննրու աճը` իրողապէս ստեղծելով ստորջրեայ արհեստական ժայռ մը: Արուեստագէտը այս ձեւով կը միտի զբօսաշրջիկներ ներգրաւել եւ զանոնք հեռու պահել սուզորդներու համար հաճելի եւ գեղատեսիլ ծովերէն, որոնք մարդկային ճնշումին եւ աւերին ենթակայ են:

Շուրջ 5.5 մ բարձրութեամբ եւ աւելի քան 60 թոն ծանրութեամբ «Ովկիանոսի տիտանը» երբեւիցէ ծովուն յատակը զետեղուած ամէնէն վիթխարի քանդակն է: Անիկա կը պատկերէ պահամասցի աղջիկ մը, որ ուսերուն կը կրէ ովկիանոսին ծանրութիւնը, այնպէս` ինչպէս յունական դիցաբանութեան մէջ Ատլաս տիտանը իր ուսերուն կը կրէր երկնային ոլորտները:

Քանդակը ապսպրուած է Պահամասի բուստի ժայռերու միջավայրի դաստիարակչական հիմնադրամին կողմէ եւ մաս կը կազմէ ստորջրեայ քանդակներու պարտէզ մը հիմնելու ծրագիրի մը` ի յարգանս հիմնադրամը հաստատած Նիքըլըս Նիւթըլի:

 

Նախորդը

50 Տարի Առաջ (3 Նոյեմբեր 1964)

Յաջորդը

Բնութիւն Եւ Մարդ. Սառոյցը Կը Հալի. Գեղարուեստական Հաստատում Մը

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.