
«Պունտըսլիկա»-ի կազմերէն Շալքէ, Ենս Քելըրը պաշտօնանկ ընելէ ետք, ակումբին նոր մարզիչ նշանակեց իտալացի Ռոպերթօ Տի Մաթէոն:
7 մրցումէ 8 կէտ ապահոված եւ 11-րդ դիրքին վրայ գտնուող Շալքէ որոշեց այս տարեշրջանը չշարունակել Քելըրի հետ եւ այդ պաշտօնը վստահիլ Չելսիի նախկին մարզիչ Տի Մաթէոյի:
Իբրեւ մարզիչ իր նշանակումէն ետք, Մաթէօ, որ մինչեւ 2017 պայմանագրութիւն մը ստորագրեց գերմանական ակումբին հետ, կատարեց հետեւեալ յայտարարութիւնը. «Չեմփիընզ-լիկ»ի տոմս մը ապահովելը պիտի ըլլայ իմ առաջնահերթ նպատակս: Թէեւ շատ գործեր կան ընելիք, սակայն պիտի աշխատիմ առաւելագոյնս տալ եւ լաւ արդիւնք ձեռք ձգել խումբին հետ»:


