Նախանցեալ օր տեղի ունեցած «Չեմփիընզ լիկ»ի ֆութպոլի զտումի մրցաշարքին, Բ. հանգրուանի դարձի մրցումներուն իր արձանագրած յաղթանակին շնորհիւ, Հելսինքի (Ֆինլանտա) յաջողեցաւ նոր մրցանիշ մը հաստատել այս մրցաշարքի պատմութեան մէջ:
Երթին Պանկոր Սիթին (Կալես) 3-0 արդիւնքով պարտութեան մատնած Հելսինքի, դարձի մրցումին 10-0 արդիւնքով յաղթանակ մը արձանագրելով եւ 13-0 արդիւնքով յառաջանալով անոր վրայ` հաստատեց իր նոր մրցանիշը:
Նախկին մրցանիշը կը պատկանէր Այաքս Ամսթերտամի, որ 1979-1980 տարեշրջանին այդ տարիներուն «Եուրոփիըն Քափ» անունով ճանչցուած այս մրցաշարքին 10-0 արդիւնքով (երթուդարձ) պարտութեան մատնած էր Օմոնիա Նիկոսիան (Կիպրոս):


