Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ովսաննա Գալուստեան` 1914-Էն Առաջ «Էրգիրը» Ծնած Վերջին Մոհիկաններէն, Կը Մահանայ Ֆրանսայի Մէջ

October 21, 2014
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

OvsannaKalousdianՈվսաննա Գալուստեան, ծնեալ` Սրապեան, այս աշխարհին հրաժեշտ տուաւ 107 տարիներու պատկառելի բեռը ուսերուն: Ծնած էր Ատափազար, 28 նոյեմբեր 1907-ին, Սիրական եւ Զարուհի Սրապեաններու տոհմիկ երդիքին տակ: Հազիւ 7 տարեկան երեխայ էր, երբ Օսմանեան կայսրութեան ողջ հայութեան վիճակուած տեղահանութեան ու աքսորին դառնութիւնները ճաշակած էր: Ցեղասպան մանգաղէն հրաշքով վերապրած ընտանիքը 1919-ի սկիզբը Ատափազար (Նիկոմիդիոյ համբաւաւոր առաջնորդ Ստեփանոս արք. Յովակիմեանին կողմէ Աստուածարեալ քաղաք կոչուած` «Ատացիին» բացառիկ եկեղեցասիրութեան պատճառով) վերադարձեր էր, ուր նախապատերազմեան 18.000 հայութենէն հազիւ 3000 հոգի կենդանի էր մնացած եւ կը ջանար մեծ դժուարութեամբ վերստին հաւաքական կեանք ստեղծել: Սակայն երկու տարի ետք այդ մնացորդն ալ խոյս տալով քեմալականներէն` շունչը կ՛առնէր նախ Պոլիս, անկէ ալ` ցրուելու աշխարհով մէկ:

Սրապեան ընտանիքն ալ 1926-ին կայք կը հաստատէր Մարսէյի մէջ, ուր պարմանուհի Ովսաննա կանուխէն իր մասնակցութիւնը կը բերէր նորաստեղծ գաղութի հաւաքական կեանքին: Ան կ՛անդամակցէր Սրբոց Թարգմանչաց մայր եկեղեցւոյ կառուցուած օրերուն հիմնուած դպրաց-դաս երգչախումբին (Պալաքեան սրբազանով 1932-ին քաշուած պատմական լուսանկար մը կը յուշէ այդ երգչախումբը, ուր ատափազարցիները մեծամասնութիւն էին): Յետոյ ամուսնանալով Զարեհ Գալուստեանին հետ` մայր կը դառնար երեք զաւակներու:

Ան մինչեւ 100 տարեկան ամէն ապրիլ 24-ին տողանցող ցուցարարներու առաջին շարքին էր` ցոյց չտալով որեւէ յոգնութեան նշան. ինքն էր, որ իր ձեռքով ապրիլ 23-ին «Ազգային յուշարձանին» բոցը կը վառէր: Քանի մը տարի առաջ հարիւրամեայ` մինչեւ Փարիզ եկած էր Շան զ՛Էլիզէի վրայ ալ տողանցելու: Ովսաննա մայրիկը ատափազարցիի յատուկ ջերմեռանդութեամբ գրեթէ ամէն կիրակի ներկայ էր եկեղեցին պատարագին:

Իր մահով 1914-էն առաջ «Էրգիրը» ծնած վերջին մոհիկանն էր, որ կ՛անհետանայ ֆրանսահայ գաղութին մէջ:

 

Նախորդը

Ամասիոյ Վերջին Հայը

Յաջորդը

Լոյս Տեսած Է «Հայոց Ցեղասպանութեան Լուսաբանումը Համաշխարհային Մամուլի Առաջին Էջերին» Գիրքը

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.