Թուրքիոյ խորհրդարանին կողմէ հաստատուած օրինագիծը, որ կը թոյլատրէ թրքական բանակին Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ռազմական գործողութիւններ իրականացնել, բացասական հետեւանքներ կրնայ ունենալ Սուրիոյ հայ համայնքին համար: Հոկտեմբեր 6-ին Երեւանի մէջ լրագրողներու հետ հանդիպման ընթացքին այս կարծիքը յայտնեց թրքագէտ Գէորգ Պետրոսեանը: «Սուրիական հակամարտութեան ամենասկզբից Թուրքիան իր քայլերով ցոյց է տուել, որ իր թիրախում է պահում նաեւ Սուրիայի հայ համայնքը եւ փորձում է թուլացնել այն: Տրամաբանութիւնը շատ պարզ է. Թուրքիային պէտք չէ հարեւան երկրում ունենալ ուժեղ հայկական համայնք, որը հակաթրքական տրամադրութիւններ ունի», ըսաւ թրքագէտը:
Իր կարգին, արաբագէտ Հայկ Քոչարեանը նշեց, որ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ ստեղծուած ծանր իրավիճակին պատճառով հայկական համայնքը էականօրէն տկարացած է, քանի որ շատերը ուղղակի հեռացած են երկրէն: «Այն հայերը, որոնք դեռեւս շարունակում են ապրել, այսպէս կոչուած, Իսլամական խալիֆայութեան տարածքներում, ապրում են նրանց օրէնքներով, այսինքն վճարում են գլխահարկ եւ շարունակում են դաւանել քրիստոնէութիւն», ընդգծեց արաբագէտը:
