Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Այնճարի Մէջ. Գնահատանքի Հանդիսութիւն Վեր. Րաֆֆի Եւ Գայեանէ Մսըրլեաններուն` Իրենց 20-Ամեայ Ծառայութեան Առիթով

October 13, 2014
| Գաղութային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1012_dadveli1Կազմակերպութեամբ Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միացեալ ժողովին եւ տիկնանց միութեան, կիրակի, 12 հոկտեմբեր 2014-ի յետմիջօրէի ժամը  5:00-ին, Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ վեր. Րաֆֆի Եւ Գայեանէ Մսըրլեաններու  20-ամեայ ծառայութեան առիթով կազմակերպուած գնահատանքի հանդիսութիւնը:

Ձեռնարկին բացման խօսքը արտասանեց պատուելի Յակոբ Ագպաշարեան, որ բարի գալուստի խօսքէն ետք հրաւիրեց օրուան հաղորդավար Նաթալի Քենտիրճեանը, որ ներկայացուց վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեաններու կեանքն ու ծառայութեան տարիները` լուսանկարներու ընկերակցութեամբ:

Այնուհետեւ Սոնա Գուճանեան գնահատանքի իր սրտի խօսքը ուղղեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեաններուն` անոնց մաղթելով առողջութիւն եւ յարատեւութիւն իրենց ծառայութեան մէջ:

1012_badveli7Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ միացեալ ժողովի ներկայացուցիչ Վազգէն Թիւմպերեան յատուկ յուշամետալով մը պատուեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեանները:

Այնուհետեւ Այնճարի Հայ աւետարանական երկրորդական վարժարանի երգչախումբը` ղեկավարութեամբ Նեկտար Փալազեանի, ներկայացուց փունջ մը երգեր:

Երգչախումբի ելոյթին յաջորդեց Այնճարի քաղաքապետ Կարօ Փամպուքեանի խօսքը: Ան բարձր գնահատեց վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեաններու ծառայութեան տարիները Այնճարի մէջ` ըսելով, որ վերապատուելիին ծառայութեան տարիներուն ընթացքին այնճարցիք  յաջողութեամբ դիմագրաւեցին բազմաթիւ մարտահրաւէրներ: Ան յաջողութիւն մաղթեց Մսըրլեաններուն` դիմագրաւելու իրենց նոր մարտահրաւէրները իրենց ծառայութեան նոր շրջաններուն մէջ:

ՀՅԴ «Կարմիր լեռ» կոմիտէութեան անունով տոքթ.  Խաժակ Այնթապեան Մուսա լերան յուշարձանը խորհրդանշող մետալով մը պատուեց վեր. Րաֆֆի Մսըրլեանը:

վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան
Վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան

Մերձաւոր Արեւելքի Հայ աւետարանական եկեղեցիներու միութեան նախագահ վեր. Մկրտիչ Գարակէօզեան ըսաւ. «Հովուական ծառայութեան կորիզը այն է, թէ հովիւը Աստուծոյ ծառան է եւ այդ կ՛ենթադրէ, որ ան իր ծառայութեան հաշիւը պիտի տայ Աստուծոյ: Առ այդ` այս հանգրուանի ծառայութեան պարագային եւս, մենք նոյն ձեւով կ՛ուզենք նայիլ»:

Ան ըսաւ, որ ծառայութեան գնահատում կատարելու համար մենք պէտք է նկատի ունենանք  հաւատարմութիւնը, անկեղծութիւնը եւ ջանքը:

Վեր. Րաֆֆի եւ Գայեանէ Մսըրլեաններ առիթը ունեցան ներկաներուն հետ բաժնեկցելու իրենց սրտին խօսքը: Անոնք  շնորհակալութիւն յայտնեցին Աստուծոյ, առիթը ընծայելու իրենց ծառայելու Այնճարի Հայ աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ, որ իրենց համար նաեւ նման է հարազատ ընտանիքի մը, ուր անոնք առիթը ունեցան սորվեցնելու եւ սորվելու, բաժնեկցելու եւ ծառայելու:

Ձեռնարկի պաշտօնական բաժինը աւարտեցաւ վեր. Գարակէօզեանի օրհնութեան աղօթքով:

Ձեռնարկի աւարտին ներկաները հրաւիրուեցան «Հետուիկ» սրահ, ուր տեղի ունեցաւ կարկանդակի հատում եւ հիւրասիրութիւն:

Նախորդը

«Սեպուհ Շահպազեան Կրթական Ֆոնտ»-ի Մրցանակաբաշխութիւն` Ազգային Առաջնորդարանին Մէջ

Յաջորդը

Քաթալոնիոյ Իշխանութիւնները Հանրաքուէի Պահանջով Փաստաթուղթերու Չորս Տուփ Պիտի Ուղարկեն Մատրիտ

RelatedPosts

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ.  «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի  Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Կեդրոնական Կոմիտէ. «Լիբանան Պիտի Մնայ Մայրիի Եւ Դիմացկունութեան Հայրենիքը»

November 24, 2026
Բագրատունի. «Անկախութիւնը  Հաւատք Է Ու Կամք»
Գաղութային

Բագրատունի. «Անկախութիւնը Հաւատք Է Ու Կամք»

November 24, 2026
ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը  Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի  Անկախութեան Տօնին Առիթով
Գաղութային

ՀՅԴ Լիբանանի Հայ Դատի Մարմինը Կը Շնորհաւորէ Լիբանանի Անկախութեան Տօնին Առիթով

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.