Հայաստանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարար Սէյրան Օհանեան ընդունեց հայ արհեստավարժ բռնցքամարտիկ, աշխարհի ախոյեան Արթուր Աբրահամը:
Շնորհաւորելով Աբրահամը իր վերջին յաղթանակին առիթով` Սէյրան Օհանեան ընդգծեց, որ բարձր կը գնահատէ անոր` մարմնամարզի մէջ ունեցած ակնառու նուաճումները եւ նշանակալի ներդրումը:
Արթուր Աբրահամ իր կարգին շնորհակալութիւն յայտնեց նախարարին` շնորհաւորանքին եւ քաջալերանքին համար:


