Հոլանտայի ֆութպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 11-րդ հանգրուանի մրցումներուն Ալմեր Սիթի 3-2 արդիւնքով յաղթեց Հելմոնտին:
Հայաստանի ֆութպոլի ազգային հաւաքականի միջնապահ Նորայր Ասլանեան թէեւ իբրեւ պահեստի մարզիկ նկատի առնուած էր Ալմերի կողմէ, սակայն ան դաշտ ներկայացաւ 73-րդ վայրկեանին:
6 վայրկեան ետք, անոր մէկ սքանչելի փոխանցումէն ետք Ալմեր կերտեց իր յաղթանակը, մինչ արդիւնքը կ՛ընթանար 2-2 հաւասարութեամբ:
Նշենք, որ Ալմեր այժմ 12 կէտով կը գրաւէ 14-րդ դիրքը` 15 կէտով ետ մնալով պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Նայմիկընէն:


