Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անդրադարձ. Ժողովական Զինուորականներ Եւ Մարտիրոս Կիներ

October 16, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՎԱՀՐԱՄ ԷՄՄԻԵԱՆ

1014_vahoՏԱՀԵՇ-ի դէմ պայքարի միջազգային դաշինքի անդամ 22 երկիրներու բանակներէն հրամանատարներ 14 հոկտեմբերին Ուաշինկթընի մէջ գումարեցին ժողով մը` այդ պայքարի ռազմավարութիւն մը ճշդելու համար: Մինչ դաշնակից ուժերը կը թուին, թէ 11 սեպտեմբերէն ի վեր տակաւին նոր ռազմավարութիւն մը կը ճշդեն, Արաբունարի քիւրտերը, հակառակ ծանր եւ մինչեւ իսկ յուսահատական պայմաններուն, քաջաբար կը շարունակեն շուրջ երեք շաբաթ առաջ սկսած ինքնապաշտպանական մարտերը: Անոնց համար անձնատուութիւնը ընտրանք մը չէ. անոնք կը նախընտրեն զէն ի ձեռին առիւծաբար նահատակուիլ, քան անձնատուր ըլլալով ոչխարի պէս մորթուիլ: ՏԱՀԵՇ-ի արիւնարբու զինեալները  այսքան վնասներ կրելէ եւ ետ մղուելէ ետք, եթէ յաջողին գրաւել քաղաքը, այդտեղ, մեծ հաւանականութեամբ, միայն քիւրտերու անշնչացած մարմինները պիտի գտնեն, որովհետեւ իւրաքանչիւր քիւրտ իր վերջին փամփուշտը իր անձին վերապահած է: Այդ պարագային անոնք իրենց զայրոյթը որո՞ւ վրայ պիտի թափեն:

Մինչ զինուորականներ փոխան զինուորական գործողութեանց ժողովներ կը գումարեն, անդին այր մարդոց կողքին կիներ կը մարտիրոսանան` այդպիսով վարկաբեկելով աստղերով ու շքանշաններով զարդարուած համազգեստներ կրող այդ ժողովական այր մարդիկը:

Ուաշինկթըն 23 սեպտեմբերին Սուրիոյ մէջ ՏԱՀԵՇ-ի դէմ հարուածներու սկիզբը յայտարարեց, եւ այդ օրուընէ ի վեր անոր ղեկավարած դաշնակից ուժերու ռմբաձիգները կը հարուածեն հաւատադրժողական խմբաւորումը, որ սակայն կը շարունակէ յառաջանալ: Կիրակի, 12 հոկտեմբերին հարցերը սկսան աւելի յստակ դառնալ, երբ յայտնի դարձաւ, որ ՏԱՀԵՇ մեծաթիւ յաւելեալ ուժեր ուղարկած է Արաբունար` «յամառ» քիւրտերուն դիմադրութիւնը ընկճելու համար: Այդպիսի զինուորական շարժում մը չէր կրնար վրիպիլ Սուրիոյ տարածքին վերեւ թռիչքներ կատարող ռմբաձիգներէն կամ այդ տարածքին հսկող արբանեակներէն: Անապատային շրջանի մէջ Ռաքքայէն եւ Տէր Զօրէն դէպի Արաբունար շարժող այդ շարասիւնները դիւրին պատառ մըն էին դաշնակից ուժերու արդիական օդանաւերուն համար, սակայն սկուտեղի վրայ հրամցուած այդ ոսկի առիթը անտեսուեցաւ: Ըստ երեւոյթին, դաշնակից ուժերուն ռազմավարութիւնը ՏԱՀԵՇ-ը միայն տկարացնելն է եւ ոչ թէ արմատախիլ ընելը, իսկ քիւրտերու զոհաբերումը` այդ մէկը իրականացնելու «ամէնէն աժան» միջոցը: Ըստ երեւոյթին, ռմբաձիգներու վառելանիւթն ու ռումբերը աւելի սուղ ու յարգի են, քան քիւրտերուն կեանքերը:

Այս բոլորին մէջ ամէնէն հեգնականը Ուաշինկթընի մէջ վերոնշեալ ժողովին ՏԱՀԵՇ-ի դաշնակից Թուրքիոյ մասնակցութիւնն է: Թուրքիոյ նախընտրութիւնը առաւել ակներեւ դարձաւ, երբ Արաբունարի սահմանին վրայ ձեւականօրէն ձեռնածալ ու դիտողի կարգավիճակով նստած, սակայն իրողապէս քաղաքի ամբողջական պաշարումին մասնակից թրքական բանակին օդուժը 14 հոկտեմբերին ռմբակոծեց Կորճայքի նահանգին մէջ գտնուող ՔԱԿ-ի պատկանող դիրքերը` այդպիսով վերջին գամը գամելով ՔԱԿ-ի հետ հաշտեցման հոլովոյթի դագաղին: Եթէ թրքական կողմին համար առաջնահերթ թիրախը յստակ է եւ, ատոր հիմամբ` Արաբունարի ողջակիզումին նկատմամբ անոր կեցուածքը` հասկնալի, գիշեր ու ցերեկ մարդկային իրաւունքներ ջատագովող Արեւմուտքին ու միջազգային ընտանիքին Արաբունարի հերոսական բնակչութեան սպասող  ճակատագիրին նկատմամբ կրաւորականութիւնն ու լաւագոյն պարագային հիւծումի ճակատամարտը երկարաձգելու միտող զինուորական քայլերը բարոյական գետնի վրայ անարդարանալի եւ խիստ դատապարտելի են:

 

 

 

Նախորդը

100-Ամեակի Մարմինին Նախաձեռնութեամբ` Տէր Զօրի Ալպոմ-Գրքոյկը Բաժնուեցաւ Բոլոր Դեսպանատուներուն

Յաջորդը

Կլոր Սեղան` Գրատարածումի Եւ Ընթերցասիրութեան Դերին Ու Անհրաժեշտութեան Նիւթով

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.