Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ակնարկ. Սահմանադրական Բարեփոխումները Նախադուռ «Թէ Թէ»-ի Իրականացման

October 15, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

8517_bՀայաստանի Հանրապետութեան` Եւրասիական տնտեսական միութեան (ԵՏՄ) անդամակցութեան գործընթացի իրաւական սկիզբը, գրաւած է եղելոյթին հետեւողներուն ուշադրութեան կեդրոնը  եւ ողողած  հայկական լրատուադաշտը տարաբնոյթ մեկնաբանութիւններով:

Անկախ այն իրողութենէն, որ այս հարցին մէջ երեւանեան  ընտրանքի հնարաւորութիւնները սահմանափակուած էին, խնդիրը պէտք է փորձել դիտարկել նախ անշուշտ «կարելիի արուեստը» տեսութեան սահմաններուն մէջ, ապա անկէ բխելիք իրավիճակի ընդհանուր գնահատականը փորձել կատարել:

Այսպէս. տակաւին պարզ չէ, որ այլ ԵՏՄ-ի անդամ երկրի հետ հասարակաց սահման չունեցող Հայաստանի Հանրապետութիւնը ի՞նչ տեսակի խնդիրներ կրնայ ունենալ ոչ ԵՏՄ-ական դրացիներու եւ ցամաքային ճամբով` անոնց միջոցով միւս ԵՏՄ-ական երկիրներու հետ առեւտուր զարգացնելու ընթացքին: Այստեղ  ուղղութիւնները ունին որոշ տարբերութիւն: Մինչ Վրաստանի վրայով Հայաստանի Հանրապետութիւնը կը կապուի ԵՏՄ-ական Ռուսիոյ, Իրանի պարագային հանգրուանային այդ հանգամանքը գոյութիւն չունի: Առեւտրային յարաբերութիւնը պէտք է քննել ԵՏՄ-Իրան գիծին վրայ եւ փորձել իմանալ, թէ այնտեղ ի՞նչ տեսակի խոչընդոտներ կրնան յայտնուիլ:

Կայ հնչող տրամաբանական տեսակէտ, որ ԵՏՄ-ի առիւծի դիրքը գրաւած Ռուսիոյ հետ Հայաստանի Հանրապետութիւնը ունի ազատ առեւտուրի գօտի ստեղծելու պայմանագրութիւն եւ Հայաստանի Հանրապետութեան անդամակցութիւնը ԵՏՄ-ին ի՞նչ կ՛աւելցնէ գործնապէս: Գէթ Հայաստանի Հանրապետութիւն – Ռուսիոյ դաշնութիւն առեւտրային յարաբերութիւններուն վրայ:

Այս բոլորը հարցադրումներ են, որոնք կը յստականան ժամանակի ընթացքին: Յիշենք նաեւ բացարձակ հաստատումը այն մասին, որ ԵՏՄ-ն մեռած կառոյց է չծնած արդէն եւ պարզապէս քաղաքական առանցք ունի, իբրեւ Ռուսիոյ դաշնութեան ազդեցութեան գօտիի ընդարձակման հիմնական մեքանիզմ:

Հիմա փորձենք մտածումներ զարգացնել այլ ուղղութեամբ: «Թէ թէ»-ի կամ «եւ եւ»-ի տեսութիւնը կը թուի, որ չէ աշխատած: Երեւանը մինչեւ վիլնիւսեան բանակցութիւններ անվերջ կը շեշտէր, որ երկու ուղղութիւններով ընթանալու իր քաղաքականութիւնը «կամ կամ»-ի մօտեցումին կը հակադրուի եւ որոշ առումով կը տեղադրուի փոխլրացման կամ բազմակողմ հաւասարակշիռ դիւանագիտութեան իրականացման քաղաքականութեան պարունակին մէջ: Վիլնիւսը իբրեւ կարեւոր դարձակէտ շրջեց այդ տեսութիւնը:

Վիլնիւսի շրջադարձը կամ բեկումնային պահը սակայն եւրոպական շրջանակներուն կողմէ մեկնաբանուեցաւ տարաբնոյթ ձեւով: Արեւելեան գործընկերութեան ներգրաւուած քաղաքական գործիչները համեմատաբար կարծր դիրքորոշում ունէին Երեւանի առած քայլին նկատմամբ. կը համարէին, որ Երեւանը վերջնականապէս կատարած է իր ընտրանքը, ինչ որ կ՛ենթադրէր, որ Եւրոպական Միութեան դռները փակուած են Երեւանի առջեւ: Ուրիշներ, յատկապէս Արեւմտեան Եւրոպայի պետական գործիչներ կը խօսէին այլ ձեւաչափերով Հայաստանի Հանրապետութեան հետ ընկերակցութեան նոր փաստաթուղթի մշակման հնարաւորութեան մասին: Նոր փաստաթուղթը պիտի կրէր ոչ տնտեսական բնոյթ եւ արծարծէր մարդկային իրաւանց, ժողովրդավարութեան եւ եւրոպական արժէհամակարգին հետ կապուած սկզբունքներ:

Այստեղ է, որ նիւթի ոստում կարելի է կատարել` նկատելու համար, որ Երեւանը ճիգ կը կատարէ «թէ թէ»-ի տեսութիւնը իրականացնելու: Եւրոպական արժէհամակարգի սկզբունքներու որդեգրումը  օրէնքներու ամրակայումով կ՛ըլլայ: Ամրագրուած օրէնքներու ամբողջութիւնը երկրի սահմանադրութիւնն է: Գուցէ աւելորդ չ՛ըլլար մտածելը, որ սահմանադրութեան բարեփոխումը կը բխի նաեւ ա՛յս շարժառիթէն:

Կայ մեկնաբանութիւն, որ իշխանութիւններու ձեռնարկած սահմանադրական բարեփոխումները ոչ թէ համակարգային փոփոխութեան կ՛առաջնորդեն, այլ նոյն համակարգին մէջ գործող հիմնական անձերու վերարտադրման կը միտին: Առանց մտնելու այս բանավէճին մէջ, պարզապէս կարելի չէ զանց առնել նաեւ «թէ թէ»-ի տեսութեան իրականացման քաղաքականութեան մէջ սահմանադրութեան բարեփոխում կատարելու որոշումը, մանաւանդ որ նման հարցերով զբաղող Վենետիկի յանձնաժողովը` իբրեւ եւրոպական կառոյց, բարեփոխման գաղափարին տուած է դրական գնահատական:

Նախագահականէն խորհրդարանական անցում կատարելու համակարգի փոփոխութիւնը միայն նախագահի լիազօրութիւններու սահմանափակում եւ պետական տարբեր կառոյցներու իրար հակակշռելու մեքենականութիւններու եւ օրէնքներու որդեգրում չէ: Երբ հրապարակուին իշխանութիւններուն կողմէ առաջադրուած սահմանադրական բարեփոխումներու յօդուածները, աւելի յստակ կը դառնայ, որ երկրորդ «թէ»-ի կիրարկման օգտի՞ն է առնուած այս քայլը եւ թէ յետ սահմանադրական բարեփոխման, Հայաստանի Հանրապետութեան առիթ կը տրուի՞ ստորագրելու Եւրոպական Միութեան հետ ընկերակցութեան յատուկ ձեւաչափով պատրաստուած փաստաթուղթը: Այս մէկը որոշ չափով կախեալ է ԵՏՄ-ն ղեկավարող բեւեռէն:

Եւ ի հարկէ հայկական կողմի հաստատակամութենէն` հետեւողական ըլլալու հաւասարակշռող քաղաքականութեան հետապնդման իր նախնական նպատակին մէջ:

«Ա.»

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Հաստատեց Մարդկային Իրաւունքներու Եւրոպական Դատարանի Մէջ Հայաստանի Դատաւորի Թեկնածուներու Ցանկը

Յաջորդը

Ճատրակ. Գաբրիէլ Սարգսեան Գրաւեց 8-րդ Դիրքը

RelatedPosts

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը
Գաղութային

Լիբանանահայութիւնը Արժանի Տօնակատարութեամբ Նշեց ՀՅԴ-ի 136-Ամեակը

November 28, 2026
9 Նորագիրներ Միացան ՀՅ Դաշնակցութեան Շարքերուն
Գաղութային

47 Նորագիրներ Միացան Դաշնակցութեան Շարքերուն` Կոչուելով «Արարատ»-ի Սերունդ

November 28, 2026
Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր  Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը  Լիպիա Տեղափոխելու»
Գլխաւոր լուրեր

Սիպիհա. «Ուքրանիան Չի Պատրաստուիր Ռուսիոյ Սկսած Պատերազմը Լիպիա Տեղափոխելու»

November 28, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։