Հակառակ երկրին մէջ տիրող ապահովական ահաւոր պայմաններուն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա երէկ Պեքաայի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Հըզպալլայի պատասխանատուներուն հետ:
Հանդիպումին ընթացքին սէյիտ Նասրալլա շեշտեց, որ իրենց որոշումը յստակ է` պայքարիլ հաւատադրժողական շարժումներուն դէմ, որքան ալ մեծ ըլլան բախումները եւ զօրանան ճնշումները:
Սէյիտ Նասրալլա հաստատեց նաեւ, որ Դիմադրութիւնը կազմ ու պատրաստ է որեւէ ատեն իսրայէլեան յարձակումի դիմադրելու` աւելցնելով, որ յաղթանակը պիտի ըլլայ Հըզպալլայի մարտիկներուն ընկերակիցը` ահաբեկչական եւ հաւատադրժողական խմբաւորումներուն դէմ անոնց պայքարին ընթացքին, ինչպէս որ էր թշնամի Իսրայէլին դէմ պայքարին ընթացքին:
«Հաւատադրժողական թշնամիին դիմաց անձնատուր ըլլալու ոչ մէկ տրամադրութիւն ունինք», եզրափակեց սէյիտ Նասրալլա:


