Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արուեստի Աշխարհէն. «Մարիամ Մագդաղինացի` Երանութեան Մէջ»

October 31, 2014
| Մշակութային եւ Այլազան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

ՑԱՐԴ Կ՛ԵՆԹԱԴՐՈՒԷՐ, ԹԷ ԱՅՍ ԳԵՂԱՆԿԱՐԻՆ ԲԱԶՄԱԹԻՒ ԸՆԴՕՐԻՆԱԿՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ ԳՈՅՈՒԹԻՒՆ ՈՒՆԻՆ, ԻՍԿ ԲՆՕՐԻՆԱԿԸ ՇԱՏՈՆՑ ԱՆՀԵՏԱՑԱԾ ԷՐ: ՍԱԿԱՅՆ ԱՇԽԱՐՀԻ ՏԱՐԱԾՔԻՆ ՔԱՐԱՒԱՃԻՈՅԻ ԱՄԷՆԷՆ ԱԿԱՆԱՒՈՐ ՄԱՍՆԱԳԷՏԸ ԿԸ ՀԱՍՏԱՏԷ, ԹԷ ԶԱՅՆ ՅԱՅՏՆԱԲԵՐԱԾ Է «ԵՒՐՈՊԱՅԻ ՄԷՋ: «ՏԻ ԻՆՏԻՓԵՆՏԸՆԹ» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ԱՆՈՐ ՏԵՍՈՒԹԻՒՆԸ:

985car1Շատոնց կորսուած Քարաւաճիոյի մէկ գեղանկարը, զոր պարոք գեղանկարչութեան վարպետը կը կրէր իրեն հետ 1610-ին, երբ մահացած էր, ի վերջոյ ի յայտ եկած է, ինչպէս կ՛ըսէ աշխարհի տարածքին Քարաւաճիոյի գլխաւոր մասնագէտը:

Կ՛ենթադրուի, թէ Քարաւաճիոյի գծած Մարիամ Մագդաղինացիի գեղանկարին բազմաթիւ ընդօրինակութիւնները գոյութիւն ունին: Սակայն Քարաւաճիոյի ականաւոր մասնագէտ Մինա Կրեկորի ինքնավստահօրէն կ՛ըսէ, թէ վճռականապէս հաստատած է իրականութիւնը եւրոպական սեփական հաւաքածոյի մը մէջ պահուած տարբերակի մը:

Տարիներ շարունակ իրական տարբերակը փնտռելէ ետք Կրեկորի բացագանչած է` «ի վերջոյ գտայ քեզ», երբ դէմ յանդիման եղած է Քարաւաճիոյի բնօրինակին: Եթէ ճիշդ է անոր հաստատումը, ապա յայտնաբերումը մեծ կարեւորութիւն կը ներկայացնէ արեւմտեան արուեստին համար:

Ֆլորանսի Արուեստի պատմութեան Ռոպերթօ Լոնկի հինադրամի նախագահ Կրեկորիի համաձայն, կասկածէ վեր է գեղանկարին մէջ Քարաւաճիոյի յատուկ կնիքը: «Մարմինը գծուած է տարբեր երանգներով, դէմքը կ՛արտացոլէ ապրումի մը սաստկութիւնը, պիրկ դաստակները, իրարու զօդուած մատները, գեղեցիկ մազերը… լոյսի եւ գոյնի հրաշալի փոխարկումները, այս բոլորը ցոյց կու տան, թէ գեղանկարը կը պատկանի Քարաւաճիոյի», կ՛ըսէ ան:

Կրեկորի կը հաստատէ, թէ վերջնական ապացոյցը գեղանկարին թիկունքին միացած ձեռագիր երկտող մըն է, որ զայն կը վերագրէ Քարաւաճիոյի եւ կը նշէ, թէ անիկա ապսպրուած է գեղանկարիչին գլխաւոր հովանաւորներէն` Հռոմի Սիփիոնէ Պորկեզէ կաթոլիկ կրօնաւորին կողմէ: Գեղանկարին սեփականատէր ընտանիքը, որ կապ հաստատած է Կրեկորիի հետ, կը յայտնէ, թէ զայն վաճառելու նպատակ չունի:

Հռոմի մէջ կարգ մը մասնագէտներու կողմէ իրական նկատուած «Քլայն Մակտալենա» գեղանկարին գոյութիւնը ինքնին մտածել կու տայ, թէ յաւելեալ տարակարծութիւնները բացառուած չեն: Կրեկորի կը փորձէ համոզել գեղանկարին սեփականատէրերը, որ զայն ցուցադրեն հանրութեան: «Նոյնիսկ Քարաւաճիոյի չափանիշներով գեղեցիկ եւ յեղաշրջող գեղանկար մըն է այս,- կ՛ըսէ ան:- Գերագոյն նպատակը պիտի ըլլայ առիթ տալ, որ ամէն ոք տեսնէ զայն: Սակայն միայն կրնամ ըսել, թէ անիկա կը գտնուի Եւրոպայի մէջ»:

Քարաւաճիօ փառաբանուած է լոյսի եւ շուքի հակադրութեան յեղաշրջող իր մօտեցումով, որ արուեստի մէջ ծանօթ է իբրեւ քիարոսքուրօ, եւ որուն վրայ հիմնուած է արուեստը պարոք ժամանակաշրջանի աւելի ուշ տիտաններու, ինչպէս` Ռամպրանթ եւ Վելասքեզ:

Կ՛ենթադրուի, թէ Քարաւաճիօ 1606-ին գծած է Մագդաղինացին, ոճիրի յանցանքով ամբաստանուելէ եւ Հռոմէն խոյս տալէ կարճ ժամանակ մը ետք: Ապա, երբ Հռոմ վերադարձի ճամբան բռնած է հայցելու համար պապին ներողամտութիւնը, իրեն հետ տարած է գեղանկարը, սակայն հիւանդացած է ճամբուն վրայ եւ բարձր ջերմէ տառապելով` մահացած է Թոսքանայի մէջ:

 

Նախորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Քարավաճիօ Մը` Դատական Ատեանի Մը Մէջ

Յաջորդը

Արուեստի Աշխարհէն. Գերազանցապէս Իրապաշտ Քանդակներ

RelatedPosts

Ընդհանուր Պատերազմներ
Մշակութային եւ Այլազան

Ընդհանուր Պատերազմներ

November 20, 2026
Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ
Մշակութային եւ Այլազան

Արհեստական Բանականութեան Առաւելութիւններն Ու Թերութիւնները Կրթութեան Մէջ

November 13, 2026
Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար
Մշակութային եւ Այլազան

Սուրիոյ Քիւրտերը Կը Պայքարին Դպրոցին Մէջ Իրենց Լեզուն Կենդանի Պահելու Համար

November 6, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.