Ինթեր Միլանի նախկին սեփականատէր Մասիմօ Մորաթթի առանց որեւէ պատճառ տալու յայտարարեց, որ կը հրաժարի Ինթեր Միլանի պատուոյ նախագահի պաշտօնէն:
69 տարեկան Մորաթթի, որ 19 տարիէ ի վեր խումբին հետ է, ճիշդ տարի մը առաջ ակումբին բաժնետոմսերուն 70 առ հարիւրը ծախեց ինտոնեզիացի առեւտրական Էրիք Թհոհիրի, որ իբրեւ նախագահ փոխարինեց Մորաթթին:
Նշենք, որ Մորաթթիի պաշտօնավարութեան ընթացքին Ինթեր Միլան յաջորդաբար հինգ անգամ (2006-2010) հանդիսացաւ Իտալիոյ ֆութպոլի ախոյեան, իր լուրը կ՛եզրափակէ «Ռոյթըրզ»:


