Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արաբունար`. Այն Արապ – Քոպանի – Այն Իսլամ

October 11, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԷՈՐԳ ՅԱԿՈԲՃԵԱՆ

KH_KobaneՀամաշխարհային ուշադրութիւնը վերջերս կեդրոնացած է երբեմնի հայաշատ Արաբունարին վրայ` վերջինիս դիմագրաւած ՏԱՀԵՇ-եան հաւանական գրաւումին պատճառով: Սուրիոյ հիւսիսը, Թուրքիոյ սահմանին վրայ գտնուող այս քաղաքը, 2004-ի մարդահամարին համաձայն, ունէր մեծամասնութիւնը քիւրտերէ բաղկացած աւելի քան 44,000 բնակիչներ:  Մէկ կողմ ձգած Արաբունարի այսօրուան աշխարհաքաղաքական ռազմավարական նշանակութիւնն ու այս առթիւ կատարուած վերլուծութիւնները` կ՛արժէ անդրադառնալ Արաբունարի այսօրուան երեք անուանումներուն ու անոնց պատմականին: Հետաքրքրական է, որ նո՛յն քաղաքին համար պետութիւններ, լրատուամիջոցներ ու կազմակերպութիւններ կ’օգտագործեն տարբեր երեք անուններ` Այն Արապ, Քոպանի եւ Այն Իսլամ: Սուրիական տագնապին առնչուած իւրաքանչիւր կողմ իր քաղաքական մեկնակէտէն ու աշխարհահայեացքէն մեկնած` երեք անուններէն մէկը կ’օգտագործէ:

Սուրիական պետութեան միասնութեան ջատագովները կամ վարչակարգին զօրակցող կողմերը իրենց յայտարարութիւններուն մէջ կ’օգտագործեն Այն Արապ (արաբներուն աղբիւրը) անուանումը, որ մինչ օրս Սուրիոյ վարչական տարածքային բաժանումներուն մէջ յիշուած պետական-պաշտօնական անունն է: Պատմականօրէն, կ’ըսուի, թէ այդ տարածքին մէջ գտնուած է աղբիւր մը, որմէ արաբ հովիւները իրենց ոչխարներուն ջուր կը մատակարարէին եւ այս պատճառով քիւրտերը զայն կոչած են «Արաբներուն աղբիւր»-ը` Այն Արապ: Սակայն, Արաբունարի տարածքը 1974 թուականին պետականօրէն կոչուած է Այն Արապ անունով, այդ օրերուն սուրիական վարչակարգին որդեգրած «Արաբական գօտի» ծրագիրի գործադրման շրջանակներուն մէջ:  «Արաբական գօտի» ծրագիրով այդ օրերու սուրիական կառավարութիւնը Սուրիոյ Ճեզիրէ շրջանին մէջ բնակչութեան, հողատարածքներու բաշխման եւ ժողովրդագրական «վերադասաւորում» կատարեց: Մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած այդ շրջաններու մէջ կառավարութիւնը սուրիական անապատէն բերուած արաբ աշիրաթներ վերաբնակեցուց, տեղանուններու վերանուանումներ կատարեց, քրտական անունները արաբերէնով փոխարինեց:

Միւս կողմէ` սուրիական վարչակարգին ընդդիմադիր ուժերը, քիւրտերը եւ ընդհանրապէս նոր Միջին Արեւելք մը սահմանագծելու ձեռնարկողները իրենց յայտարարութիւններուն մէջ Քոպանի անունը կ՛օգտագործեն, որուն պատմական նշանակութիւնը կարելի չէ հաստատել բազմաթիւ բացատրութիւններու եւ վերլուծութիւններու գոյութեան պատճառով: Այնուամենայնիւ, «Քոպանի» անունին ամէնէն շատ տարածուած բացատրութիւնը կու գայ ըսելու, թէ 20-րդ դարու սկիզբը Պոլիսը Պաղտատին կապող շոգեկառքի գիծը շինող գերմանական ընկերութիւնը կայարան ու գրասենեակ բացած է այս տարածքին վրայ  եւ այդ ընկերութեան անունով կամ անգլերէն company` «ընկերութիւն» անունով քիւրտերը այս շրջանը կոչած են Քոպանի: Ամէն պարագայի, պատմականօրէն ու մինչ այսօր մեծամասնութեամբ քիւրտերով բնակուած այս շրջանը քիւրտերուն երազած Քիւրտիստանին մէկ բաժինն է  եւ Քոպանի անուանումէն բացի` ամէն անուանափոխում քիւրտերուն համար  քրտական ինքնութեան եւ պատմամշակութային արժէքներու արհամարհանք ու ոտնակոխում է:

Գալով ՏԱՀԵՇ-ին, անոնք եւ կամ անոնց ջատագովները ընկերային հաղորդակցութեան ցանցերուն մէջ կը յայտարարեն, թէ Արաբունարը գրաւելու եւ այսպէս կոչուած «Իսլամական պետութեան» սահմաններուն մէջ ներառելու պարագաներուն, շրջանը պիտի վերանուանեն Այն Իսլամ (իսլամութեան աղբիւրը) անունով:

Անուանումներու այս խառնիճաղանճին մէջ, դժբախտաբար, հայկական մամուլը չ’օգտագործեր այս տարածքին հայկական անունը` ԱՐԱԲՈՒՆԱՐ-ը, որ ժամանակին Հայոց ցեղասպանութենէն փրկուածներուն հաւաքավայրերէն մէկն էր: Արաբունարը հայոց փրկութեան նպաստող կեդրոններէն մէկն է, որուն մէջ տարիներ շարունակ հայկական եկեղեցիներ, միութիւններ եւ վարժարաններ գործեցին: Հայկական մամուլին մէջ Քոպանիի, Այն Արապի եւ կամ այլ անուանումներու փոխարէն` Արաբունար անուան օգտագործումը, իր ունեցած ազգային պատմական արժէքին կողքին, մեզ կ՛ազատէ այս կամ այն կողմին զօրավիգ ըլլալու ամբաստանութիւններուն ստեղծելիք նեղ կացութիւններէն:

 

 

Նախորդը

Առանձին Մնացած Մանուկներու Գիւղը

Յաջորդը

Նշմար. Ո՞ւր Են … Հոս Ենք…

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.